Հանրապետական մաղթանք՝ Թեսաղոնիկէի մէջ
Յունաստանի հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի տնօրինումով եւ Կրօնական ժողովի որոշումով, Կիրակի՝ 22 Սեպտեմբեր 2019ին, Յունաստանի մէջ գործող բոլոր եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնին առթիւ։
Այս առիթով, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ եւս, հանդիսապետութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանի եւ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Դրօշակի օրհնութիւն։Հանրապետական մաղթանքէն անմիջապէս ետք, հայր սուրբը անդրադարձաւ Հայաստանի պետականութեան վերաշինութեան, անդրադարձ կատարեց անցեալէն դէպի ներկայ ընթացող բոլոր հիմնախնդիրներուն ու աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Հայաստան ժողովուրդը իր ձեռքով ամրացնէ իր անկախութիւնն ու պայծառացնէ զայն, ի փառս հայոց բանակին եւ պետականութեան։
Աւարտին, երգուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային քայլերգը։