Ուր­բաթ՝ 20 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեա­նի, ­Կիպ­րո­սի նա­խա­գա­հի մար­դա­սի­րա­կան եւ ար­տերկ­րեայ հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար ­Ֆո­թիու ­Ֆո­թի­սի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Թե­րենս ­Նի­քո­լաոս ­Կո­ւի­կի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի, ­Կիպ­րո­սի եւ ­Յու­նաս­տա­նի սփիւռ­քի հար­ցե­րու հա­մա­կարգ­ման ուղ­ղու­թեամբ ա­ռա­ջին ե­ռա­կողմ հան­դի­պու­մը:
­Հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ ­Կիպ­րո­սի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի մար­դա­սի­րա­կան եւ ար­տերկ­րեայ հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տա­րի գրա­սե­նեա­կին մի­ջեւ, Ե­րե­ւա­նի մէջ, 19 ­Յու­նիս 2017ին ստո­րագ­րո­ւած սփիւռ­քի հար­ցե­րու շուրջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ փոխ-ըմբռն­ման յու­շա­գի­րի հի­ման վրայ:
­Հան­դի­պու­մը հաս­տա­տեց պաշ­տօ­նա­կան երկ­խօ­սու­թիւն եւ յատ­կան­շո­ւե­ցաւ հայ, կիպ­րա­ցի եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ պատ­մա­կան բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ամ­րապն­դու­մով եւ, միա­ցեալ ծրա­գիր­նե­րու մի­ջո­ցով, միջ-կա­ռա­վա­րա­կան երկ­խօ­սու­թեան զու­գա­հեռ, ա­նոնց մի­ջեւ մշա­կու­թա­յին, կրօ­նա­կան եւ տնտե­սա­կան ա­մուր կա­պե­րը իբ­րեւ ե­րեք եր­կիր­ներ` ի­րենց սփիւռ­քեան հա­մայնք­նե­րուն սա­տա­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան եւ ա­նոնց մի­ջեւ փոխ-ըմբռն­ման ու սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­տա­յայ­տու­թեամբ:
Ե­րեք կող­մե­րը հա­մա­ձայ­նե­ցան նաեւ ար­տերկ­րի մէջ ի­րենց կազ­մա­կեր­պո­ւած սփիւռք­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան սեր­տա­ցու­մը խրա­խու­սե­լու` ե­րի­տա­սարդ­նե­րու աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թեամբ: ­Հան­դի­պու­մին ո­րո­շո­ւե­ցաւ յա­ջորդ տա­րո­ւան գար­նան Ֆ­րան­սա­յի մէջ հրա­ւի­րել ե­րեք սփիւռք­նե­րու ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պում, որ­պէս­զի այս կա­րե­ւո­րա­գոյն փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւի գործ­նա­կան եւ յստակ աշ­խա­տան­քի եւ իր նպաս­տը բե­րէ սփիւռ­քի հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ լա­ւա­գոյն փոր­ձի եւ գի­տե­լի­քի փո­խա­նակ­ման: