­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին, «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կրթա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ե­րաժշ­տա­նո­ցի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու միու­թեան, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 6 ­Յու­նիս 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։30ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հնա­բա­նա­կան թան­գա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած կեդ­րո­նա­կան ե­լոյ­թը, ներ­կա­յու­թեամբ՝ շրջա­նի ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւին, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան հե­ռա­նիստ ան­դա­մու­հիին, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ան­դա­մին, տեղ­ւոյն ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին, ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տին եւ այլ ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նէն ներս գոր­ծող բո­լոր միու­թիւն­նե­րու, ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, հիւ­րե­րու, բա­րե­կամ­նե­րու, բա­րե­րար­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հոծ բազ­մու­թեան։
Օ­րո­ւան նա­խա­գահ-հան­դի­սա­վարն էր շրջա­նի ­Կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ ետք՝ ընդ­հա­նուր ակ­նարկ մը ը­րաւ օ­րո­ւան խոր­հուր­դին մա­սին, որ պա­տա­հե­ցաւ 100 տա­րի­ներ ա­ռաջ, յա­նուն հայ­րե­նի­քի ա­զա­տու­թեան ու խա­ղա­ղու­թեան։ Ա­պա, ան օ­րո­ւան ծրա­գի­րը վա­րեց եւ հրա­ւի­րեց՝ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ ե­լոյ­թը ու­շադ­րու­թեամբ դի­տե­լու եւ լսե­լու։
Օ­րո­ւան տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ, իր սրտի խօս­քը փո­խան­ցեց ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ փոխ-նա­խա­րա­րու­հի տիկ. ­Մա­րիա ­Գո­լիա ­Ցա­րու­խա։ Ա­պա, օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սը՝ գրող եւ հրա­պա­րա­կա­գիր պրն. ­Սավ­վաս ­Գա­լեն­տե­րի­տիս սպա­ռիչ կեր­պով փո­խան­ցեց «­Սար­դա­րա­պա­տի ­Ճա­կա­տա­մար­տէն մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան հիմ­նադ­րու­մը» խո­րագ­րով նիւ­թը, ուր ան Projectorի վրայ ցոյց տո­ւաւ յա­ջոր­դա­բար ­Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ճնշում­նե­րը, դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, մար­տահ­րա­ւէր­ներն ու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը՝ հաս­նե­լով մին­չեւ 28 ­Մա­յիս 1918 թո­ւա­կա­նը։
Ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ճոխ յայ­տա­գիր։ ­Յայտ­նի եւ հան­րա­ծա­նօթ դաշ­նա­կա­հա­րու­հի տիկ. ­Յաս­միկ Ա­թա­պէ­կեան-­Գաս­պա­րեան եւ իր դուստ­րը՝ ջու­թա­կա­հա­րու­հի Է­մի­լիա ­Գաս­պա­րեան, որ 20 օ­րեր ա­ռաջ Պ­րիւք­սէ­լի մէջ մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թի մը ըն­թաց­քին դափ­նե­կիր հան­դի­սա­ցած էր, միաս­նա­բար դաշ­նա­մու­րով ու ջու­թա­կով ներ­կա­յա­ցու­ցին բարձր մա­կար­դա­կի հայ­կա­կան կտոր­ներ՝ ներ­կա­նե­րուն վե­րաց­նե­լով։
Ա­պա՝ հան­դէս ե­կաւ տիկ. Աստ­ղիկ ­Գա­նա­պե­տեան, իր գե­ղե­ցիկ բա­նաս­տեղ­ծա­կան ո­ճը օգ­տա­գոր­ծե­լով՝ աս­մուն­քեց ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի «­Մենք քիչ ենք, սա­կայն մեզ հայ են ա­սում…» հրա­շա­լի քեր­թո­ւա­ծը, ուր ե­րաժշ­տու­թեան մէջ կեն­դա­նի ներ­կա­յա­ցու­մով հան­դէս ե­կան Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­ներն ու ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ծաղ­կոց շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը՝ որ­պէս խորհր­դա­նիշ հա­յու­թեան փոքր ա­ծո­ւին, սա­կայն հա­յու վա­յել ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նը ապ­րե­լու, ապ­րեց­նե­լու, ներ­կա­յաց­նե­լու օ­տար ա­մա­յի ճամ­բէ­քի սփիւռ­քեան մէկ շնչող ու ապ­րող գա­ղու­թէ մը ներս։ Որ­քա՜ն տպա­ւո­րիչ մթնո­լորտ տի­րեց հնա­բա­նա­կան թան­գա­րա­նէն ներս այս ներ­կա­յա­ցու­մով, որ ներշն­չո­ւած կեր­պով պատ­րաս­տո­ւած էր տիկ. ­Սի­րան ­Չա­լը­քեա­նի կող­մէ։ ­Տիկ. ­Չա­լը­քեա­նի ներշն­չու­մը վստահ ենք, որ մեծ հետք պի­տի ձգէ մեր ե­րի­տա­սարդ նոր սե­րուն­դի կեան­քէն ներս։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րին վեր­ջին բա­ժի­նով հան­դէս ե­կան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «ΟΤΕ» երգ­չա­խում­բը, ինչ­պէս նաեւ «ΑΡΣΑΚΕΙΟ» տար­րա­կան դպրո­ցի ման­կա­կան երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Ի­րաք­լիս ­Փա­նա­ղո­փու­լո­սի, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին տար­բեր տե­ղա­կան եւ օ­տար եր­գեր՝ ա­ռա­ւել ճո­խաց­նե­լով օ­րո­ւան հան­դի­սու­թիւ­նը։
­Յատ­կան­շա­կան ու բարձր գնա­հա­տե­լի ե­րե­ւոյթ էր, երբ այս եր­կու երգ­չա­խումբ­նե­րը, յա­ջոր­դա­բար 2 հայ­կա­կան եր­գե­րով՝ «­Հայ­րե­նի­քիս հետ» եւ «­Սար­դա­րա­պատ» գոր­ծե­րով հան­դէս ե­կան ու ներ­կա­նե­րուն ան­դադ­րում ծա­փող­ջոյն­նե­րով գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան։
Ա­ւար­տին, կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բը կա­տա­րեց յու­շա­նո­ւէր­նե­րու յանձ­նում, յա­ջոր­դա­բար՝ օ­րո­ւան բա­նա­խօս պրն. ­Սավ­վաս ­Գա­լեն­տե­րի­տի­սին, եր­գչա­խումբ­նե­րու ղե­կա­վար պրն. Ի­րաք­լիս ­Փա­նա­ղո­փու­լո­սին, թան­գա­րա­նին տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Լիա­նա Ս­տե­ֆա­նիին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ե­րաժշ­տա­նոց­նե­րու տնօ­րէն, ե­լոյթ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու եւ ա­տե­նա­պետ պրն. Եոր­ղոս ­Գոնս­թան­տի­նի­տի­սին, ­Բիւ­զան­դա­կան ­Թան­գա­րա­նի երգ­չա­խում­բի ղե­կա­վա­րու­հի տիկ. Է­լի­զա­պէթ ­Տէ­մի­րօղ­լո­ւին, աս­մուն­քող տիկ. Աստ­ղիկ ­Գա­նա­պե­տեա­նին, յայտ­նի ջու­թա­կա­հա­րու­հի եւ դաշ­նա­կա­հա­րու­հի Է­մի­լիա ­Գաս­պա­րեա­նին ու ­Յաս­միկ Ա­թա­պէ­կեա­նին, ո­րոնք շնոր­հա­կա­լա­կան եւ ե­րախ­տա­գի­տա­կան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը վերջ գտաւ հնա­բա­նա­կան թան­գա­րա­նի շրջա­փա­կին մէջ «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն կա­տա­րած հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան պա­րե­րով: Ա­նոնք հայ­կա­կան գե­ղե­ցիկ զգեստ­նե­րով ու պա­րի ա­րո­ւես­տով հմա­յե­ցին ներ­կա­նե­րը։
­Տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։

«ԿԵՑՑԷ՛ ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ԻՐ ԱՄՐԱԿՈՒՌ ԱՐՑԱԽՈՎ
ԵՒ ԻՐ ՈՒԺԵՂ ՍՓԻՒՌՔՈՎ»
«ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԲՈԼՈՐԻՆ ՎԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ»