Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք նա­խորդ օ­րե­րուն, 22 ­Սեպ­տեմ­բե­րին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­րա­րատ ­Միր­զո­յեան Մ.Ա.Կ.-ի Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի լու­սանց­քին, հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց ­նախարար Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի հետ։ Զ­րու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին հայ-յու­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հա­րուստ օ­րա­կար­գին առն­չո­ւող հար­ցեր՝ կա­րե­ւոր նկա­տե­լով փոխ­շա­հա­ւէտ ­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­տա­գայ ամ­րապնդ­ման ուղ­ղո­ւած ջան­քե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
­Հան­դիպ­ումի ըն­թաց­քին կող­մե­րը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու ծի­րէն ներս փո­խա­դարձ ա­ջակ­ցու­թեան առն­չու­թեամբ։
­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը միտ­քեր փո­խա­նա­կե­ցին տա­րա­ծաշրջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի շարք մը հրա­տապ հար­ցե­րու շուրջ:
­Նա­խա­րար ­Միր­զո­յեան իր յոյն գոր­ծըն­կե­րոջ ներ­կա­յա­ցու­ց Ար­ցա­խի դէմ սան­ձա­զեր­ծո­ւած ատր­պէյ­ճա­նաթր­քա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը՝ ընդգ­ծե­լով հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տանդ­նե­րու ան­յա­պաղ վե­րա­դար­ձի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Ա­րա­րատ ­Միր­զո­յեան շեշ­տած է Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինսքի խում­բի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան հո­վա­նիին տակ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի վերսկս­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: