­Հա­կա­ռակ ան­ցեալ շա­բաթ տա­րա­ծո­ւած լու­րե­րու պաշ­տօ­նա­կան հեր­քու­մին, ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի բո­լոր տե­ղա­կալ­նե­րը (փոխ­նա­խա­րար­նե­րը)՝ Ար­տակ Ա­պի­տո­նեան, Ա­ւետ Ա­դոնց ու Ար­մէն ­Ղե­ւոն­դեան ներ­կա­յա­ցու­ցած են ի­րենց հրա­ժա­րա­կան­նե­րը, ո­րոնք ան­ցեալ շա­բաթ հա­մա­պա­տաս­խան միջ­նոր­դա­գի­րե­րով ու­ղար­կո­ւած են վար­չա­պե­տի աշ­խա­տա­կազ­մին: Այս մա­սին յայտ­նեց ­Հա­յաս­տա­նի Ա.Գ.Ն. լրա­տո­ւու­թեան եւ հան­րա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան վար­չու­թիւ­նը:
Ան­ցեալ շա­բաթ, նոյն վար­չու­թեան պետ ­Սե­րոբ ­Բե­ջա­նեան կտրա­կա­նա­պէս հեր­քած էր տե­ղա­կալ­նե­րու հրա­ժա­րու­մի լու­րը, մինչ լրագ­րա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ լայ­նօ­րէն տա­րա­ծո­ւած էր ա­նոնց կող­մէ հրա­ժա­րա­կան ներ­կա­յաց­նե­լու լու­րը։
­Յի­շեց­նենք, որ 27 ­Մա­յի­սին հրա­ժա­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Ա.Գ. նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նա­կա­տար Ա­րա Այ­վա­զեան, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Գա­գիկ ­Ղա­լա­չեա­նի եւ նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Ան­նա ­Նաղ­դա­լեա­նի հրա­ժա­րա­կան­նե­րը։