Ա­ռա­ւօ­տեան տո­ւեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն,
Ք.Պ.՝ 54,23%, «­­­Հա­յաս­տան» ­­­Դա­շինք՝ 20,87%,
«­­­Պա­տիւ ու­նեմ» Դա­շինք՝ 5,24%, Բ.Հ.Կ.՝ 3,99%

«­­­Հա­յաս­տան« դա­շին­քը խիստ վի­ճա­հա­րոյց
կը հա­մա­րէ ար­դիւնք­նե­րը

Ե­րէկ, ­­­Կի­րա­կի՝ 21 ­­­Յու­նի­սին, ­­­Հա­յաս­տա­նի բո­լոր մար­զե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ար­տա­հերթ խորհրդա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք մեկ­նար­կե­ցին ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8։00-ին եւ վերջ գտան ժա­մը 20։00-ին։ ­­­Խորհր­դա­րա­նի 101 ա­թոռ­նե­րուն հա­մար, ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ի­րենց թեկ­նա­ծու­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցան 25 քա­ղա­քա­կան ու­ժեր, ո­րոնց­մէ 4-ը դա­շինք։ Ա­նոնց­մէ գլխա­ւորն էր «­­­Հա­յաս­տան» դա­շին­քը, որ կազ­մո­ւած էր ­­­Հա­յաս­տա­նի երկ­րորդ նա­խա­գահ ­­­Ռո­պերթ ­­­Քո­չա­րեա­նի, Հ.Յ.­­­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ «­­­Վե­րած­նո­ւող ­­­Հա­յաս­տան» կու­սակ­ցու­թեան միա­ւո­րու­մով։ Ըստ ­­­Կեդ­րո­նա­կան ընտրա­կան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­­­Տիգ­րան ­­­Մու­կու­չեա­նի, ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցող կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ դա­շինք­նե­րու ընտ­րա­կան ցու­ցակ­նե­րուն մէջ ընդգր­կո­ւած էին 2510 թեկ­նա­ծու­ներ։ Կ.Ը.Յ. նա­խա­գա­հը տե­ղե­կա­ցուց, որ ­­­Հա­յաս­տա­նի մէջ քո­ւէար­կու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու նպա­տա­կով կազ­մա­ւո­րո­ւած էին 2008 ընտ­րա­կան տե­ղա­մա­սեր։
Ընտ­րա­կան ցու­ցակ­նե­րուն մէջ ընդգր­կո­ւած էին 2 մի­լիոն 593 հա­զար 572 ընտ­րող­ներ, իսկ ընտ­րու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին ­­­Մու­կու­չեան յայտ­նեց, որ քո­ւէար­կու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան 1 մի­լիոն 281 հա­զար 174 քա­ղա­քա­ցի­ներ, այ­սինքն՝ ընտ­րա­զան­գո­ւած­քի 49,4%։

Արդիւնքներու պատկերը այսօր առաւօտեան

Այսօր առաւօտեան ժամը 6։30-ի դրութեամբ, Կեդրոնական ընտրական յաձնախումբի կայքէջին վրայ արձանագրուած էին Հայաստանի ամբողջ տարածքի արդիւնքները։
Ձայներու 98%-ի վրայ, ընտրական արդիւնքները գլխաւոր կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն համար կու տային հետեւեալ պատկերը։
Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած Ք.Պ. կուսակցութիւնը՝ 54,23%,
Ռոպերթ Քոչարեանի, Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան «Հայաստան» Դաշինքը՝ 20,87%,
Սերժ Սարգսեանի եւ Արթիւր Վանեցեանի «Պատիւ ունեմ» Դաշինքը»՝ 5,24%,
Գագիկ Ծարուկեանի Բ.Հ.Կուսակցութիւնը՝ 3,99%
Հանրապետական Կուսակցութիւն.՝ 3,03%
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հ.Ա.Կ-ը՝ 1,53%
Էտմոն Մարուքեանի գլխաւորած Լ.Հ.Կուսակցութիւնը՝ 1.20%
Մնացեալ մասնակցող ուժերը աւելի ցած արդիւնքներ ստացան։

­­­Մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը

Ընտ­րու­թիւն­նե­րու օ­րի­նա­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քը հե­տե­ւե­լու մտադ­րու­թեամբ ­­­Հա­յաս­տան գտնուե­ցան մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­ներ։ Գլ­խա­ւոր ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րէն մէկն էր նաեւ Եւ­րո­պա­կան ­­­Խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (Ե.Խ.Խ.Վ.) 20-ան­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, ո­րուն կը գլխա­ւո­րէր ­­­Յու­նաս­տա­նի նախ­կին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար եւ այժմ եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր Եոր­ղոս ­­­Քաթ­րու­կա­լոս։
­­­Նաեւ, Ե.Ա.Հ.Կ. կող­մէ դի­տորդ­ներ ժա­մա­նե­ցին ­­­Հա­յաս­տան հե­տե­ւե­լու հա­մար ընտ­րու­թեան կա­նո­նա­ւոր ըն­թաց­քին։ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու Օո­ւեն ­­­Մըր­ֆին լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նեց, թէ կազ­մա­կեր­պու­թեան 200 դի­տորդ­ներ շա­բաթ­նե­րէ ի վեր կը հե­տե­ւին ընտ­րու­թիւն­նե­րու ամ­բողջ զար­գա­ցում­նե­րուն։ «­­­Հա­մա­վա­րա­կի բռնկու­մէն յե­տոյ ա­ռա­ջին դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւնն է, ո­րու շրջա­գի­ծէն ներս Ե.Ա.Հ.Կ.-ն ­կար­ճա­ժամ­կէտ դի­տորդ­ներ տե­ղա­կա­յած է: Այս­տեղ, ար­դէն իսկ տե­ղա­կա­յո­ւած են շուրջ 200 կար­ճա­ժամ­կէտ դի­տորդ­ներ: Եւ այս covid-19 հա­մա­վա­րա­կէն յե­տոյ ան­նա­խա­դէպ է, ա­ռա­ջին դեպքն է», նշեց ան։ ­­­Դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ու­ղար­կած է նաեւ Հ.Ա.Պ.Կ.-ի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վը եւ Ֆ­րան­քո­ֆո­նիա­յի մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։
­­­Վե­նե­տի­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վը եւս (Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի ի­րա­ւա­կան ան­կախ մար­մի­նը) պի­տի ներ­կա­յաց­նէր ի­րա­ւա­բա­նա­կան յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն՝ ընտ­րու­թիւն­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցին հա­մար։
­­­Տիգ­րան ­­­Մու­կու­չեա­նի հա­մա­ձայն ընտ­րու­թիւն­նե­րուն կը հե­տե­ւէին 8 մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու 483 դի­տորդ­ներ։
­­­Նա­խա­տե­սո­ւած է, որ այ­սօր դի­տոր­դա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րու միա­ցեալ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը տրո­ւի, եզ­րա­փա­կե­լու հա­մար ընտ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րած ի­րենց դի­տար­կում­նե­րը եւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը։

Ար­մէն ­­­Սարգ­սեա­նի ու­ղեր­ձը

­­­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Ար­մէն ­­­Սարգ­սեան յայ­տա­րա­րու­թեամբ կոչ ը­րաւ ար­տա­հերթ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցող բո­լոր ու­ժե­րուն ըլ­լալ զուսպ եւ կշռա­դա­տո­ւած, յա­նուն քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րուն չխախ­տեն բա­րո­յա­կա­նու­թեան սահ­ման­նե­րը։
«­­­Ցա­ւօք, այս ըն­թաց­քում ե­ղան նաեւ ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան, վի­րա­ւո­րան­քի, սպառ­նա­լի­քի դրսե­ւո­րում­ներ, ե­ղան նաեւ մի­ջա­դէ­պեր, ո­րոնք յա­րիր չեն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ձգտող կամ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նից խօ­սող ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան ու­ժի կամ գործ­չի։ Ան­թոյ­լատ­րե­լի, ա­նըն­դու­նե­լի եւ խստօ­րէն դա­տա­պար­տե­լի են ի­րա­ւա­կան ու բա­րո­յա­կան սահ­ման­նե­րը հա­տե­լը, ի­րա­վի­ճա­կը լա­րե­լը, ա­ռա­ւել եւս՝ ա­տե­լու­թիւն եւ թշնա­մանք հրահ­րե­լու բո­լոր փոր­ձե­րը։
­­­Կոչ եմ ա­նում ընտ­րու­թիւն­նե­րին մաս­նակ­ցող բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րին ու դա­շինք­նե­րին, պատ­գա­մա­ւո­րու­թեան բո­լոր թեկ­նա­ծու­նե­րին, որ ի­րենց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րում եւ գոր­ծե­լա­կեր­պում լի­նեն զուսպ եւ կշռա­դա­տո­ւած, զսպո­ւա­ծու­թեան կո­չեն նաեւ ի­րենց հա­մա­կիր­նե­րին ու կողմ­նա­կից­նե­րին, լի­նեն հան­դուր­ժող ու յար­գա­լից, յա­նուն քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րի չխախ­տեն բա­րո­յա­կա­նու­թեան սահ­ման­նե­րը։
Ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րից պա­հան­ջում եմ, որ նրանք խստա­գոյնս կան­խեն օ­րէն­քի եւ ի­րա­ւուն­քի ցան­կա­ցած խախ­տում, լի­նեն ա­նա­չառ, դրսե­ւօ­րեն ա­ռա­ւե­լա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն, գոր­ծեն օ­րէն­քին հա­ւա­տա­րիմ։
Որ քա­ղա­քա­կան ու­ժին էլ նա­խա­պա­տո­ւու­թիւն տաք, ինչ­պի­սին էլ լի­նի ձեր ո­րո­շու­մը, յի­շէք, որ դա ո­րո­շում է՝ յա­նուն ­­­Հայ­րե­նի­քի, յա­նուն մեր պե­տու­թեան, յա­նուն ձեր եւ ձեր ըն­տա­նի­քի վա­ղո­ւայ օ­րո­ւայ։
­­­Քո­ւէար­կէ՛ք ար­դար ու ա­զատ, հա­շո­ւե­տու ե­ղէք միա՛յն ու միա՛յն ձեր խղճին», շեշ­տեց նա­խա­գա­հը։

Ռ. ­­­Քո­չա­րեան. «­­­Յա­նուն ար­ժա­նա­պա­տիւ
խա­ղա­ղու­թեան եւ տնտե­տա­կան վե­րել­քի»

­­­Հա­յաս­տա­նի երկ­րորդ նա­խա­գահ, «­­­Հա­յաս­տան» դա­շին­քի վար­չա­պե­տի թեկ­նա­ծու ­­­Ռո­պերթ ­­­Քո­չա­րեան, իր շրջա­նի ընտ­րա­տե­ղա­մա­սը քո­ւէար­կե­լէ ետք յայտ­նեց, որ քո­ւէար­կած է յա­նուն ար­ժա­նա­պա­տիւ խա­ղա­ղու­թեան եւ տնտե­սա­կան վե­րել­քի։
Լ­րագ­րող­նե­րուն ա­ռա­ջին հար­ցու­մին՝ թէ որ­քան կը գնա­հա­տէ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը, ­­­Քո­չա­րեան ար­ձա­գան­գեց. «­­­Կաս­կա­ծու՞մ էք»։
Անդ­րա­դառ­նա­լով ­­­Հա­յաս­տա­նի նախ­կին վար­չա­պետ ­­­Կա­րէն ­­­Կա­րա­պե­տեա­նին, նախ­կին նա­խա­գա­հը ը­սաւ. «Ակն­յայտ է, որ ­­­Կա­րէն ­­­Կա­րա­պե­տեա­նը մեզ հետ է: ­­­Յե­տա­գա­յում ինչ կար­գի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն կը լի­նի, դեռ չենք խօ­սում: Ե­կէք դա չքննար­կենք»:
«­­­Հա­յաս­տան» դա­շին­քի նկատ­մամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող հա­կա­քա­րոզ­չու­թեան վե­րա­բե­րեալ ­­­Ռո­պերթ ­­­Քո­չա­րեան նկա­տեց, որ այդ նա­խե­ւա­ռաջ օ­րէն­քի կո­պիտ խախ­տում է։
«­­­Քա­ղա­քում տե­ղադ­րո­ւած են հա­զա­րա­ւոր տե­սախ­ցիկ­ներ, ար­դէն հա­մա­ցան­ցում կադ­րեր կան։ Եւ այն փաս­տը, որ մինչ այ­սօր չի յայտ­նա­բե­րո­ւել, թէ դա ով է ա­րել, ուղ­ղա­կի մեծ կաս­կած է ա­ռա­ջաց­նում, որ դա ար­ւում է իշ­խա­նու­թեան կող­մից կամ ի­րենց ուղ­ղորդ­մամբ։ Ե­թէ մօ­տա­կայ 1-2 ժա­մո­ւայ ըն­թաց­քում ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը չյայտ­նա­բե­րի յան­ցա­գործ­նե­րին, ա­պա մենք կը յայ­տա­րա­րենք, որ դա ար­ւում է իշ­խա­նու­թեան կող­մից», յայտ­նեց ­­­Ռո­պէրթ ­­­Քո­չա­րեան։

Ի. ­­­Սա­ղա­թէ­լեան. «­­­Յա­նուն ու­ժեղ, բա­րե­կե­ցիկ,
ժո­ղովր­դա­վար եւ ազ­գա­յին ­­­Հա­յաս­տա­նի»

«­­­Հա­յաս­տան» դա­շին­քի ան­դամ, Հ.Յ.Դ. ­­­Հա­յաս­տա­նի Գ.Մ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Իշ­խան ­­­Սա­ղա­թէ­լեա­նը ­­­Գե­ղար­քու­նի­քի ­­­Գե­ղա­մա­ւան գիւ­ղի 20/16 ընտ­րա­տե­ղա­մա­սէն ներս մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա.Ժ. ար­տա­հերթ ընտ­րու­թիւն­նե­րու քո­ւէար­կու­թեա­նը։
Ան նշեց, որ քո­ւէար­կած է յա­նուն ու­ժեղ, կա­յուն, բա­րե­կե­ցիկ, ժո­ղովր­դա­վար ու անվ­տանգ ­­­Հա­յաս­տա­նի: Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ սա պե­տու­թիւն ու­նե­նալ-չու­նե­նա­լու ընտ­րու­թիւն է:
Իշ­խան ­­­Սա­ղա­թէ­լեան նշեց, որ այ­սօր ի­րենց ի­րա­կա­նա­ցու­ցած աշ­խա­տան­քի ամ­փո­փումն պի­տի ըլ­լայ եւ ժո­ղո­վուր­դը յաղ­թա­նակ պի­տի ար­ձա­նագ­րէ՝ պե­տա­կա­նու­թիւն ու­նե­նա­լու եւ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դին վե­րա­դարձ­նե­լու ի­մաս­տով:
Ըստ ­­­Սա­ղա­թէ­լեա­նի՝ հան­րա­պե­տու­թեան ամ­բողջ տա­րած­քին կի­րա­ռո­ւող վար­չա­կան աղ­բիւր­նե­րը, շտա­պի ան­դամ­նե­րը քաշք­շելն ու բա­ժին­ներ հրա­ւի­րե­լը կը վկա­յեն իշ­խա­նու­թեան ջղաձ­գում­նե­րու ու պար­տու­թեան զգա­ցու­մին մա­սին: ­­­Նաեւ ա­ւել­ցուց, որ ի­րենք մին­չեւ վերջ տէր պի­տի կանգ­նին ի­րենց քո­ւէին, պի­տի կան­խեն ա­մե­նա­թո­ղու­թիւն, իսկ ընտ­րու­թիւն­նե­րէն յե­տոյ իւ­րա­քան­չիւ­րը պա­տաս­խան պի­տի տայ:

­­­Նի­կոլ ­­­Փա­շի­նեան քո­ւէար­կեց, բայց խու­սա­փե­ցաւ լրագ­րող­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լէ

­­­Վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նա­կա­տար, «­­­Քա­ղա­քա­ցիա­կան պայ­մա­նա­գիր» կու­սակ­ցու­թեան վար­չա­պե­տի թեկ­նա­ծու ­­­Նի­կոլ ­­­Փա­շի­նեան մաս­նակ­ցե­ցաւ քո­ւէար­կու­թեան, սա­կայն քո­ւէար­կե­լու ժա­մին մա­սին ա­նոր գրա­սե­նեա­կը նա­խօ­րօք տե­ղա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը չէր տե­ղե­կա­ցու­ցած, իսկ մի­ջազ­գա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջո­ցի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի մը հար­ցու­մին ալ ար­ձա­գան­գեց ը­սե­լով, որ ո­րե­ւէ մեկ­նա­բա­նու­թիւն չի տար։
­­­Փա­շի­նեան ընտ­րա­տե­ղա­մա­սի բա­կին մէջ հա­ւա­քո­ւած իր կողմ­նա­կից­նե­րուն հետ լու­սան­կա­րո­ւե­ցաւ ու հե­ռա­ցաւ։

«­­­Հա­յաս­տան» դա­շին­քի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը. «­­­Խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րի հրա­պա­րա­կո­ւող ար­դիւնք­նե­րը խիստ վի­ճա­հա­րոյց են եւ վստա­հու­թիւն չեն ներշն­չում»

­­­Խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րի հրա­պա­րա­կո­ւող ար­դիւնք­նե­րը խիստ վի­ճա­հա­րոյց են եւ վստա­հու­թիւն չեն ներշն­չում։
Դ­րանք ծայ­րա­յեղ հա­կա­սու­թեան մէջ են մտնում հան­րա­յին կեան­քի տար­բեր դրսե­ւո­րում­նե­րի հետ, ո­րոնց ա­կա­նա­տեսն ենք ե­ղել ան­ցած 8 ա­միս­նե­րի ըն­թաց­քում, հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­սում­նա­սի­րու­թեան բո­լոր ար­դիւնք­նե­րի հետ՝ այդ թւում մի­ջազ­գա­յին, վեր­ջա­պէս՝ պարզ բա­նա­կա­նու­թեան հետ:
­­­Քա­րո­զար­շա­ւի ըն­թաց­քում ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րի խիստ բազ­մա­մարդ հա­ւաք­նե­րը եւ իշ­խա­նու­թեան ակն­յայտ սա­կա­ւա­մարդ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը, երկ­րում առ­կայ վստա­հու­թեան ճգնա­ժա­մը մատ­նա­ցոյց էին ա­նում լրիւ այլ հան­րա­յին տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րի առ­կա­յու­թիւ­նը:
Վս­տա­հու­թեան պա­կա­սի լրջա­գոյն հիմք են հան­դի­սա­նում բուն ընտ­րու­թեան օ­րը տար­բեր տե­ղա­մա­սե­րից ե­կող հա­րիւ­րա­ւոր ա­հա­զան­գե­րը, ո­րոնք վկա­յում են ընտ­րու­թեան ար­դիւնք­նե­րի հա­մա­կար­գո­ւած եւ նա­խա­պէս պլա­նա­ւո­րո­ւած (ծրագ­րո­ւած – Խմբ.) կեղ­ծա­րա­րու­թեան մա­սին:
­­­Հա­շո­ւի առ­նե­լով վե­րոգ­րեա­լը՝ «­­­Հա­յաս­տան» դա­շին­քը խնդիր է դնում ար­ձա­նագ­րո­ւած եւ են­թադ­րո­ւող խախ­տում­նե­րի խո­րը եւ փաս­տար­կո­ւած ու­սում­նա­սի­րու­թեան, ին­չին ձեռ­նա­մուխ ենք լի­նում ան­մի­ջա­պէս:
­­­Քա­նի դեռ բո­լոր խնդրա­հա­րոյց հար­ցե­րը չեն ստա­ցել սպա­ռիչ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ, եւ փա­րա­տո­ւած չեն կաս­կած­նե­րը, «­­­Հա­յաս­տան» դա­շին­քը չի ըն­դու­նե­լու ընտ­րու­թիւն­նե­րի ար­դիւնք­նե­րը:

«­­­Հա­յաս­տան» դա­շինք