Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, 12 հայ­կա­կան հա­գուս­տե­ղէ­նի հայ ծրագ­րող­ներու եւ հիւ­սո­ւածքի ար­տադ­րող­ներու ապ­րան­քա­նի­շեր միաս­նա­կան տա­ղա­ւա­րով մաս­նակ­ցե­ցան Ա­թէն­քի նո­րա­ձե­ւու­թեան մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին՝ ներ­կա­յացնե­լով ի­րենց ար­տադ­րած հա­գուս­տե­ղէ­նի ա­մառ­նա­յին հա­ւա­քա­ծո­նե­րը՝ 27-30 ­­Յու­նո­ւա­րին, Ա­թէն­քի մէջ (www.athensfashiontradeshow.gr/en)։
­­Ցու­ցադ­րու­թեան մի­ջո­ցա­ռու­մը կազ­մա­կեր­պուած էր ­­Նո­րա­ձե­ւու­թեան եւ ձե­ւա­ւո­րու­մի պա­լա­տին կող­մէ, ­­Յու­նաս­տա­նի հա­գուս­տի ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ըն­կե­րու­թեան (HCIA) հետ միաս­նա­բար ի­րա­կա­նա­ցած «Textile Alliances» նա­խա­ձեռ­նու­թեան ծի­րէն ներս, որ կը ֆի­նան­սա­ւո­րո­ւէր Եւ­րո­պա­կան ­­Միու­թեան ձեռ­նար­կու­թեան (EU4Business: Connecting Companies) յա­տուկ ծրա­գի­րին կող­մէ:
Ու­սում­նա­կան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան փո­խա­նակ­ման հա­մար Ա­թէնք այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս, հայ ար­տադ­րող­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան գոր­ծա­րան­ներ այ­ցե­լել, հան­դի­պում­ներ ու­նե­նալ ո­լոր­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիր­նե­րուն հետ, ո­րոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու­տան հայ­րե­նի մաս­նա­գէտ­նե­րուն մուտք գոր­ծել մի­ջազ­գա­յին նոր շու­կա­ներ եւ նո­րա­ձե­ւու­թիւն­նե­րու ար­տադ­րու­թեան դաշ­տը ընդ­լայ­նել նաեւ հայ­րե­նի­քի մէջ: