Կիրակի՝ 28 Մայիս 2017ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս համախմբուած մեծ թիւով ժողովուրդը, խանդավառ մթնոլորտի մէջ, նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան թուականը՝ այն գիտակցութեամբ, թէ Մայիս 28ը պատմական փորձառութիւն մըն է, որ յիշատակելի եւ անմոռանալի կը մնայ տարիներու ընթացքին: Այդ օրերուն արձանագրուած յաջողութիւններն են, որ մեզ կ’առաջնորդեն եւ հայու կեանքը կ’իմաստաւորեն։
Կազմակերպութեամբ Աթէնքի Հ.Յ.Դ. երեք Կոմիտէներուն՝ Գոքինիոյ «Վարանդեան», Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» եւ Աթէնքի «Գաբրիէլ Լազեան» Կոմիտէներուն, Հայաստանի անկախութեան 99ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Յունահայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. ՊԷզազեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի առաջնորդ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան եւ հիւրաբար Աթէնք գտնուող վերապատուելիներ, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան, Հ.Կ. Խաչի, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչներ, Աթէնքի երեք շրջաններու Կոմիտէութեանց ընկերներ եւ սրահը ծայրէ ծայր լեցուցած հայրենակիցներ ու մեծ թիւով երիտասարդներ ու պատանիներ։
Ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Հայաստանի քայլերգը, ապա՝ օրուան նախագահ-հանդիսավար ընկ. Տիգրան Չիչէքեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց, թէ այսօր Մայիս 28ի 99ամեակի առիթով «մենք պարտինք յիշենք անցեալը, առաջնորդուինք Մայիսեան յաղթանակը կերտողներու ոգիով, եւ յոյսով դիմաւորենք ապագան, նորանոր նուաճումներ մաղթելով հայ ազգին եւ հայրենիքին։
«Մենք այսօր՝ Մայիսեան յաղթանակէն 99 տարիներ ետք, հպարտ ենք մեր ազատ, անկախ հայրենիքով, որ արդէն 26 տարեկան է։ 1960ական թուականներէն սկսեալ, մէ՛կ է հայ ժողովուրդին համար տեսլանակը՝ «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»։ Տարիներ շարունակ պահանջեցինք եւ արդէն այսօր «ազատ եւ անկախ» բառերը իրականացած են եւ աւելի մեծ ուժով կը հետապնդենք երրորդ՝ «միացեալ» կէտի իրականացումը, Արցախի խնդրի արդար լուծումը պահանջելով։
«Իրա՛ւ, ո՞վ պիտի երեւակայէր 1960ական, 70ական կամ 80ական թուականներուն, որ հայ ժողովուրդը այսքան արագ պիտի հասնէր այս նպատակներու իրականացման։
«Սիրելի ներկաներ, այս բոլորը որպէս հեռաւոր եւ անիրականալի երազ պիտի մնային, եթէ 1918ին ժողովուրդը ոտքի չկանգնէր եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը չհաստատէր՝ պաշտպանելով մեր այսօրուան հողերը եւ սահմանները։
«Այս առթիւ, Սարդարապատի յուշարձանը պէտք է յիշեցնէ բոլորիս այն հերոսները, այն «խենթ»երը, մեր ֆետայի ընկերները, որոնք մահը արհամարելով եւ պայքարելով՝ կարողացան յաղթել թրքական բանակին եւ իրենց արիւնով կրկին կերտել քարտէսի վրայ մեր այսօրուան հայրենիքը։ Կը խոնարհինք իրենց անթառամ յիշատակին առջեւ եւ ամուր կը գրկենք մեր հայրենիքը, որը մեզ կտակեցին։ Ամէն հայ պարտի կրել անոնց ոգին, որ կը շարունակէ ներշնչել հայ ազգի զաւակներուն գոյատեւելու խանդը, փոխանցելով սերունդէ սերունդ մեր լեզուն, մեր մշակոյթը եւ յարատեւէ պայքարներով մեր «դատի» վերջնական արդար լուծման հասնելու»։
Այնուհետեւ, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Արման Գրիգորեան, որ կարեւորեց այս պատմական օրը՝ յայտնելով, թէ հայորդիին արիւնագիր պատմութեան լուսապըսակ էջերը կազմեցին Սարդարապատը, Ղարաքիլիսէն ու Բաշ Ապարանը: Երիտասարդ ընկերը շեշտեց, թէ 28 Մայիս 1918ը անկրկնելի թուական է՝ ազատութեան եւ յաղթանակի թուական հանդիսանալով համայն հայութեան համար:
«Հայրենիքի առաջին անկախութիւնը 1918ի Մայիսի 28ին մեր ազգի ամէնէն ուժեղ պատասխանն է բոլոր անոնց, որոնք մեր պատմութեան ընթացքին փորձեցին գրաւել մեր հողերը, գերի դարձնել մեր ազգը եւ ջնջել քարտէսէն Հայաստան կոչուած երկիրը» ըսաւ ան ու շարունակեց, ըսելով թէ «մեր պատմութիւնը դարերուն ընթացքին, կը սորվեցնէ մեզի արժէքը արեան գնով եւ անձնազոհութեամբ շահուած անկախութեան ու խաղաղութեան: Մեր պատմութիւնն է, որ մեզի կը պատգամէ յարգանքով պաշտպանել մեր ազգային ժառանգութիւնը: Մեր պատմութիւնն է, որ կ’ապացուցանէ, թէ Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ ու միչեւ Արցախ, մեր ժողովուրդը մեռնելով ապրիլ գիտցող ազգ է: Ազգ մը, որ ծնած է հերոսներ ու կը շարունակէ ծնունդ տալ նոր հերոսներու՝ կռուի դաշտին վրայ, բայց ոչ միայն: Միլիոնաւոր հայեր, մենք բոլոր սփիւռքահայերս, աշխարհի չորս ծագերուն, ամէնօրեայ պարզ հերոսութիւններով, կը պահենք մեր հոգիներուն մէջ հայրենիքը եւ մեր սրբազան արժէքները:
Մենք գիտենք, այս՝ թէ հալածուած, տանջուած, ցեղասպանուած ժողովուրդի զաւակներ ըլլալով հանդերձ, պայքարող ու յաղթանակներ շահող ազգի զաւակներ ենք»:
Օրուայ բանախօսն էր ընկ. Շահան Ֆարաճեան, որ շեշտեց Մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման կարեւորութիւնը, որպէս աննախադէպ յաղթանակ, որ հայ ժողովուրդին տուաւ պետականութիւն, ազգային անձնագիր եւ ինքնութիւն ու ստեղծեց ազատ ու անկախ Հայաստան:
Բանախօսը նշեց, թէ Մայիս 28ի հրաշքին կը պարտինք ո՛չ միայն Հայաստանի այժմու սահմանները, միատարր հայութիւնն ու պետականութիւնը, այլ նաեւ՝ պատմական մեր իրաւունքներու նուիրագործումը: (Խօսքը լրիւ կը հրատարակենք քովի էջով):
Ձեռնարկին ցուցադրուեցաւ նաեւ Մայիսեան անկախութեան պատմական դրուագները նկարագրող վաւերագրական երիզ մը:
Հանդիսութեան երկրորդ մասով, հայրենասիրական երգերու ճոխ հաւաքածոյ մը ներկայացուեցաւ ժողովուրդին, սիրուած երաժիշտ Կարօ Պարտաքճեանի ղեկավարութեամբ եւ Տիգրան Սելիմեանի, Քրիստինէ Էլամիրեանի եւ Յարութիւն Սպարթալեանի համագործակցութեամբ ու կատարումներով։ Բեմ բարձրացած երաժշտական խումբը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ, մեկնաբանելով ազգային¬յեղափոխական երգեր:
Համախմբուած մեր հայրենակիցները իրենց խանդավառ ծափերով ընկերացան երգիչներուն՝ Մայիս 28ի փայլուն թուականը պատշաճօրէն տօնելով։
Մայիս 28ը ինքնաքննութեան, ինքնաճանաչման ու յանձնառութեան եւ հաւաքական ուխտի վերահաստատման օր է եւ այդպէս՝ վերանորոգուած ուխտով, բոլորեց իր 99րդ տարեդարձը, հայութիւնը առաջնորդելով դէպի Մայիս 28ի 100ամեակի յոբելինական անկիւնադարձային թուականը։