Ուր­բաթ՝ 3 ­Յու­լի­սի թի­ւով, անդ­րա­դար­ձած էինք ­Յու­նաս­տա­նի խոհր­դա­րա­նի ­Պաշտ­պա­նու­թեան եւ Ար­տա­քին հար­ցե­րու մնա­յուն ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րի վա­ւե­րաց­ման։
­Յու­նա­կան մա­մու­լը լայն տեղ տրա­մադ­րեց ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տի ար­դիւնք­նե­րուն եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց ­Հա­յաս­տա­նի սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ։
Ս­տո­րեւ, կը ներ­կա­յաց­նենք նիս­տի ըն­թաց­քին մաս­նակ­ցած խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րու ար­տա­սա­նո­ւած խօս­քե­րէն բա­ժին­ներ։
­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Միլ­թիա­տիս ­Վար­վի­ցիո­թիս շեշ­տեց.- «­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ու­շա­ցուց, ան­պատ­ճա­ռա­բա­նե­լիօ­րէն ու­շա­ցուց հա­մայ­ձա­նա­գի­րի վա­ւե­րա­ցու­մը։ ­Յու­նաս­տան նման հա­մա­ձայ­նա­գի­րե­րու վա­ւե­րաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ պէտք է ա­ռա­ջին­նե­րէն ե­ղած ըլ­լար, յատ­կա­պէս երբ ա­նոնք կապ ու­նին ­Հա­յաս­տա­նի նման եր­կի­րի մը հետ, ո­րուն հետ կը պա­հենք ա­ւան­դա­կան բա­րե­կա­մա­կան կա­պեր, նոյ­նիսկ ե­թէ երկ­կող­մա­նի ա­ռեւտ­րա­կան կա­պե­րը տա­կա­ւին ցած մա­կար­դա­կի վրայ կը գտնո­ւին»։ «­Նէա ­Տի­մոք­րա­թիա» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­թա­նա­սիոս ­Քա­վա­տաս նշեց .- «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հետ ներ­կայ հա­մա­ձայ­նա­գի­րի վա­ւե­րա­ցու­մը շատ մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ­Յու­նաս­տա­նի հա­մար։ ­Մեր եր­կի­րը մշտա­պէս զօ­րա­կից ե­ղած է Ե.Մ.-­Հա­յաս­տան կա­պե­րու ապ­րապնդ­ման, նկա­տի առ­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռաջ­նա­կարգ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։ ­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րի նպա­տակն է զօ­րաց­նել տնտե­սա­կան, ա­ռեւտ­րա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ո­լորտ­նե­րուն մէջ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը»։
«­Սի­րի­զա» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Նա­սոս Ա­թա­նա­սիու մատ­նան­շեց, որ ներ­կայ հա­մա­ձայ­նա­գի­րով ­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս կը ստա­նայ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Աշ­խար­հագ­րա­կան ա­ռու­մով կ­՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ ար­տա­ծո­ւած ապ­րանք­նե­րը, կը պաշտ­պա­նէ աշ­խար­հագրա­կան տո­ւեալ­նե­րը։ Այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար շատ կա­րե­ւոր կը հա­մա­րո­ւի։ «­Յու­նաս­տան միշտ նե­ցուկ կը կանգ­նի Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդման», շեշ­տեց «­Քի­նի­մա Ա­լա­յիս» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Եոր­ղոս Ֆ­րա­կի­տիս։ Ան յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թեան եւ նշեց, թէ այն ճա­նա­ցում ստա­ցած Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նին կող­մէ։ ­Յու­նաս­տա­նի հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Տիա­ման­տօ ­Մա­նո­լա­քու քննա­դա­տեց Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը մի­ջա­մուխ ըլ­լա­լու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան ո­լորտ­նե­րուն մէջ, ա­նի­կա տես­նե­լով որ­պէս ­Ռու­սիոյ հետ առ­ճա­կա­տու­մի մը հե­տե­ւանք, ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րու սահ­ման­ման հա­մար։ «­Մենք ո­րե­ւէ հարց չու­նինք ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին հետ, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ մենք եր­կու հնա­դա­րեայ ժո­ղո­վուրդ­ներ ենք», նշեց ­Մա­նո­լա­քու։
­Վեր­ջա­պէս, «Է­լի­նի­քի ­Լի­սի» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­տո­նիս ­Մի­լո­նա­քիս եւ «­ՄէՐԱ25» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Սո­ֆիա ­Սա­քո­րա­ֆա շեշ­տե­ցին, թէ ներ­կայ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը մեծ փո­փո­խու­թիւն­ներ պի­տի յա­ռա­ջաց­նէ ­Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան մէջ, ­Հա­յաս­տա­նը ա­ւե­լի մօտ բե­րե­լով եւ­րո­պա­կան չա­փա­նի­շե­րուն։ Այն եր­կիր մըն է, որ ու­նի հսկայ ներդ­րու­մա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ­Կով­կա­սի տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ։
«­Յու­նաս­տա­նի մէջ մենք ու­նինք շատ զօ­րա­ւոր եւ գոր­ծուն հայ­կա­կան հա­մայնք մը, որ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի իր շրջա­պա­տին մէջ։ Այ­սու­հան­դերձ, մեր ա­ռեւտ­րա­կան կա­պե­րը ­Հա­յաս­տա­նի հետ ա­նըն­դու­նե­լի կեր­պով ցած մա­կար­դա­կի վրայ կը գտնուին», նշե­ցին ա­նոնք։