Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
28 Մայիս 1918ին ծնունդ առած Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը, կարճ ժամանակի մէջ իր բազմաթիւ իրագործումներով, ո՛չ միայն անջնջելի հետքեր թողած է մեր պատմութեան մէջ ու անժամանցելի պատգամներ ունի իրերայաջորդ սերունդներուս, այլ նաեւ կը հանդիսանայ հանգրուանային կամուրջ մը, որ իրարու կը կապէ մեր ազգային-քաղաքական զարթօնքի ժամակաշրջանն ու Ա. Հանրապետութեան յաջորդած փուլերը։
Մայիսեան Հանրապետութիւնը խորքին մէջ գումարն էր այն զարգացումներուն, որոնք մեր նորագոյն պատմութեան մէջ սկսած են արձանագրուիլ Էջմիածինի պատմական ժողովով ու Իսրայէլ Օրիով, կտրած են 18րդ ու 19րդ դարու ճակատագրական հանգրուանները՝ Հայաստանի վրայ ռուսական ազդեցութեան սկզբնաւորումէն մինչեւ Սան Սթեֆանօ ու Պերլին, մինչեւ զինեալ պայքարի ձեւաւորում, կուսակցութեանց կազմաւորում եւ հերոսամարտներ, յանգելու համար Ցեղասպանութեան յաջորդած Սարդարապատին ու Բաշ Ապարանին, որոնք սեփական բազուկին վստահելով՝ ազգային պետութիւն կազմելու եւ պահպանելու պատգամը մարմնաւորեցին։ Այս իմաստով՝ Հայաստանի անկախ պետականութեան ծնունդը թագադրումն էր մօտաւորապէս երկուք ու կէս դարու հոլովոյթի մը եւ մեկնակէտը՝ նոր դարաշրջանի մը։
1918ի հանրապետութիւնը բիւրեղացուց ազգային շօշափելի արժէքներ՝ բանակ, պետական կառոյցներ ու հաստատութիւններ, եւ դեռ՝ շատ ու շատ բաներ, իսկ 1919ին, արեմտահայոց ներկայացուցիչներուն խորհրդարան մուտքով, կենսական ու գործնական առաջին քայլը առնուեցաւ Միացեալ Հայաստանի արարման ճամբուն վրայ. Միացեալ Հայաստանի տեսլականը այդ օրերէն մեզի հասած գլխաւոր կտակներէն մէկն է, ու մենք լծուած ենք անոր կենսագործման։ Վկայ՝ Արցախի մէկ մեծ մասին սեփական բազուկներով Հայաստանի վերամիացումը…
Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան կամուրջի դերը կարելի է տեսնել մեր Դատի իրականացման ճամբուն առնուած այն քայլերուն մէջ, որոնք յաջորդեցին Հայաստանի խորհրդայնացման հանգրուանին, նախ՝ Ազգերու Լիկային ու միջազգային այլ բեմերու վրայ քաղաքական աշխատանքներով, անոնց հիմամբ՝ Մ.Ա.Կ.ի մակարդակին վրայ մեր Դատին հետապնդման վերականգնումով՝ 1965ի նախօրեակին ու անկէ ետք, մասնաւորաբար 70ական տարիներէն սկսեալ, ապա նաեւ հակաթուրք ուժական պայքարով, որուն նորագոյն արձագանգը եղաւ ու կը մնայ Արցախեան Ազատամարտը։
Եթէ Սարդարապատն ու 1918ին Հայաստանի ստեղծումը մարմնաւորումն էին «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար» խօսքին, տարբեր չէր, այսօր ալ տարբեր չէ խորքը՝ իմա՛ստը Արցախի մէջ մղուող ճակատումներուն ու ինքնապաշտպանական հերոսամարտներուն, որոնք չեն համապատասխաներ քաղաքական աշխարհի «տրամաբանական հաշիւներ»ուն, «մեծեր»ու կողմէ ինքնորոշում եւ սեփական ճակատագիրի տնօրինում հետապնդող ժողովուրդներուն պատրադրուող «տարազներուն», այլ ընդհակառակն՝ գործնապէս տակն ու վրայ կþընեն այդ հաշիւները, կը մարմնաւորեն «մենք չենք ուզեր ազատ կամքի բռնութիւն» երգի ոգին։
***
Դժուարին պայմաններու մէջ ծնունդ առաւ մեր հանրապետութիւնը եւ կուրծք տուաւ դաժան շրջապատի մը. ան իր կեանքն ու հետքեր ձգած իրագործումները կերտեց մէկ կողմէ դրացիներու հետ ճակատումներու, իսկ միւս կողմէ՝ գաղթականներու մեծաթիւ ներկայութեան հետեւանքով՝ տնտեսական կրկնակօրէն ծանր վիճակը բարելաւելու կամքով, առանց մոռնալու քաղաքական-դիւանագիտական բեմերուն վրայ պարտադրուած անբաղձալի ազդեցութիւնները՝ «թրքական սալն ու պոլշեւիկեան մուրճը»։
Բնականաբար կարելի չէ, պէ՛տք չէ պատմական որեւէ ժամանակաշրջան բաղդատութեան դնել այլ ժամանակաշրջանի մը հետ, որքան ալ որ նմանութեան գիծեր տեսնուին հինին ու նորին միջեւ, սակայն նաեւ հրամայական է անցեալի պայմաններուն իրազեկութիւնն ու անոնց լոյսին տակ նորին, այժմէականին գնահատումը։
Եթէ ա՛յս մօտեցումով դիտենք մեր այսօրը, դժուար չէ տեսնել, որ անկախ հանրապետութեան վերականգնումէն ասդին, այսինքն՝ վերջին 25 եւ աւելի տարիներուն, Հայաստան ու մեր ժողովուրդը այսօ՛ր ալ կը դիմագրաւեն դաժան կացութիւններ, որոնք հետեւանք են արտաքին ու շրջանային հարկադրանքներու, տակաւին՝ ներքին վիճակը բարեփոխելու ձգտող քայլերուն ու անոնց դիմաց կանգնող ներքին արգելակներուն։ Հայաստան այսօ՛ր ալ իր դիմաց թշնամի ունի թուրքն ու ազերին, որոնք ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով պատերազմական վիճակի մէջ կը պահեն մեր հայրենիքն ու անոր բնակչութիւնը, սրտի անկանոն տրոփումներ կը պատճառեն հայրենիքի վիճակով տագնապող արտերկրի զաւակներուս։
Աշխարհի ճակատագիրը տնօրինելու լծակները մենաշնորհի վերածող մեծերը այսօ՛ր ալ առաւելաբար շահադիտական տրամաբանութեամբ, եւ ո՛չ թէ ազգերու ինքնորոշման ու տարրական իրաւունքներու պաշտանութեան-յարգումին տրամաբանութեամբ կը վարուին մեզի նման «փոքր»երու հետ, կոյր կը ձեւանան Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի իշխանութիւններու անմարդկային ու հակաժողովրդավար վերաբերմունքներուն նկատմամբ, պատրաստ են յարմարագոյն գինով «ծախելու» իրաւատէրն ու արդարը։
Այս իմաստով՝ Հայաստանը շրջապատող ու մեր պետութեան ներուժը կլանող շրջանային ու միջազգային կացութիւնները նո՛յնքան դաժան են ու, տակաւին, մատնուած են մաֆիական շրջանակներու «խիղճ»ին. այս վիճակը կարելի չէ՛ ու պէտք չէ՛ մտահան ընել, երբ կը փորձենք գնահատել կամ քննադատել հայրենի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը։ Այլ խօսքով՝ բացասական վիճակներուն մէջ պէտք է լաւ կշռադատել արտաքին հարկադրանքներուն հետեւանքներն ու անոնց հետ քայլ պահելու կարգ մը ազդեցիկ իշխանաւորներու վարմունքը, որ յաճախ զանոնք կþառաջնորդէ մասնակի շահերու հետամտութեան այն ուղիին, որ իբրեւ «բնական ընթացք» սկսած է նուիրագործուիլ թէ՛ մեր հայրենիքին եւ թէ ընդհանրապէս աշխարհի մեծ ու փոքր երիրներու մէջ, վիճակ՝ որ ոչ մէկ արդարացում կամ մեղմացուցիչ դէպ յանցանաց ունի։
Այլ խօսքով՝ եթէ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ եւրոպական ու ասիական երկիրներու մէջ փոքրամասնութեան մը տիրակալութիւնն ու մենաշնորհներու դրութիւնը «վաւերական» կը դառնան «օրինական» միջոցներով՝ ի նպաստ նիւթական հզօրանքները իրենց ձեռքերուն կեդրոնացնող փոքրամասնութեան մը, մեր հայրենիքին ու մեզի նման պայքար մղող ժողովուրդներու-երկիրներու մէջ նման «օրինականացում» չի կրնար արդարացուիլ, հանդուրժողութեամբ դիտուիլ։
Ահաւասիկ ա՛յս իրողական պայմաններուն մէջ է, որ ծնունդ առաւ մեր վերանկախացման ու Արցախի վերատիրացման շարժումը՝ 80ական տարիներու վերջերուն, կտրեց բազմաթիւ ճակատագրական փուլեր եւ մեզ հասցուց այսօրուան։ Եթէ Մայիսեան Հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ հազիւ 12.000 քառ. քլմ. տարածութեամբ եւ, հակառակ պարտադրուած անհաւասար կռիւներու՝ յաջողեցաւ սեփական բազուկո՛վ նուաճել հայկական տարածքներ, Սեւրի Դաշնագիրով քաղաքական ժառանգ մը թողուց Արեւմտեան Հայաստանի կարգ մը բաժինները Հայաստանի Հանրապետութեան վերամիացնելու իմաստով, Սեպտեմբերեան Հայաստանը այդ կտակին տէր ու կատարողը եղաւ՝ Արցախին վերատիրանալով, հակառակ շրջափակման ու Փրոթոքոլներու ձախորդ ուղեգիծին։ Վերջին շրջանին, մէկէ աւելի գիծերու վրայ արձանագրուեցան ռազմական ու քաղաքական-դիւանագիտական նոր նուաճումներ ալ, թէեւ անոնք մնացին արցախեան զարգացումներուն եւ ներքին քաղաքական բեմի իրադարձութեանց լուսանցքին վրայ։ Մէկ կողմէ՝ Իրանի հետ գործակցական յարաբերութեանց բարելաւումը, միւս կողմէ՝ Վրաստանի հետ գործակցական գիծերու բացումը, ու տակաւին՝ եւոպական դաշտի մէջ ձեռք բերուած յառաջդիմութիւններ, Չինաստանի ու արաբական Ծոցի ուղղութեամբ կատարուած յառաջդիմութիւններ կարելի չէ աննկատ թողուլ եւ բաւարարուիլ անոնց լոկ առեւտրական երեսով։
Ապրիլեան պատերազմը այլապէս դրաւ դրական կնիքներ՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ, հակառակ անոր, որ այդ օրերուն ու անկէ ետք ստեղծուեցան նաեւ բացասական պատկերներ, ինչպէս սահմանային փոքր տարածքի մը կորուստն ու փոխ-զիջումներու տրամաբանութեան սեղան վերադարձը. պէտք է անգամ մը եւս շեշտել, որ յատկապէս հող զիջելու ընտրանքը մերժուած է ու մերժելի կը մնայ հայութեան համար, որ տէրն է ամբողջական Հայաստանի վերականգնումի կտակին ու հաւատարիմ՝ այդ երթին։ Արցախի մէջ 2016ի Ապրիլին ու անկէ ասդին օր աւուր շարունակուող ճակատումներն ու ազերիական ոտնձգութիւնները անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ «օտարէն մեզ ֆայտա չկայ», մեր թիւֆէնքը մե՛նք պէտք է սազենք…։
Եթէ արտաքին գիծերու վրայ վերը յիշուած իրագործումները կը դիտենք արտաքին ու շրջանային գետիններու վրայ նուաճումներու անկիւնէն, կարելի է այս սիւնակին մէջ տեսնել նաեւ խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններն ու աւելի քան վեց ամիս առաջ կազմուած կառավարութեան սկզբնաւորած բարեշրջական քայլերը, որոնք հրապարակ եկած են երկրի տնտեսական-ընկերային վիճակը բարեփոխելու եւ ապօրինի կացութիւնները սրբագրելու հաւաստիքներով։ Այսուհանդերձ, զանգուածին համար կը մնան մեծ հարցականներ, թէ՝ նախագահական դրութենէ խորհրդարանականի անցումը, օրէնքի գերակայութեան ու մենաշնորհներու սահմանափակման հետամտութիւնը որքանո՞վ թարգմանութիւն պիտի գտնեն… շպարայինէն անդին։ Փաստօրէն, կատարուած խոստումներ կամ ճամբաներու կուպրապատման պէս աշխատանքներ բարենիշի պէտք չէ սպասեն, որովհետեւ անոնք կþիյնան ժողովուրդին ու երկրին ընթացիկ կեանքը բարելաւելու պետութեան ամէնէն պարզ պարտականութիւններու ճամբուն մէջ։ Սպասելի է, աւելի՛ն՝ հրամայական է, որ Հայաստան-Արցախ երկրին կարողականութիւնները ի սպաս դրուին ժողովուրդի զանգուածին, քաղաքին ու գիւղերուն՝ հաւասարապէս, որպէսզի հայն ու մանաւանդ երիտասարդ սերունդը կարենայ երկու աչքերով իր ապագան տեսնել հայրենիքին մէջ, իր ներուժը դնէ սեփական ընտանիքին ու անոր ճամբով՝ հայրենիքին բարգաւաճման, կարճ ժամանակի մէջ վերջ դրուի արտագաղթի հիւծող ալիքներուն, երկիրը այսօրուան աշխարհին թելադրած ամէնէն տարրական միջոցներն ու դիւրութիւնները ընծայէ իր բոլոր զաւակներուն։
Ուրախալի է, օրինակ, որ Իրանի սահմանին վրայ պիտի ստեղծուի «ազատ գօտի», արաբական ու եւրոպական երկիրներէ ներդրումներ պիտի ապահովուին, սակայն աւելի՛ կարեւորը՝ ստեղծուող այս ասպարէզները չգործեն միայն ի նպաստ մենաշնորհեալ խմբակներու եւ զանոնք հովանաւորող օտար խմբակներու, ինչպէս որ է վիճակը երկրի բնական հարստութեանց ու ճարտարարուեստի-երկրագործութեան որոշ կալուածներու շահագործման, այլ անոնցմէ գոյանալիք նիւթական եկամուտներէն արդար բաժին հասնի պետութեան ու անոր ճամբով՝ գործածուին քաղաքաշինական ու գիւղաշինական ծրագիրներու, որակական բարեւաւում յառաջ բերեն ենթակառոյցին ու զանգուածներու կենցաղային վիճակին մէջ։
Իբրեւ հաւատարիմ ժառանգորդը Մայիսեան Հանրապետութեան, այսօր մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը, նա՛եւ աշխարհացրիւ հայութիւնը կը կանգնին այլ հրամայականի մը դէմ յանդիման։ Այդ ալ՝ գաղափարական մթնոլորտին՝ Միտքին վերականգնումն է մեր հայրենիքին մէջ ու անոր ճառագայթումը, արտացոլացումը՝ աշխարհացրիւ հայութեան կեանքին մէջ։
Պետական կառոյցներու, բանակին ու կրթական հաստատութեանց վերականգնումին, «ազգայնացման» ու բարելաւման ճիգերը պէտք է ունենան ուժեղ յենարան մը՝ գաղափարական ենթահողը. այս նախադրեալը եղած է ու կը մնայ մեր անկախ հայրենիքին խոցելի վիճակներէն մէկը։ Քառօրեայ պատերազմէն ետք ու մասնաւորաբար անոր տարելիցի օրերուն, հայրենի պետութիւնը հրապարակ եկաւ ժողովրդային բանակի գաղափարով, ցուցահանդէս կազմակերպեց ու զէնքն ու զինամթերքը շօշափելի դարձուց աշակերտներուն, երիտասարդներուն եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին։ Սա դրական զարգացում է, եթէ չմնայ խորհրդարանական ընտրութեանց օրերուն տեղի ունեցած բազմաճիւղ քարոզչութեան պարունակին մէջ։ Անկէ աւելի՛ կարեւորը՝ վերականգնումն է ազգային-ընկերային գաղափարներուն, եւ այդ՝ ոչ միայն պատմական հերոսներու այլապէս դրական, բայց սահմանափակ-սահմանափակող պատգամներուն դիտանկիւնէն, այլ պատմական-ընկերաբանական ամէնէն լայնածիր պարունակին մէջ։
Պէտք չունինք շատ ետ երթալու. հազիւ երկու ամիս առաջ, ընտրութիւններու նախօրեակին ու անկէ ետք, բազմաթիւ ձայներ բարձրացան, եւ՝ արդարօրէն, մատնանշելու համար, որ ընտրապայքարը առաւելաբար «առեւտրական» տրամաբանութեամբ մղուեցաւ, շահակցական, մասնակի շահերու-վնասի մօտեցումով պատասխանատուներ կառավարական եւ կուսակցական պաշտօններէ-դիրքերէ հեռացան, դաշինքներ կազմուեցան նոյն տրամաբանութեամբ եւ երկար ատեն պաստառներ գրաւող դէմքեր մէկ օրէն միւսը աներեւութացման մատնուեցան։ Այս բոլորին մէջ ամէնէն դրական զարգացումը, վստահաբար, «խաղաղութեան դիմաց հողային զիջում»ի տրամաբանութեան պարտութիւնն էր ու զայն դրօշի վերածողներուն նկատմամբ մերժումը, սակայն ատիկա հազիւ թէ կարելի է դիտել ազգային գաղափարաբանութեան պարունակին մէջ։ Անդին, անյետաձգելի հրամայական է Հայաստանի մէջ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ խոստացող դրութեան մը հիմնաւորումը, որուն գլխաւոր ու ամէնէն կենսական աղբիւրը՝ այդ առաջադրանքին մարմին տուող համակարգերու իրականացումն է։
Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն ասդին, շուկայական տրամաբանութիւնն ու դրամատիրական ներածուած ա՛ն-գաղափարականութիւնը իրենց մականին ենթարկած են իշանութի՛ւնն ալ, տնտեսութի՛ւնն ալ, ժողովո՛ւրդն ալ։ Համայնավարական դրութեան 70 տարիները հզօր ազդեցութիւն ունեցան Գաղափարին քայքայման մէջ, որովհետեւ այլապէս զանգուածներու բարիք խոստացող՝ «աշխատաւորներ բոլոր երկիրներու, միացէ՛ք» նշանախօսքով ճամբայ ելած դրութիւնը վերածուած էր չյայտարարուած դրամատիրութեան մը ամէնէ՛ն տխրահռչակ ձեւին, ու այսօր, երբ Հայաստանի կամ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ խօսք կ’ըլլայ ընկերվարութեան մասին, ատիկա կը դիտուի համայնավարութեան ձախողած դրութեան պրիսմակէն, անկախ այն իրողութենէն, որ Եւրոպայի մէջ թէ այլուր, ընկերվարութեան դրօշին տակ տասնամեակներ շարունակ բարիք բերած կուսակցութիւններ ու խմբաւորումներ վերջին տասնամեակներուն իրենց կարգին ինկած են Գաղափարը խորտակողի ընթացքին մէջ. Ֆրանսայի նախագահական վերջին ընտրութեանց մէջ պատմական կուսակցութիւններու, աւանդական մրցակիցներու աղաղակող ձախողութիւնը պերճախօս վկայութիւն եղաւ։
Հայաստանի մէջ թէ այլուր, զանգուածները կը տարուին մտածելու, որ գաղափարները հիմք գործածող դրութիւննե՛րն են որ սխալական են, ձախողութիւններու, անահաւոր անհաւասարութիւններու պատճառը, մինչդեռ անոնց սխալ կիրարկումը, աւելի՛ն՝ մարդոց ու երկիրներու կեանքէն անոնց վանո՛ւմն է աղէտալի վիճակներու պատճառը։ Աւելի պարզօրէն բացատրելու համար, կրնանք տալ օրինակը կրօնական վարդապետութեանց ձախողեցման։ Կանուխ միջնադարէն սկսեալ, քրիստոնէութեան անունով խաչակրութիւններն ու մինչեւ 20րդ դարու վերջերը՝ եւորպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ քրիստոնէութեան անունով մղուող արիւնալի հակամարտութիւնները չեն կրնար մթագնել այս վարդապետութեան մարդկային ու մարդացնող-մարդկայնացնող արժէքները, ինչպէս որ այսօր Միջին Արեւելքի, Հնդկաստնի, Աֆղանիստանի ու ծայրագոյն արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ շարունակուող ահաւոր ոճիրները պէտք չէ դիտել մահմետական, հնդկական եւ այլ կրօնքերու վարդապետութեանց ձախողութեան բովանդակութեան մէջ։
***
Այսօր, երբ մօտաւորապէս 100 տարուան հեռաւորութենէ կը դիտենք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը, կը կանգնինք մեր պատմական հողերուն վրայ անկախ պետականութեան հիմնադրութեան 100րդ տարեդարձի նախօրեակին, ազգովին՝ իբրեւ իշխանութիւն, կուսակցութիւններ, միութիւններ, ազգային հաստատութիւններ եւ, մէկ խօսքով, հայութեան կեանքին մասնակից որեւէ միաւորի մասնիկներ, կը գտնուինք բազմերես մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնք չեն գար միայն արտաքին անբարենպաստ ու երբեմն մեր կամքէն անդին զարգացող պատճառներէ, այլ պէտք է անդրադառնանք, իրազեկ դառնանք, որ մեր հայրենիքին վերականգնումի եւ ժողովուրդին ապրուստի-կեանքի բարելաւման բազմաթիւ լծակներ կը գտնուին բացառապէս մեր ձեռքերուն մէջ։
Միտքի՛, իսկական մտաւորականութեա՛ն վերարժեւումն ու վերականգնումը կարեւոր ենթահող են այս իմաստով, սակայն գաղափարը ինքնին չ’երաշխաւորեր բարեշրջումն ու զարգացումը։ Նոյնքան կարեւոր է հայրենիքի շահերն ու ազգային երազները պարփակող ճշմարիտ գաղափարներու գործնական քայլերով կիրարկումը։ Որքա՜ն դիւրին է թուղթի վրայ գեղեցիկ ծրագիրներ արձանագրելը, որքա՜ն դիւրին է անոնց հիմամբ ժողովուրդը խոստումներով օրօրելը…։ Սակայն այդքան ալ դժուար չէ այդ բոլորին կենսագործումը, երկար կամ կարճ ժամկէտներով գործնական ծրագիրներու կիրարկումը։ Հայրենաշինութիւն եւ պետութեան կառուցման առաջադրանքները կ’անցնին աղքատութեան ու արտագաղթի ախտերուն դարմանումէն։
Պաշտօնական, կիսապաշտօնական ու միջազգային տեղեկագիրներու համաձայն, Հայաստանի բնակչութեան մէջ աղքատներու համեմատութիւնը կը տարուբերի 24 առ հարիւրէն… 75 առ հարիւրի միջեւ։ Հայաստանի պետական պարտքը հասած է 6 միլիառ տոլարի (ու եթէ ընդունինք, որ բնակչութեան թիւը 3 միլիոն է…) եւ, տնտեսագէտներու նախատեսութեամբ, հակամէտ է մագլցումի։ Դեռ երէկ, Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրապայքարի օրերուն, բարեկեցիկ ու «հնադարեան» թաղամասեր այցելող մրցակիցները, առանց անդրադառնալու, ամէն օր ցուցադրեցին, թէ մայրաքաղաքի՛ն մէջ իսկ որքա՜ն լքուած ու բարեփոխման կարօտ շրջաններ կան, եւ խոստումներ շռայլեցին դարմաններ բերելու։ Նման բացայայտումներու ականատես եղանք Հայաստանի տարբեր շրջաններու, նա՛եւ սահմանամերձ գօտիներուն մէջ, երբ Ազգային Ժողովի թեկնածուներ ընտրապայքարի իրենց կառքերը տարին այս կամ այն քաղաքն ու գիւղը։ Պերճախօս ապացոյցներու ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս սահմանային գիւղեր կը պարպուին, մինչդեռ բոլորն ալ կը ճառեն հայրենիքի պաշտպանութիւնը նախամեծար համարելու բառամթերքով…
Նման ճշմարտութիւններ արձանագրելու կամ տեսնելու համար, ոչ պէտք ունինք ծուռ նստելու, ոչ ալ ծակ-գլուխ կոչուելու։ Անհրաժեշտ է ձերբազատուիլ նաեւ այն մտածումէն, որ այս բոլորը Հայաստանի ու անոր ժողովուրդին հարցերն են, արտերկարցի հայը պէտք չէ նման մատնանշումներ ընէ, միջամուխ ըլլայ Հայաստանի «ներքին հարցեր»ուն։ Անցեալին ալ, այսօր ալ պարզ ճշմարտութիւն է, անվիճելի ճշմարտութիւն պէտք է ընդունիլ, որ Հայաստանը, իր այսօրուան ու վաղուան հոգերով, ամբո՛ղջ հայութեան հայրենիքին է։
***
…99 տարի առաջ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւր հազարաւոր թշուառ ու անօգնական գաղթականներու ծանր բեռը իր ուսերուն վերցուցած, դրացիներու պարտադրած պատերազմներուն եւ համայնավարական հովերու ներշնչումէն բարձրացող ալիքներուն տակ ճնշուած, ոչինչէն շա՜տ բան իրականացուցած սերունդը իրաւա՛մբ խենթերէ կազմուած էր, որ ելք ու ճարի դուռները փակ տեսնելով հանդերձ՝ հնարներ ստեղծեց անկախ պետութիւն-հայրենիք եւ զայն մարմնաւորող արժէքներ շօշափելի դարձելու համար։
Անկախ Հայաստանը, իր Սարդարապատով, Արամ Մանուկեաններով, Խատիսեաններով, Արարատեաններով, Նազարբէկեաններով, Դրոներով, Շանթերով, Աղբալեաններով, Արմէն Գարոներով, սպայակոյտով ու ֆետայական գունդերով, բանաստեղծին բառերով՝ հնարք գտնող խենթերու ամբողջ «բանակներ»ով՝ հիւանդ ծնած երեխայի վիճակ ունեցող 1918ի Հայաստանը շուրջ երկու տարուան մէջ դրին բարեշրջման ճամբու մէջ. անոնց անձնական գրպանները չուռճացան, ինչպէս կը պատահի այսօրուան Հայաստանին մէջ, այլ անդրանիկ հանրապետութիւնը վերածեցին անցեալ դարաշրջանը գումարող հանգրուանի ու մինչեւ մեր օրերը երկարող կամուրջի. այդ հիմերն էին, որ հզօրանքը ներշնչեցին՝ շրջանցելու եւ յաղթահարելու համայնավարութեան բազմաթիւ թափօնները։ Մեզի կը մնայ 100ամեակը վերածել կամրջումի նոր հանգրուանի մը, որ հիմնաքար ծառայէ ազգ-պետութեան ամրակայման, ապահովութեան կռանման եւ ընկերային արդարութեան ժողովրդականացման։ Եւ ինչպէս որ Ցեղասպանութեան 100ամեակէն առաջ, մեր աչքերը արդէն ուղղած էինք դէպի նոր տասնամեակներ, սկսած էինք մեր Դատին հետապնդումը տարածել ցարդ անկոխ տարածքներ, նոյնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակը պէտք է դառնայ հայրենիքի ամրակայման ու ապագային հետ կամուրջներ երկարելու հանգրուան մը, որովհետեւ առանց նման տեսլականի, առանց միտքի ու գաղափարի ճշմարիտ արժեւորման, ո՛չ հայրենիքը եւ ոչ ալ ժողովուրդը կրնան պայծառ հեռանկարներ ունենալ։
Իսկ հայրենիքը միայն հող ու պետական կառոյցներ չէ, այլ ժողովո՛ւրդն է, իր հայրենաբնակ ու արտերկրի տարածքներով, ժողովուրդ՝ որ պարտականութիւնն ու իրաւո՛ւնքը ունի սեփական հողին վրայ բարգաւաճելու, թուական ու տնտեսական աճ արձանագրելու, ձերբազատեուլու ներքին ու արտաքին ամէն տեսակի մենաշնորհէ եւ արգելակող գործօններէ, մի՛շտ ու առաւելաբար վստահելով սեփական բազուկին։