Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբի կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 2 Յունիս 2019ի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 101ամեակի եւ Արամ Մանուկեանի մահուան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Յովսէփ Ծ.Վ. Պէզազեան, Յունահայոց թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ քահանայ հայրը, Ազգային Վարչութեան ատենապետը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը, հոգեւոր հայրեր, միութեանց ներկայացուցիչներ ու մեծ թիւով երիտասարդներ եւ հայրենակիցներ:
Նախագահեց ընկ. Նանօր Էրջէնեան, որ իր բացման խօսքին մէջ վեր առաւ Մայիս 28ի անկախութեան խորհուրդը եւ ի մասնաւորի՝ Արամ Մանուկեանի ներդրումը հայոց պետականութեան հաստատման մէջ: Ան շեշտեց, թէ այսօր եւս հայ երիտասարդութիւնը կը ներշնչուի Արամ Մանուկեանի թողած աւանդէն։
Յաջորդաբար, ընկերուհիներ Նարօտ Շահինեան եւ Սուլա Պարտաքճեան, երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, սահուն առոգանութեամբ ընթերցեցին հատուածներ Արամ Մանուկեանի կեանքէն եւ ներկայացուցին իր յեղափոխական գործունէութիւնը եւ հայ ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւնները։
Ապա, Հռիփսիմէ Կարապետեան խոր ապրումով ասմունքեց Արամ Մանուկեանի նուիրուած բանաստեղծութիւն մը։
Օրուայ պատգամը փոխանցեց ընկ. Քերոբ էքիզեան, որ շեշտեց, թէ Հ.Հ. անկախութեան հռչակման 101ամեակին, Արամի մահուան 100ամեակի նշումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ առաջինի համազգային արժէքին մէջ տեսնել երկրորդի ծառայութեան մեծութիւնը։ Երկու թուականներն ալ այսօր, հայ ժողովուրդի ակնածանքին ու հպարտութեան աղբիւրը կը հանդիսանան, մանաւանդ՝ երբ պատմութեան անաչար գրիչը կու գայ հաստատելու Արամի վճռորոշ եւ անհերքելի դերը, 600 տարիներու ստրուկի հոգեբանութենէն հայութիւնը դուրս բերելու գերագոյն գաղափարի մարմնացումին մէջ, զոր Արամ տուաւ հայ մարդուն՝ 1918ի այդ օրերուն։
Ընկերը իր խօսքին մէջ, ներկայացուց Արամ Մանուկեանի յեղափոխական կեանքի երեք կարեւոր հանգրուանները՝ որոնք առաջնորդեցին ազատ եւ անկախ Հայաստանի նշանակալից եւ պատմականօրէն անգերազանցելի իրականութեան։
Իր խօսքի աւարտին, ընկ. Ք. Էքիզեան ընդգծեց,- «Այսօր, Հայաստան կը փորձէ նոր հանգրուան մը թեւակոխել։ Մաշած հինը նորով փոխարինելու կիրք մը համակած է մեր ժողովուրդը, որ այս կենսական փոփոխութիւնները ան կը շտապէ տեսնել նոյն կիրքով մէջտեղ ելած ղեկավարութեան մը կողմէ։ Սակայն, այսօր՝ աւելի քան երբեք, այդ կիրքը պէտք ունի հայութեան բոլոր ուժերու հաւաքական միասնութեան, մանաւանդ՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան նման պատմական եւ քաղաքական աւանդ ու փորձառութիւն ունեցող ուժերու գործօն մասնակցութեան։ Նորը չի կրնար իր ճամբան գտնել միանձնեայ, երբեմն հապճեպ, երբեմն հակասական, երբեմն թոյլ, երբեմն ամփոխավարական կեցուածքներու դրսեւորումներով։
Արամ՝ հայութեան մահու կենաց ճակատագրական պահերուն դիկտատոր հռչակուեցաւ։ Սակայն, Արամ գիտցաւ իր վրայ առած իշխանութիւնը վերածել հաւաքական կամքի, իր մէջ ամբարուած կիրքը փոխանցել ամէն մէկ հայու, մանաւանդ՝ իր վարչական ու պետական ամբողջ հմտութիւնը տարածել իր շուրջիններուն։ Վերջապէս՝ պատմական այդ տարիներուն, ան գիտցաւ հայ ժողովուրդի միասնութեան եւ կենսունակութեան շաղախը դառնալ։
Ա՛յս է որ կը սպասուի նորօրեայ ղեկավարներէն՝ անխտիր։ Հայ քաղաքական միտքը թող խոնարհի Արամի թողած աւանդին առջեւ, որպէսզի, Սիմոն Վրացեանի բնորոշումով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ Արցախով, Ջաւախքով եւ բռնագրաւուած պատմական հողերու ամբողջութեամբ, շարունակէ մնալ հայ սերունդներու միակ ու կենդանի յոյսը ապագայի»։
Ապա՝ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան ընկերներ նուագեցին եւ երգեցին յեղափոխական երգեր, խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն: Գեղարուեստական խումբին մաս կը կազմէին ընկերուհի Սուլա Պարտաքճեան եւ ընկերներ՝ Երուանդ Մանուկեան, Սերգօ Սամուէլեան եւ Գէորգ Լազարեան:
Ելոյթի աւարտին յաջորդեց հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ զրոյց։
Թղթակից