ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

­Քա­նի մը օր ա­ռաջ, 11 ­Յու­լի­սին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան Դ­րա­մա­տու­նը յայ­տա­րա­րեց, թէ ո­րո­շած է յա­ռա­ջի­կայ տա­րի հրա­պա­րա­կել նոր թղթադ­րամ­ներ, ո­րով­հե­տեւ «Հ.Հ. գա­լիք տա­րի նշե­լու է դրա­մաշր­ջա­նա­ռու­թեան՝ Հ.Հ. ԴՐԱ­Մի ներդր­ման 25ա­մեա­կը, ո­րի ըն­թաց­քում ձե­ւա­ւո­րո­ւել են ա­ւան­դոյթ­ներ, ո­րոնք օ­րի­նա­կե­լի եւ ու­սու­ցա­նե­լի են դար­ձել նաեւ մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կում»։ ­Կեդր. դրա­մա­տու­նը կ’ա­ւելց­նէ, որ ներ­կա­յիս գոր­ծա­ծո­ւող 2րդ ­սե­րուն­դի թղթադրամ­նե­րը «աս­տի­ճա­նա­բար ի­րենց տե­ղը կը զի­ջեն նոր թղթադ­րամ­նե­րին՝ սա­հուն կեր­պով դուրս բե­րո­ւե­լով շրջա­նա­ռու­թիւ­նից»։
Առ այս, ­Կեդր. Դ­րա­մա­տու­նը ո­րո­շած է հրա­պա­րա­կել հե­տե­ւեալ նոր դրա­մա­նիշ­նե­րը. 1000 դրամ՝ ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի, 2000 դրամ՝ ­Տիգ­րան ­Պետ­րո­սեա­նի, 5000 դրամ՝ Ո­ւի­լեըմ ­Սա­րո­յեա­նի, 10,000 դրամ՝ ­Կո­մի­տա­սի, 20,000 դրամ՝ Այ­վա­զովս­կիի եւ 50,000 դրամ՝ Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րի­չի պատ­կեր­նե­րով։ Իսկ ­Հինգ­շաբ­թի օր ալ (­Յու­լիս 13), ­Կեդր. Դ­րա­մա­տու­նը մրցոյթ յայ­տա­րա­րեց՝ նոր հրա­պա­րա­կո­ւե­լիք թղթադ­րամ­նե­րու գե­ղա­գի­տա­կան ձե­ւա­ւոր­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։
Բ­նա­կան է, որ ո­րե­ւէ պե­տու­թիւն պար­բե­րա­բար նոր պատ­կեր­նե­րով դրա­մա­նիշ­ներ հրա­պա­րա­կէ։ Իւ­րա­քան­չիւր եր­կի­րի դրա­մա­նի­շի վրայ կը տես­նենք պատ­կեր­նե­րը այն դէմ­քե­րուն, ո­րոնք տո­ւեալ երկ­րի պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թին ու ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գի զար­գաց­ման մէջ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցեր են, կամ՝ տո­ւեալ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­կեր­տո­ւած­քին մաս կը կազ­մեն։ ­Խորհր­դա­յին օ­րե­րու ռուբ­լիին վրայ ­Լե­նի­նի նկա­րը կար ու կար (բնա­կա­նա­բար այս կամ այն ցա­րին նկա­րը պի­տի չըլ­լար…). Անգ­լիոյ եւ ­Գա­նա­տա­յի դրա­մա­նիշ­նե­րուն վրայ Է­լի­զա­պէթ Բ. ­Թա­գու­հիին նկարն է (բայց ո՛չ անգ­լիա­կան ֆութ­պո­լի հե­րոս ­Պո­պի ­Չարլ­թը­նի­նը), ­Թուր­քիոյ պա­րա­գա­յին՝ Ա­թա­թուրքն է բազ­մած (բնա­կա­նա­բար ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեա­նի նկա­րը պի­տի չդնէին…), հնդկա­կան ռու­փիին վրայ ­Մա­հաթ­մա ­Կան­տին է, իսկ ա­մե­րի­կեան­նե­րուն վրայ՝ նա­խա­գահ­նե­րու եւ ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դի դէմ­քե­րու նկար­ներն են եւ այս­պէս շա­րու­նա­կա­բար։
­Տե­սէ՛ք, թէ ի՜նչ տե­ղի կ’ու­նե­նայ։
­Հա­յաս­տա­նի մէջ պե­տա­կան մա­կար­դա­կով ո­րո­շում կայ յա­ջա­ռի­կայ տա­րո­ւան ­Մա­յի­սին նշե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կը եւ այս կա­պակ­ցու­թեամբ ստեղ­ծո­ւած է յա­տուկ յանձ­նա­ժո­ղով (ո­րուն բաղ­կա­ցու­ցիչ կազ­մին նկատ­մամբ այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը եւ ի­րեն գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րը լուրջ վե­րա­պա­հու­թիւն­ներ ու­նին), ո­րուն պար­տա­կա­նու­թիւնն է պե­տա­կան մա­կար­դա­կով նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ առ­նե­լու եւ կազ­մա­կեր­պե­լու։­Նոր դրա­մա­նիշ­նե­րու հրա­պա­րակ­ման ի­մաս­տով ալ ­Հա­յաս­տա­նը բա­ցա­ռու­թիւն չէ… սկզբուն­քով։
­Բայց ե­րե­ւի…­բա­ցա­ռու­թիւն է։
­Հե­տե­ւա­բար՝ կ’ակն­կա­լո­ւի, որ պե­տա­կան ներ­քին տրա­մա­բա­նու­թիւն մը գոր­ծէ այս ծի­րէն ներս։
­Բայց տրո­ւած ըլ­լա­լով, որ ­Հա­յաս­տան «բա­ցա­ռու­թիւն է» (ինչ­պէս վե­րը ը­սինք), ­Կեդ­րո­նա­կան Դ­րա­մա­տան հա­մար յա­ռա­ջի­կայ տա­րին կը յատ­կան­շո­ւի… հայ­կա­կան դրա­մա­նի­շի՝ ԴՐԱ­Մի որ­դեգ­րու­մի 25ա­մեա­կով եւ վեր­ջա­կէտ։
­Կեդ­րո­նա­կան Դ­րա­մա­տան մար­դոց ու 3րդ ­սե­րուն­դի դրա­մա­նիշ­նե­րու հար­ցով կազ­մո­ւած յա­տուկ յանձ­նա­խում­բին հա­մար գո­յու­թիւն չու­նի հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թեան ստեղ­ծու­մի 100ա­մեակ, ո­րուն հա­մար ար­ժէր 3րդ ­սե­րուն­դի թղթադ­րամ­նե­րը զար­դա­րել նոյն այդ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը կեր­տած ան­ձե­րու դի­ման­կար­նե­րով. այ­սինքն՝ մաս­նա­յա­տուկ կեր­պով՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան ու ան­ձեւ քաո­սէն պե­տու­թիւն ստեղ­ծած չորս վար­չա­պետ­նե­րը, Դ­րոն, զօր. ­Սի­լի­կեանն ու ­Թով­մաս ­Նա­զար­բէ­կեա­նը։
­Մեր բո­լո­րին ան­վե­րա­պահ յար­գան­քին ար­ժա­նի դէմ­քեր են ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կը եւ ­Կո­մի­տա­սը։ ­Յար­գան­քի պա­կաս իբ­րեւ թող չմեկ­նա­բա­նո­ւի, բայց ծուռ նստինք շի­տակ խօ­սինք, Այ­վա­զովս­կին, ­Տիգ­րան ­Պետ­րո­սեա­նը եւ Ո­ւի­լեըմ ­Սա­րո­յեա­նը այդ­քա՞ն ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին դէմ­քեր են, ո­րոնց նկար­նե­րը ար­ժէ երկ­րի մը դրա­մա­նի­շին վրայ զե­տե­ղե­լը։ ­Հա­պա՞ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րի­չը… Ե­թէ խնդի­րը հա­սաւ վեր­ջի­նին, հո՛ն եւս սայ­թա­քում կայ, ո­րով­հե­տեւ հա­յոց քրիս­տո­նէաց­ման, կամ՝ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը իբ­րեւ պե­տա­կան կրօն պար­տադ­րե­լու հար­ցին մէջ, Գր. ­Լու­սա­ւո­րի­չը պար­զա­պէս գոր­ծիք մըն էր. հոն կար քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում եւ քա­ղա­քա­կան կամք, ո­րուն հե­ղի­նա­կը միայն ու միայն Տր­դատ Բ. թա­գա­ւորն էր։
Այս յօ­դո­ւա­ծագ­րին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը այն չէ, որ «անգ­լիա­ցի­նե­րը ­Պո­պի ­Չարլ­թը­նին նկա­րը չեն դրած, մենք ին­չո՞ւ ­Տիգ­րան ­Պետ­րո­սեա­նի­նը դնենք», կամ՝ ­Սու­րիան Ա­պուլ ‘Ա­լա ալ ­Մաար­րիին նկա­րը չէ դրած, մենք ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի­նը ին­չո՞ւ դնենք»։ ­Մե­զի չի խառ­նո­ւիր այս կամ այն պե­տու­թեան ա­ռած քայ­լը այս ծի­րէն ներս։ Ինչ­պէս ը­սինք, իւ­րա­քան­չիւր պե­տու­թիւն իր թղթադ­րամ­նե­րը կը զար­դա­րէ նկար­նե­րով այն դէմ­քեըուն, ո­րոնք այդ ժո­ղո­վուր­դին ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գին, պատ­մա­կան ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին դէպ­քե­րուն կամ դէմ­քե­րուն սեր­տօ­րէն կ’առն­չո­ւին։
­Մեր ար­ծար­ծած խնդի­րը այն է, որ երբ յա­ռա­ջի­կայ տա­րին 100ա­մեակն է ­Մա­յիս 28ին հռչա­կո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան եւ պե­տա­կա­նօ­րէն կը պատ­րաս­տո­ւինք նշե­լու այդ յո­բե­լեա­նը, ­Կեդր. Դ­րա­մա­տան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը թերթ չի՞ կար­դար, լուր չու­նի՞ նման ի­րա­դար­ձու­թե­նէ մը. ո՞ր մո­լո­րա­կին վրայ կ’ապ­րին ար­դեօք ­Կեդր. Դ­րա­մա­տան կա­ռա­վա­րիչ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը։ Ի­րենց հա­մար 2018ին կայ ու չկայ ԴՐԱ­Մի շրջա­նա­ռու­թեան 25ա­մեա՞կն է միակ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նին։ Ե­թէ այդ­պէս է, ու­րեմն ­Կեդր. Դ­րա­մա­տան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կա­տա­րե­լա­պէս զուրկ է պե­տա­կան ու ազ­գա­յին վար­քա­գի­ծի ո­րե­ւէ նշոյ­լէ. բան մը, որ ինք­նին ախ­տա­վա­րակ հո­գե­բա­նու­թեան ու մտա­ծե­լա­կեր­պի հե­տե­ւանք է։
­Պե­տա­կա­նա­զուրկ ժո­ղո­վուրդ մը պե­տա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցաւ 28 ­Մա­յիս 1918ին։ Գտ­նո­ւե­ցաւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, որ իր քա­ղա­քա­կան կամ­քով ու գա­ղա­փա­րա­կան սկզբունք­նե­րով, յա­ջո­ղե­ցաւ այդ օ­րե­րուն ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի ան­կիւ­նա­դարձ մը ստեղ­ծել մեր ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ։ Այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը (­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը) մեր ժո­ղո­վուր­դին տո­ւաւ այն ղե­կա­վար դէմ­քե­րը (ո­մանք դաշ­նակ­ցա­կան, ու­րիշ­ներ՝ ոչ), ո­րոնք ցու­ցա­բե­րե­ցին հա­մա­պա­տաս­խան կամք, թէ՛ զի­նո­ւո­րա­կան եւ թէ՛ քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով։ ­Նոյն այդ դէմ­քե­րը ու­նին ա­նուն։ Կրկ­նու­թեան գնով դար­ձեալ թո­ւենք ո­մանց ա­նուն­նե­րը՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան, զօր. ­Մով­սէս ­Սի­լի­կեան, զօր. ­Դա­նիէլ ­Բէկ ­Փի­րու­մեան, Դ­րօ, չորս վար­չա­պետ­նե­րը՝ ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նի, Ա­լեք­սանդր ­Խա­տի­սեան, ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան եւ ու­րիշ­ներ։ ­Հե­տե­ւա­բար, հա­մա­հունչ ըլ­լա­լու հա­մար 100ա­մեա­կի ա­ռի­թով դրսե­ւո­րո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան ներ­քին տրա­մա­բա­նու­թեան եւ ո­րո­շու­մին, Հ.Հ. ­Կեդր. Դ­րա­մա­տու­նը պար­տա­ւո՛ր է վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լու նոր թղթադ­րամ­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ իր քա­նի մը օր ա­ռա­ջո­ւան ո­րո­շու­մը, եւ կա­յաց­նէ նոր ո­րո­շում՝ 3րդ ­սե­րուն­դի թղթադ­րամ­նե­րը զար­դա­րե­լու պե­տա­կա­նու­թիւն կեր­տած սե­րուն­դի վե­րոն­շեալ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու նկար­նե­րով։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը, վար­չա­պե­տը եւ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վը պար­տա­ւոր են ի­րենց խօս­քը ու­նե­նա­լու ­Կեդր. Դ­րա­մա­տան այս ի­րա­պէ՛ս խռպոտ եւ ի­րա­պէ՛ս ան­կապ ո­րո­շու­մին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ս­թա­փե­ցէ՛ք պա­րո­նայք։