Ազգային Ժողովը առաջին ընթերցմամբ միաձայն ընդունեց «Ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող Իրաքի Հանրապետութեան տարածքներու մէջ եզիտի ժողովուրդին նկատմամբ 2014ին իրականացուած ցեղասպանութեան դատապարտման մասին» նախագիծը:
Նախագիծը դրուեցաւ քուէարկութեան եւ ընդունուեցաւ 91 կողմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Նախագիծ-յայտարարութեան հեղինակներուն` ազգութեամբ եզիտի պատգամաւոր Ռուստամ Մախմուդեանին, Վահրամ Բաղդասարեանին եւ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատասխանատու Արմէն Ռուստամեանին միացած են նաեւ` Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան խմբակցութիւնը, «Ծառուկեան Դաշինք» խմբակցութիւնը,Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութիւնը,«Ելք Դաշինք» խմբակցութիւնը:
Նախքան քուէարկութիւնը՝ հանրապետական Սամուէլ Ֆարմանեան նշած է, որ ըրած է առաջարկներ, որոնք կարծես թէ չեն ընդունուած հեղինակներուն կողմէ.- «Ո՛չ մէկ ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի մէջ ճանաչում բառը չ՛օգտագործուիր, մենք շատ երկիրներ կը մեղադրենք ընտրովի վերաբերմունքի համար, մենք ալ նոյնը չընենք ու ամբողջութեամբ դատապարտենք»,- կոչ ըրած է ան:
Հայաստանի խորհրդարանը ճանչցաւ եզիտիներու ցեղասպանութիւնը
Հայաստանի խորհրդարանը ճանչցաւ եզիտիներու ցեղասպանութիւնը