Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝
Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 102րդ ­տա­րե­դար­ձի առ­ցանց նշում

ելոյ­թը կը վա­յե­լէր Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դես­պա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը

­Հինգ­շաբ­թի՝ 28 ­Մա­յիս 2020ի գի­շե­րո­ւան ժա­մը 9ին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, հա­մա­ցան­ցին վրայ մեկ­նար­կեց ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան 102րդ ­տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած առ­ցանց ե­լոյ­թը, որ սփռո­ւե­ցաւ «Ա­զատ Օր»ի եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կայ­քէ­ջե­րէն ու ­Դի­մա­տետ­րի է­ջե­րէն, ինչ­պէս նաեւ նոյն ժա­մուն վե­րար­տադ­րո­ւե­ցաւ միու­թիւն­նե­րու եւ ան­հատ­նե­րու ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու է­ջե­րուն վրայ, ա­ռի­թը տա­լով յու­նա­հայ բո­վան­դակ զան­գո­ւա­ծին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու ար­տա­սահ­մա­նի տա­րած­քին վրայ ապ­րող հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­ղորդ դառ­նա­լու ­Մա­յի­սեան փա­ռա­պանծ ան­կա­խու­թեան խոր­հուր­դին՝ առ­ցանց տօ­նա­կա­տա­րու­թեամբ եւ պատ­շաճ նշու­մով։
­Թէ­պէտ, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ «Պ­սա­կա­ձեւ» ժահ­րի պատ­ճա­ռած ար­գի­լում­նե­րը գրե­թէ վե­րա­ցած են, այ­սու­հան­դերձ հրա­պա­րա­կա­յին եւ ժո­ղո­վուր­դի մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­լոյթ կազ­մա­կեր­պե­լու սահ­մա­նում­նե­րուն առ­ջեւ, հա­մա­ցան­ցի վրայ ներ­կա­յա­ցո­ւած ե­լոյ­թը ա­ռի­թը տո­ւաւ ա­ւե­լի մեծ թի­ւով հա­յոր­դի­նե­րու, գէթ հե­ռո­ւէն, վե­րա­նո­րո­գե­լու ի­րենց ուխտն ու հա­ւա­տար­մա­տու­թիւ­նը հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման անկրկ­նե­լի եւ խորհր­դա­ւոր ի­տէա­լին։ ­Դա­րա­ւոր ե­րազ մը, որ 28 ­Մա­յիս 1918ին, կեն­սա­գոր­ծո­ւե­ցաւ շնոր­հիւ հա­յու­թեան դի­մադ­րա­կա­նու­թեան եւ ա­զատ ապ­րե­լու ձգտու­մին, հի­մը դառ­նա­լով այ­սօ­րո­ւան ան­կախ հայ­րե­նի­քի գո­յու­թեան ու բար­գա­ւաճ­ման։
Ո­րո­շեալ ժա­մուն, ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի երգ­չա­խում­բին կող­մէ, ղե­կա­վա­րու­թեամբ ընկ. Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի, որ եր­գեց ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րը։
­Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ընկ. Ա­րամ ­Գո­լա­նեան, որ շեշ­տեց թէ՝ «Շ­նոր­հիւ ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րուն, մենք այ­սօր ու­նինք ­Հայ­րե­նիք, շօ­շա­փե­լի եւ տե­սա­նե­լի ա­զատ եր­կիր, որ ա­մէն գի­տա­կից հա­յու հո­գին ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հպար­տու­թեան զգա­ցու­մով կը լեց­նէ: Ա­զատ, ան­կախ եւ միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի գա­ղա­փա­րը կ­՚ապ­րի հա­յու­թեան հո­գիի եւ գի­տակ­ցու­թեան մեջ: Աժ­մէա­կան է եւ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կա­պուած մեր պատ­մա­կան տա­րածք­նե­րու վե­րա­տի­րաց­ման, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման, դա­տա­պարտ­ման, պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եւ փոխ­հա­տուց­ման հետ»:
­Ցոյց տրո­ւե­ցաւ «Եր­կիր ­Մե­տիա» հե­ռուս­տա­կա­յա­նին կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած պատ­մա­կան-վա­ւե­րագ­րա­կան բո­վան­դա­կու­թեամբ տե­սաե­րիզ մը, որ ներ­կա­յա­ցուց ­Մա­յի­սեան ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման պատ­մա­կան են­թա­հո­ղը, ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թեան զար­գաց­ման փու­լե­րը, ­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րի պատ­մա­կան եւ ի­րա­ւա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ այն բո­լոր նո­ւա­ճում­նե­րը ո­րոնք ու­ղեն­շա­յին են այ­սօ­րո­ւան ան­կախ մեր հայ­րե­նի­քի զար­գաց­ման հա­մար։
­Յա­ջոր­դա­բար, կար­դա­ցո­ւե­ցաւ ան­կա­խու­թեան նո­ւի­րո­ւած ե­լոյ­թի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը կրող՝ Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան պ. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քը, ո­րուն մէջ դես­պա­նը շեշ­տեց՝ «Այ­սօր վերս­տին ան­կախ է մեր ­Հայ­րե­նի­քը: ­Մա­յի­սեան փա­ռա­պանծ յաղ­թա­նակ­նե­րով փրկո­ւած հայ­րե­նի փոք­րիկ հո­ղի վրայ մեր ժո­ղո­վուրդն ապ­րում է եւ շէ­նաց­նում ­Հայ­րե­նի­քը:
­Մեզ հա­մար պա­տիւ է ան­կա­խու­թիւնն ամ­րապն­դող սե­րուն­դը լի­նե­լը։
­Մենք պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ենք կրում միաս­նա­բար հան­դէս գա­լու, միա­սին աշ­խա­տե­լու, նոր մար­տահրա­ւէր­նե­րին ըն­դա­ռաջ միաս­նա­բար ա­ռաջ ըն­թա­նա­լու հար­ցում, մենք կա­րող ենք, ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին կորց­նե­լու փո­խա­րէն, միաս­նա­բար յաղ­թել։ ­Մենք պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ենք կրում ի­րեն հայ կո­չող իւ­րա­քան­չիւր սփիւռ­քա­հա­յի ող­ջու­նե­լու եւ գրկա­բաց ըն­դու­նե­լու հար­ցում»։
Օ­րո­ւան բա­նա­խօսն էր ընկ. ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան որ կա­տա­րեց ան­կա­խու­թեան ար­ժե­ւո­րու­մը, նշե­լով թէ, նոյ­նիսկ ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տէն ետք՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւնն էր, որ սե­րունդ­նե­րուն ներշն­չեց ան­կա­խու­թեան ու միա­ցեալ հայ­րե­նի­քի տես­լա­կա­նը, ե­ռա­գոյ­նին հպար­տու­թիւ­նը, «մեր հայ­րե­նիք» ո­գեր­գին յու­զու­մը եւ կուրծ­քի զարդ դար­ձուց կո­րու­սեալ պե­տու­թեան զի­նան­շա­նը:
Իր խօս­քը կեդ­րո­նաց­նե­լով այ­սօ­րուան ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ի­րա­կա­նու­թեան վրայ, բա­նա­խօ­սը շեշ­տեց, թէ հա­զա­րա­մեայ մեր պատ­մու­թեան մէջ մենք չենք ե­ղած այն­քան բար­գա­ւաճ, այն­քան յա­ռա­ջա­դէմ ու կազ­մա­կերպ, որ­քան այ­սօր: Ու­նինք յաղ­թա­պանծ բա­նակ , ան­կախ պե­տու­թիւն եւ նե­րուժ սփիւռք: ­Գի­տենք նաեւ ­Մա­յիս 28ի սոր­վե­ցու­ցած դա­սը առ այն, որ պի­տի ու­նե­նանք դէպ­քե­րու եւ ի­րա­դար­ձու­թեանց հո­լո­վոյ­թը մե­զի են­թար­կե­լու կամքն ու վճռա­կա­նու­թիւ­նը:
Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան ու­ղեր­ձը տո­ւաւ ընկ. ­Սա­մո­ւէլ ­Սա­մո­ւէ­լեան, շեշ­տե­լով թէ՝ «­Դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, ինչ­պէս միշտ, այդ­պէս ալ այ­սօր, ներ­կայ է մեր ­Դա­տի հե­տապնդ­ման աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ռա­ջին շար­քին, տա­լով իր լա­ւա­գոյ­նը ու միշտ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պա­հանջ­նե­րուն: ­Մեր գա­ղա­փար­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով, պի­տի գտնո­ւինք մեր ­Հայ­րե­նի­քի կող­քին, այս թան­գար­ժէք «նո­ւէ­րին», որ մե­զի փո­խան­ցո­ւե­ցաւ ­Մա­յիս 1918ի եւ Ար­ցա­խի հե­րո­սա­կան սե­րուն­դէն, որ­պէս­զի ան յա­ռաջ­դի­մէ եւ զար­գա­նայ»:
­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան՝ Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ա­նու­նով, յղեց իր հայ­րա­կան խօս­քը, ընդգ­ծե­լով թէ՝ 1918ի ­Մա­յի­սեան հե­րո­սա­մար­տե­րը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հաս­տա­տու­մի տա­րե­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը ի­րենց թե­լադրա­կան կա­րե­ւոր հե­տե­ւեալ ի­մաս­տը ու­նին՝ նոր սե­րունդ­նե­րուն յի­շո­ղու­թեան մէջ վառ պա­հել հրա­շա­լի յաղ­թա­նա­կի մա­նա­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ներշնչ­ման ո­գե­ւո­րող աղ­բիւր դառ­նալ։
­Յայ­տա­գի­րի տե­ւո­ղու­թեան, մէջ ընդ մէջ, ցու­ցադ­րո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կեր­տիչ­նե­րէն՝ ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նիի, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի, ­Ռու­բէ­նի, Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի եւ ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի խօս­քե­րէն բա­ժին­ներ, նո­ւի­րո­ւած հա­յոց ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մի փա­ռա­ւոր օ­րե­րուն։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րի գոր­ծադ­րու­թեամբ, հան­դէս ե­կաւ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Կա­րա­պե­տեան, որ ապ­րու­մով աս­մուն­քեց Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի «Ես իմ ա­նուշ ­Հա­յաս­տա­նի» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Յ. ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բը, ընկ. Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի խմբա­վա­րու­թեամբ, ո­գե­ւո­րու­թեամբ եր­գեց յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու շա­րան մը եւ «­Մուշ» եր­գը։ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի», «­Նա­նօր» եւ «­Մա­րա­լօ» պա­րա­խում­բե­րը, ընկ. Էտ­կար Է­կեա­նի եւ Աննա Պօղոսեան պա­րու­սու­ցու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­կա­կան պա­րե­րու տպա­ւո­րիչ շարք մը։
­Յայ­տա­գի­րի վեր­ջին մա­սին, ե­րի­տա­սարդ ըն­կեր­ներ Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեան, ­Թա­մար ­Պար­սա­մեան եւ Ան­դօ ­Նա­ճա­րեան նո­ւա­գե­ցին եւ ո­գե­ւո­րու­թեամբ եր­գե­ցին «Ա­նուշ հայ­րե­նիք» ու «­Գե­տա­շէն» եր­գե­րը։
­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան նո­ւի­րո­ւած առ­ցանց ե­լոյ­թը իր ա­ւար­տին հա­սաւ, «­Սար­դա­րա­պատ» եր­գի ներ­կա­յա­ցու­մով՝ ­Հա­յաս­տա­նի ֆի­լար­մո­նիք նո­ւա­գա­խում­բի եւ երգ­չա­խում­բի կա­տա­րո­ղու­թեամբ, որ տե­ղի ու­նե­ցած էր 2018ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, ան­կա­խու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով շքեղ ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին։
Ե­լոյ­թը կա­րե­լի է դի­տել «Ա­զատ օր»ի կայ­քէ­ջին վրայ, հե­տե­ւեալ յղու­մով՝ https://azator.gr/?p=15904։