­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց ­Նա­խա­րար ­Զօհ­րապ Մ­նա­ցա­կա­նեան հար­ցազ­րոյց մը տո­ւաւ յու­նա­կան «MEGA TV» լրա­տո­ւա­կա­նին՝ անդ­րա­դառ­նա­լով հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին ի­րա­վի­ճա­կի սրման, ա­նոր՝ ­Թուր­քիոյ ար­ձա­գան­գին, ­Պոլ­սոյ «­Սուրբ ­Սո­ֆիա» տա­ճա­րը մզկի­թի վե­րա­ծե­լու, ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի հետ ­Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն:
Լ­րագ­րո­ղը հար­ցուց, որ ­Հա­յաս­տան ի՞նչ­պէս կ­՚ար­ձա­գան­գէ այն փաս­տին, որ ­Թուր­քիա Ատր­պէյ­ճա­նին կը տրա­մադ­րէ զէնք, անձ­նա­կազմ եւ գու­մար: «­Միակ եր­կի­րը, որ այս եր­կու շա­բա­թո­ւայ ըն­թաց­քում խօ­սում էր սպառ­նա­լի­քի լե­զո­ւով՝ ­Թուր­քիան է: ­Մենք պաշտ­պա­նե­լու ենք մեզ, մենք ու­ժե­ղաց­նե­լու ենք մեր պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ աշ­խա­տե­լու ենք մեր մի­ջազ­գա­յին գոր­ծըն­կեր­նե­րի հետ», պա­տաս­խա­նեց Մ­նա­ցա­կա­նեան։
Ար­ձա­գան­գե­լով կարգ մը վեր­լու­ծա­բան­նե­րու այն տե­սու­թեան, որ հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ­Ռու­սիա-­Թուր­քիա ա­ճող մրցակ­ցու­թեան շղարշն է՝ նա­խա­րա­րը դի­տել տո­ւաւ, որ ­Հա­յաս­տան ինք­նիշ­խան պե­տու­թիւն է, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ան­դամ: «­Մեզ այս տա­րա­ծաշր­ջա­նում հար­կա­ւոր է խա­ղա­ղու­թիւն եւ անվ­տան­գու­թիւն: ­Մենք կա­րիք չու­նենք այս տա­րա­ծաշրջա­նը դարձ­նել մի­ջազ­գա­յին մրցակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ», յայտ­նեց ան։
­Նա­խա­րա­րը նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի՝ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն դուրս յար­ձակ­ման վե­րա­բե­րող յայ­տա­րա­րու­թեան. «­Սա հէնց այն լե­զուն է, ո­րը մենք մեր­ժում ենք, սա սպառ­նա­լի­քի լե­զուն է, ո­րը բխում է ժխտման եւ ան­պատ­ժե­լիու­թեան մէջ ապ­րող պե­տու­թեան վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նից: ­Վեր­ջերս մենք ա­կա­նա­տես ե­ղանք նաեւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան ար­դա­րաց­մա­նը: ­Սա չէ այն ճա­նա­պար­հը, ո­րով մի ժո­ղո­վուրդ ցան­կա­նում է նպաս­տել տա­րա­ծաշր­ջա­նում խա­ղա­ղու­թեա­նը»։ ­Լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով ­Թուր­քիոյ փոր­ձը՝ վերս­տեղ­ծե­լու նոր օս­մա­նու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած պե­տու­թիւն ա­ւե­լի լայն տա­րած­քով՝ Մ­նա­ցա­կա­նեան ը­սաւ. «­Յու­նաս­տանն իր կող­մից ակ­տիւ (աշ­խոյժ-Խմբ.) քայ­լեր է ձեռ­նար­կում այս տա­րա­ծաշր­ջա­նում խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ: ­Հա­յաս­տա­նը նոյ­նան­ման նպա­տակ­ներ է հե­տապն­դում»։
Ըստ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին՝ «­Սուրբ ­Սո­ֆիա»ի վե­րա­փո­խու­մը մզկի­թի ի­րա­պէս սպառ­նա­լիք է՝ ուղ­ղո­ւած ներ­դաշ­նա­կու­թեան, երկ­խօ­սու­թեան եւ փո­խա­դարձ յար­գան­քի այդ խորհր­դա­նի­շին:
­Յու­նաս­տա­նի նկատ­մամբ ­Թուր­քիոյ սադ­րանք­նե­րուն մա­սին խօ­սե­լով՝ ան վե­րա­հաս­տա­տեց, որ ­Հա­յաս­տան ա­մուր ա­ջակ­ցու­թիւն եւ հա­մե­րաշ­խու­թիւն կը տա­ծէ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի նկատ­մամբ: «­Դա Ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկ­րա­կա­նում ա­պա­կա­յու­նաց­մանն ուղ­ղուած գոր­ծո­ղու­թիւն է, ո­րը կրկին ա­պա­ցու­ցում է հէնց այն ագ­րե­սիւ (յար­ձա­կո­ղա­կան-Խմբ.) քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ ­Թուր­քիան հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն վա­րում է վեր­ջին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նում»։
Լ­րագ­րո­ղը հար­ցուց, որ ե­թէ ­Թուր­քիա եւ ­Յու­նաս­տան ներգ­րա­ւո­ւին զի­նեալ հա­կա­մար­տու­թեան մէջ, ար­դեօք ­Հա­յաս­տան հա­մե­րաշ­խու­թիւն կը յայտ­նէ՞ ­Յու­նաս­տա­նին: «­Չեմ տես­նում ո­րե­ւէ հան­գա­մանք, որ կա­րող է խախ­տել կամ հար­ցա­կա­նի տակ դնել ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ առ­կայ շատ ա­մուր հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը, շատ ա­մուր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ նոյն­քան ա­մուր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը: ­Մենք վճռա­կան ենք ար­ձա­գան­գե­լու այս­պի­սի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րին, ո­րոնք վտանգ են ներ­կա­յաց­նում մեր շա­հե­րի եւ մեր ինք­նիշ­խան ի­րա­ւունք­նե­րի հա­մար», շեշ­տեց Մ­նա­ցա­կա­նեան։