Ե­րեք­շաբ­թի՝ 12 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, Ա­թէնք ժա­մա­նեց Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար պրն. Է­տո­ւարտ ­Նալ­պան­տեան՝ ըն­դա­ռա­ջե­լով իր յոյն պաշ­տօ­նա­կից ­Նի­քոս ­Գո­ծիա­սի հրա­ւէ­րին։ ­Փո­խա­դար­ձե­լով ան­ցեալ ­Մար­տին պրն. ­Գո­ծիա­սի ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան, պրն. ­Նալ­պան­տեա­նի այ­ցը շա­րու­նա­կու­թիւնն է ար­դէն իսկ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ կա­յա­ցող սերտ յա­րա­բե­րու­թեանց եւ գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման՝ զա­նա­զան կա­րե­ւոր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ Օ­րեր ա­ռաջ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի ­Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թե­նէն ետք, ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին ­Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րու­թեամբ կ­՚ըն­կա­լո­ւի եր­կու բա­րե­կամ եւ գոր­ծա­կից եր­կիր­նե­րուն կող­մէ։ Իր այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին օ­րը, պրն. է­տո­ւարտ ­Նալ­պան­տեան եւ իր պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան պրն. ­Նի­քոս ­Գո­ծիա­սի եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նէու­թեան հետ։ ­Հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին քննո­ւե­ցան զա­նա­զան հար­ցեր, ո­րոնք առն­չո­ւած են եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րու գոր­ծա­ռոյ­թին հետ, տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու քննար­կում­նե­րով, աշ­խա­տան­քա­յին խում­բե­րու ստեղ­ծու­մով, ո­րոնք պի­տի ու­սում­նա­սի­րեն եւ ի­րա­կա­նացնեն ի­րա­ւա­պայ­մա­նա­գիր­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան դաշ­տը։ ­Նոյն­պէս քննո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան սփիւռք­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու դաշ­տը։
­Նա­խա­րար ­Նալ­պան­տեան նաեւ յա­տուկ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ հել­լէն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու եւ դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու առ­ջեւ։ Այ­սօր, ­Չո­րեք­շաբ­թի ՝ 13 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, պրն. նա­խա­րարը պի­տի ըն­դու­նո­ւի ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գահ պրն. Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­բու­լո­սի կող­մէ՝ նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ։ ­Բո­լոր հան­դի­պում­նե­րուն, նա­խա­րա­րին կ­՚ըն­կե­րակ­ցի ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան պրն. ­Ֆա­թէյ ­Չար­չօղ­լեան։

­Հան­դի­պում՝ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րուն հետ

Ե­րեք­շաբ­թի՝ 12 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան հիւ­րա­նո­ցի դահ­լի­ճին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին հան­դի­պու­մը յու­նա­հայ գա­ղու­թի կրօ­նա­կան, ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։
Պրն. Է­տո­ւարտ ­Նալ­պան­տեա­նին կ­՚ըն­կե­րակ­ցէին դես­պան ­Չար­չօղ­լեան եւ նա­խա­րա­րու­թեան պատուի­րա­կու­թիւ­նը։ ­Յար­գե­լի նա­խա­րա­րը իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց հան­դիպ­ման հա­մար, ա­պա՝ լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ իր ­Յու­նաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ե­րես­նե­րուն։
­Ման­րա­մաս­նօ­րէն կեդ­րո­նա­նա­լով Ար­ցա­խեան հիմ­նախն­դի­րին վրայ՝ ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թեանց զար­գա­ցու­մը, ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի յա­րու­ցած խո­չըն­դոտ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն խօ­սակ­ցու­թեանց շրջա­գի­ծը եւ ­Հա­յաս­տա­նի դիր­քո­րո­շու­մը։
­Ներ­կա­նե­րուն կող­մէ ե­ղած հար­ցում­նե­րու պա­տաս­խան­նե­րուն ճամ­բով՝ պրն. ­Նալ­պան­տեան տե­ղե­կա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան յա­ռաջ­խա­ղաց­քին մա­սին տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս, ինչ­պէս նաեւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ տո­ւաւ մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ կա­պե­րուն մա­սին։ ­Յա­տուկ անդ­րա­դարձ ե­ղաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նա­գի­րին ստո­րագ­րու­թեան, ա­ռա­ւել նաեւ՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի վա­րած ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ծալ­քե­րուն։