Հայաստանի քաղաքական իրականութեան լուրերէն կ՚իմանանք այն, որ օրերէ ի վեր արդէն ծանօթ էր բոլորին։
Երկրի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանի շռնդալից հրաժարականէն ետք, որուն յաջորդեցին Գագիկ Ղալաչեանի ու Աննա Նաղդալեանի հրաժարականները, այժմ յստակ կը դառնայ ժամանակէ մը ի վեր տարածուած լուրը, թէ փոխնախարարներ Արտակ Ապիտոնեան, Աւետ Ադոնց ու Արմէն Ղեւոնդեան իրենց հրաժարականները յղած են վարչապետի աշխատակազմին։
Համաշխարհային նորութիւն մը կը ներկայացնէ այս երեւոյթը, երբ երկրի մը ամէնէն զգայուն գերատեսչութեան՝ արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր բոլոր պատասխանատուները հրաժարած ըլլան ու այսպիսով երկրի արտաքին քաղաքականութեան ոլորտը անգլուխ ու անտէր մնացած ըլլայ։
Եւ մինչ տարածաշրջանին մէջ, յատկապէս հայ ատրպէյճանական սահմանին վրայ կատարուած զարգացումները կը պահանջեն արտաքին գործոց նախարարութեան կենսական եւ աշխուժ ներկայութիւնը, երկրի պաշտօնակատար վարչապետը կը շարունակէ անտեսել Ա.Գ.Ն.-ի մէջ ստեղծուած տագնապը (որու գլխաւոր պատասխատուն է), եւ «սովորականին պէս» կը վազէ շրջանէ-շրջան, նախընտրական պայքարի շիկացած մթնոլորտին մէջ համոզելու համար իր վերընտրութեան «անհրաժեշտութեան» մասին։
Հրաժարեալ նախարարի ծանրակշիռ յայտարարութիւնը՝ «Նախարարութիւնը չի կրնար համաձայնութիւն տալ գաղափարներու, որոնք մեր ազգային եւ պետական շահերուն դէմ եղած են», ամբողջութեամբ անտեսուեցաւ վարչապետի պաշտօնակատարին կողմէ, ինչպէս որ անտեսուեցան նա՛եւ նոյն մեղսակցութեան մէջ մասնակից չըլլալու միտուած տեղակալներու հրաժարականները։
Վարչապետի պաշտօնակատարը արտաքին գործոց նախարարութեան հանդէպ կը վարուի անհոգութեամբ, մտածելով, որ եթէ իր վարչախումբը վերընտրուի 20 Յունիսին, հանգիստ ժամանակ կայ նոր կառավարութեան մէջ լրացնել նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը։
Այս ապառողջ կացութեան մէջ, աւելի քան տասը օրէ ի վեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը գոյութիւնը չունի, սակայն վարչապետը յայտնի կայսերական «ես եմ պետութիւնը» ըմբռնումով ինքզինք կը ներկայացնէ միաժամանակ որպէս վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար։ Իր մենաւոր այցելութիւնը Փարիզ եւ Պրիւքսէլ, առանց արտաքին գործոց նախարարի ներկայութեան, հակառակ ոմանց մօտ՝ Արեւմուտքին կողմէ Հայաստանը գրկաբաց ընդունելու «խանդավառութեան», ցոյց տուաւ մեր երկրի արտաքին քաղաքականութեան որբութիւնը, երբ այդ այցելութենէն առաջ նախարարութիւնը արդէն անգլուխ մնացած էր։
Աւելի քան երեք տարիէ ի վեր, վարչապետի պաշտօնակատարը մեր հայրենիքի պետական մեքենան վտանգաւոր փորձարկումներու ենթարկեց։ Պատասխանատուներու իրերարայաջորդ փոփոխութիւններով պետութեան բանալի դիրքերուն վրայ, ինչպէս նաեւ բանակին մէջ, պետական մեքենան կազմալոյծ վիճակ մը ներկայացուց, որ բացի արտաքին ուժերու դերակատարութենէն, ներքին ճակատին վրայ իր ծանր ազդեցութիւնը ունեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ծանօթ զարգացումներուն։
Հայաստան կը շարունակէ անգլուխ մնալ, երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը կը թափառի անստոյգ ուղղութիւններու վրայ։
20 Յունիսին հայ ժողովուրդը պարտի վերջ տալ պատրանքներուն։ Անհրաժեշտ է ունենալ հզօր կառավարութիւն մը, որպէսզի երկիրը կարողանայ հաւաքել իր բեկորները ու վերագտնէ իր կենսական դերը տարածաշրջանին մէջ։
Հայ ժողովուրդը կանգնած է համազգային զգօնութիւնը եւ հաւաքական սթափութիւնը Հայաստանի յաջորդ օրուան առաջնորդող ուժը դարձնելու հրամայական անհրաժեշտութեան առջեւ։