Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 105-ամեակ՝
Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ
Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 105-ամեակին առիթով, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, կատարողութեամբ՝ Թեսաղոնիկէի Հոգեւոր Հովիւ Եղիա աբղ. Մալխասեանին եւ ընկերակցութեամբ՝ եկեղեցւոյս սարկաւագներուն: Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք, դրօշակի օրհնութիւն եւ պաշտօնական հոգեհանգիստ՝ Սարդարապատի դիւցազուններուն հոգիներուն համար:
Յետոյ, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հայր սուրբին գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ 28 Մայիս 1918-ի ընթացքին տեղի ունեցած պատմական դէպքերուն մասին ներկայացում, Թեսաղոնիկէի երիտասարդ հայուհիներէն՝ Ալեքսիա Ռաֆաէլիտուի կողմէ:
Աւարտին, հայր սուրբը իր կարգին, ներկայ հայորդիներուն անդրադարձաւ Անկախութեան մարմնաւորած արժէքին մասին` դիտել տալով, որ անիկա հայութեան պատմութեան մէջ իւրայատուկ թուական է, որովհետեւ անիկա հիմքը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդին պետականութեան եւ հայու ազատ կամքին, ազատատենչ ու անկախութեան ձգտող ոգիին դրսեւորման: Հայր սուրբը ներկաներուն հետ քննարկեց նաեւ Հայաստանէն ներս տիրող վերջին անընդունելի դէպքերը ու անոր դիմաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կոչն ու կեցուածքը: Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգով: Հուսկ, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին կողմէ տեղի ունեցաւ սուրճի հիւրասիրութիւն:
ԹՂԹԱԿԻՑ