Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մօնթէվիտէոյէն եւ Փիրեափոլիս Ամարանոցէն ետք, Հարաւային Ամերիկայի ամենայայտնի ամարանոց-քաղաքին՝ Փունթա Տէլ Էսթէի մէջ, 7 Յունուար 2018ին, պաշտօնական արարողութեամբ մը բացումը կատարուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անուանակոչուած հրապարակին։ Այս մասին կը հաղորդէ Կարօ Հէքիմեան։
Մասնակցեցան զբօսաշրջիկութեան հայազգի նախարար Լիլիան Քէշիշեան, Մալտօնատոյի նահանգապետ Էնրիքէ Անթիա, Փունթա Տէլ Էսթէի քաղաքապետ Անտրէս Խաֆիֆ, Հ.Հ. դեսպան Տիկ. Էսթէր Մկրտումեան, Ուրուկուէյի հայոց առաջնորդ Յակոբ Արք. Գըլնճեան, հիւրաբար երկիր գտնուող Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատասխանատու Վեր. Ռընէ Լեւոնեան եւ բազմաթիւ հայ եւ ոչ-հայ ներկաներու խումբ մը։
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Ուրուկուէյի եւ Հայաստանի օրհներգներով, որմէ ետք քաքաքապետը իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց։ Նոյնը կատարեցին նախարարուհին, Հ.Հ. դեսպանուհին, ինչպէս նաեւ Մալտօնատօ նահանգային խորհուրդի մշակութային բաժնի տնօրէն Խորխէ Սէսբէտէս, որ շեշտը դրաւ հայ կնոջ ունեցած դերակատարութեան վրայ, քանի որ հայրենի Իջեւան քաղաքը եւ Փունթա Տէլ Էսթէն իբրեւ քոյր քաղաքներ, իջեւանցի երիտասարդ քանդակագործ Գոռ Դաւթեանի հայ կնոջ կերպարին նուիրուած քանդակը, որ բերուած էր Իջեւանէն որպէս նուէր, տեղ գտաւ հրապարակի կեդրոնը։ Պր. Խորխէ Սէսբէտէս ըսաւ.- «Ընտանիքի մը կեանքին կարեւորագոյն օղակը կինն է եւ յատկապէս հայ կնոջ դերը, այս հասկացողութեամբ, դարերու ընթացքին առաջնային հանգամանք կրած է ընտանիքը զօրացնելու գործին մէջ։ Ճիշդ այս մէկը նկատի ունենալով է, որ այսօր, այս հրապարակին վրայ բարձրացող հայ կնոջ տիպարին նուիրուած այս քանդակը ձեւով մը յարգանքի տուրք մըն է հայ կնոջ դերին, որ շատ անգամ իր լռութեան մէջ կռանած եւ սերունդներ հասցուցած է։ Կրկին շատ զօրաւոր շնորհակալութիւն մը յայտնենք անոնց, քանի որ կիները համբերութեամբ եւ սիրով ընտանիքի հզօրացման մեծ դերը վերցուցած են»։
«Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունով հրապարակ
Ուրուկուէյի մէջ բացուած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունով հրապարակ