­Վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցի ծի­րէն ներս, ­Նիւ Եոր­քի մէջ կը մաս­նակ­ցի Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 74րդ նս­տաշր­ջա­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն։
«Ար­մենփ­րես»ին հա­ղոր­դու­մով, Հ.Հ. Մ.Ա.Կ.ի կեդ­րո­նէն ներս վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քի­սի հետ։
­Վար­չա­պետ ­Փա­շի­նեան, ող­ջու­նե­լով ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տին, նշած է, թէ ­Հա­յաս­տան կը կա­րե­ւո­րէ ­Յու­նաս­տա­նի հետ երկ­կողմ ձե­ւա­չա­փով գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը, ա­պա նաեւ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս՝ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի խօս­քով, եր­կու եր­կիր­նե­րու բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րը եւ բարձր մա­կար­դա­կի քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը լաւ հիմք կը կազ­մեն տնտե­սա­կան, ինչ­պէս նաեւ մնա­ցեալ ո­լորտ­նե­րու մէջ փոխ­շա­հա­ւէտ կա­պե­րու զար­գաց­ման հա­մար։
Ն­շե­լով, որ ու­րախ է ծա­նօ­թա­նալու ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տին հետ՝ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս նկա­տած է, թէ հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն կը միա­ւո­րեն պատ­մա­կան կա­պե­րը, եւ երկ­կողմ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան բարձր մա­կար­դա­կը պէտք է օգ­տա­գոր­ծել՝ մնա­ցեալ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով եւս փոխ­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խո­րաց­նե­լու հա­մար։ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան եւ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս քննար­կած են երկ­կողմ գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հար­ցեր, անդ­րա­դար­ձած տնտե­սա­կան կա­պե­րու ու­ժե­ղաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, մտքեր փո­խա­նա­կած տնտե­սու­թիւն­նե­րու ներ­կայ վի­ճա­կի եւ ու­ժա­կա­նու­թեան շուրջ։ Եր­կուս­տեք նշո­ւած է, որ առ­կայ է տնտե­սա­կան նշա­նա­կա­լի նե­րուժ, եւ պէտք է աշ­խա­տիլ զայն հնա­րա­ւոր կեր­պով ի­րա­կա­նաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Եր­կու կող­մէ­րէն ընդգ­ծո­ւած է, թէ Ե­րե­ւան-Ա­թէնք ու­ղիղ օ­դա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը, որ ար­դէն կը գոր­ծէ, կը նպաս­տէ ա­ռեւտ­րատնտե­սա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջա­յին կա­պե­րու զար­գաց­ման։ Եր­կու եր­կիր­նե­րու գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րու մի­ջեւ շփում­նե­րու հզօ­րաց­ման շրջա­գի­ծին մէջ, կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տո­ւած է հա­մա­տեղ գոր­ծա­րար ֆո­րում­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը։ ­Կող­մե­րը անդ­րա­դար­ձած են նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ ծա­ւա­լած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան՝ զայն գնա­հա­տե­լով ար­դիւ­նա­ւէտ։
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը քննար­կած են ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն «­Հա­մա­պար­փակ եւ Ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծըն­կե­րու­թեան» հա­մա­ձայ­նա­գի­րի վաւե­րաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րող հար­ցեր։ ­Վար­չա­պետ ­Փա­շի­նեան նշած է, որ ար­դէն Ե.Մ. 17 ան­դամ եր­կիր­ներ վա­ւե­րա­ցու­ցած են հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, եւ խնդրած է ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տէն, որ ­Յու­նաս­տան եւս հնա­րա­ւոր կեր­պով ա­րագ, վա­ւե­րաց­նէ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը եւ ա­ջակ­ցի հա­մա­ձայ­նա­գի­րի վերջ­նա­կան ու­ժի մէջ մտնե­լուն։ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ­նե­րը մտքեր փո­խա­նա­կած են նաեւ մուտ­քի ար­տօ­նա­գիր­նե­րու ա­զա­տա­կա­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցի մեկ­նար­կին շուրջ։ ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը կա­րե­ւո­րած է ­Յու­նաս­տա­նի հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած դիր­քո­րո­շու­մը՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տը ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց ­Կիպ­րո­սի հիմ­նախն­դի­րի լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի ջան­քե­րուն՝ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։
­Նիւ Եոր­քի՝ Մ.Ա.Կ.ի կե­դրո­նէն ներս, վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան կար­ճա­տեւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ Աւստ­րա­լիոյ վար­չա­պետ Ս­քոթ ­Մո­րի­սը­նի եւ ­Կիպ­րո­սի նա­խա­գահ ­Նի­քոս Ա­նաս­տա­սիա­տի­սի հետ։