Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը նպա­տա­կադ­րէ, 2017-2022 թո­ւա­կան­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցո­ւե­լիք քայ­լե­րու եւ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ար­դիւն­քով, տա­րե­կան զբօ­սաշր­ջա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու թի­ւը հասց­նել առ­նո­ւազն 3 մի­լիո­նի:
Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րես», այս մա­սին նշո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ծրագ­րին մէջ, որ նա­խա­րար­նե­րու ար­տա­հերթ նիս­տի ժա­մա­նակ ար­ժա­նա­ցած է հա­ւա­նու­թեան եւ ու­ղար­կո­ւած Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի քննարկ­ման:
Զ­բօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տը կար­գա­ւո­րող ի­րա­ւա­կան դաշ­տը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու նպա­տա­կով՝ Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ մին­չեւ 2017ի ա­ւար­տը ի­րա­կա­նաց­նել շարք մը նպա­տա­կա­յին շու­կայ հան­դի­սա­ցող եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հա­մար ­Հա­յաս­տան ա­ռանց վի­զա­յի կամ մուտ­քի ար­տօ­նագ­րի տրա­մադր­ման գոր­ծըն­թա­ցի դիւ­րա­ցում, ինչ­պէս նաեւ՝ զբօ­սաշր­ջա­յին փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու հա­մար սահ­մա­նա­յին անց­ման դիւ­րա­ցում:
­Մին­չեւ 2018ի ա­ւար­տը կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ սահ­մա­նել զբօ­սաշր­ջա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ ո­րա­կա­կան նոր պա­հանջ­նե­րը եւ ներդ­նել ա­տոնց ա­պա­հով­ման աշ­խա­տա­կարգ­նե­րը: ­Կը նա­խա­տե­սո­ւի մին­չեւ 2019 թո­ւա­կա­նի ա­ւար­տը ներդ­նել զբօ­սաշր­ջու­թեան ար­ձա­նագ­րու­թեան, մին­չեւ 2020 թո­ւա­կա­նի վեր­ջը ա­ւար­տել հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քին ժա­մա­նա­կա­կից զբօ­սաշր­ջա­յին տե­ղե­կա­տո­ւա­կան միաս­նա­կան ցան­ցի ստեղծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը:
­Հա­յաս­տա­նի ճա­նա­չե­լիու­թիւ­նը աշ­խու­ժաց­նե­լու, զբօ­սաշր­ջա­յին ար­դիւն­քի զա­նա­զա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու, վի­ճա­կագ­րա­կան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան հա­մա­կար­գը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու նպա­տա­կով՝ Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ մին­չեւ 2017 թո­ւա­կա­նի ա­ւար­տը մշա­կել եւ ըն­դու­նել «Ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր» ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը` 2018 թո­ւա­կա­նին ա­պա­հո­վե­լով ա­տոր ի­րա­կա­նա­ցու­մը:
Ծ­րա­գի­րով կը նա­խա­տե­սո­ւի 2017-2022 թո­ւա­կան­նե­րու ըն­թաց­քին պե­տա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել ­Հա­յաս­տա­նի մար­զե­րուն մէջ ա­մե­նա­մեայ ա­ւան­դա­կան փա­ռա­տօն­նե­րու, տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու եւ այլ զբօ­սաշր­ջա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման: 2017-2022 թո­ւա­կան­նե­րու ըն­թաց­քին կը նա­խա­տե­սո­ւի ընդ­լայ­նել մար­զա­կան զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ մի­ջազ­գա­յին մրցա­շա­րե­րու կազ­մա­կերպ­ման մի­ջո­ցով:Ծ­րագ­րով կը նա­խա­տե­սո­ւի 2017-2022 թո­ւա­կան­նե­րու ըն­թաց­քին ամ­րապն­դել, զար­գաց­նել եւ խթա­նել հա­մաշ­խար­հա­յին շու­կա­յի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի` որ­պէս ա­պա­հով եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան հա­մար գրա­ւիչ երկ­րի նկա­րա­գի­րը, մին­չեւ 2018 թո­ւա­կա­նի ա­ւար­տը կա­տա­րե­լա­գոր­ծել զբօ­սաշր­ջու­թեան վի­ճա­կագ­րու­թեան վար­ման մե­թո­տը` նա­խադ­րեալ­ներ ստեղ­ծե­լով Զ­բօ­սաշր­ջու­թեան ար­բա­նեա­կա­յին հա­շիւ հա­մա­կար­գի ներդր­ման հա­մար, մին­չեւ 2020 թո­ւա­կա­նի ա­ւար­տը ըն­դու­նիլ eco-զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման հա­յե­ցա­կար­գը: