«ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ի մօտ լա­ւա­շի խնդի­րը կրնանք փա­կո­ւած հա­մա­րել, քա­նի որ մեր նպա­տա­կը ի­րա­կա­նա­ցո­ւած է. ­Հա­յաս­տա­նի լա­ւա­շին վե­րա­բե­րեալ ներ­կա­յա­ցո­ւած յայ­տը «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ի մօտ գրան­ցո­ւած է, բան մը, որ ան­բե­կա­նե­լի է»,- «­Հայ ­Ձայն»ի հետ զրոյ­ցի ժա­մա­նակ նշեց Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու վար­չու­թեան պետ ­Վահ­րամ ­Կա­ժո­յեան: ­Վե­րոն­շեալ յայ­տը, ­Կա­ժո­յեա­նին խօս­քով, գրան­ցո­ւած է 2015 թո­ւա­կա­նի ­Դեկ­տեմ­բե­րին եւ այն­քան ժա­մա­նակ, որ ­Հա­յա­սա­տա­նի ­Հա­ն­րա­պե­տու­թիւ­նը կայ, յայ­տը ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թեան են­թա­կայ չէ: «­Պէտք է ընդգ­ծել, որ «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ի մարդ­կու­թեան ոչ-նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ցան­կին մէջ եր­բեք չեն գրան­ցո­ւիր ճա­շա­տե­սակ­ներ, հա­ցա­տե­սակ­ներ, այլ կը գրան­ցո­ւին այդ ճա­շա­տե­սակ­նե­րուն, հա­ցա­տե­սակ­նե­րուն հետ կա­պո­ւած մշա­կու­թա­յին դրսե­ւո­րում­նե­րը, եւ ոե­ւէ մէ­կուն ի­րա­ւունք չի տրա­մադ­րեր սե­փա­կա­նաշ­նոր­հե­լու այս կամ այն ճա­շա­տե­սա­կը: ­Լա­ւա­շը չէ գրան­ցո­ւած իբ­րեւ հայ­կա­կան հա­ցա­տե­սակ, այլ գրան­ցո­ւած են լա­ւա­շի հետ կա­պո­ւած մշա­կու­թա­յին դրսե­ւո­րում­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ նկար­չու­թեան, գրա­կա­նու­թեան եւ այլ­նի մէջ: ­Կո­մի­տէն չի քա­ջա­լե­րեր ո­րե­ւէ մշա­կու­թա­յին ար­ժէ­քի ազ­գայ­նա­կա­նա­ցու­մը, բայց դէմ չէ, որ ան­դամ եր­կիր­նե­րը գրան­ցեն նոյ­նան­ման ա­ւան­դու­թիւն­ներ, ե­թէ ա­նոնք առ­կայ են»,- յայտ­նեց ­Կա­ժո­յեան՝ նշե­լով, որ այս պա­րա­գա­յին տեղ ու­նի եր­կիր­նե­րու սե­փա­կան պատ­մու­թեան հան­դէպ ազ­նո­ւու­թիւ­նը: Ըստ մեր զրու­ցա­կի­ցին, մենք՝ հա­յերս, եր­բեք չենք փոր­ձեր ա­պա­ցու­ցել, որ լա­ւա­շը հայ­կա­կան է, սա­կայն մեր սե­փա­կան պատ­մու­թիւն չու­նե­ցող դրա­ցի­նե­րը կը փոր­ձեն կեղ­ծե­լով դրա­ցի­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը, ստեղ­ծել սե­փա­կա­նը: «Այն ա­մէ­նը, ինչ Ատր­պէյ­ճան գրան­ցած է «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ի մօտ, կա­րե­լի է բաժ­նել 2 մա­սի՝ պարս­կա­կան ու հայ­կա­կան ծա­գում ու­նե­ցող: ­Բայց որ­պէս «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ի ան­դամ եր­կիր, Ատր­պէյ­ճան ի­րա­ւունք ու­նի ներ­կա­յաց­նե­լու իր տա­րած­քին գտնո­ւող ո­րե­ւէ մշա­կու­թա­յին դրսե­ւո­րում: Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ եւս լա­ւաշ կայ, բայց այն Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ տա­րա­ծո­ւած է այն­տեղ ապ­րող հա­յե­րուն մի­ջո­ցով, եւ Ատր­պէյ­ճան հա­յե­րու կող­մէ լա­ւա­շը գրան­ցե­լէն ետք սկսաւ կեղ­ծա­րա­րու­թիւն­ներ ը­նել: Ա­նոնք ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն կը տա­րա­ծէին, իբ­րեւ թէ գրանց­ման յայ­տը մեր­ժո­ւած է եւ այլն, մենք, ի հար­կէ, հա­կա­դար­ձե­ցինք ան­մի­ջա­պէս ­Կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ: «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ի ծի­րին մէջ մեր խնդիրն էր ա­պա­ցու­ցել, որ Ատր­պէյ­ճան միա­կը չէ այդ յայ­տը գրան­ցե­լու հար­ցին մէջ»:
Ըստ ­Կա­ժո­յեա­նի՝ լա­ւա­շը մեր մօտ ու­նի իր ու­րոյն դե­րը մեր մշա­կոյ­թին մէջ, բան մը, որ կը բա­ցա­կա­յի ատր­պէյ­ճա­նա­կա­նին մէջ եւ այդ է, որ հայ­կա­կան կող­մը փոր­ձած է ա­պա­ցու­ցել: Իր խօս­քին մէջ մեր զրու­ցա­կի­ցը նշեց, որ 2014 թո­ւա­կա­նին Ատրպէյ­ճան յայտ ներ­կա­յա­ցու­ցած է փո­լօ ա­նու­նով խա­ղը գրան­ցե­լու հա­մար՝ նշե­լով, որ այն կը խա­ղան ­Ղա­րա­բա­ղեան ձիե­րով, այ­սինքն՝ Ատր­պէյ­ճա­նի միակ ցան­կու­թիւ­նը ե­ղած է ընդգր­կել «­Ղա­րա­բա­ղեան» բա­ռը եւ քա­ղա­քա­կա­նաց­նել ե­րե­ւոյ­թը: