­Պոն­նի «փո­փո­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին կեդ­րոն»ը (BICC) հրա­պա­րա­կած է, ­Մաքս ­Մուչ­լը­րի ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ, հա­մաշ­խար­հա­յին ռազ­մա­կա­նաց­ման իր տա­րե­կան զե­կոյ­ցը եւ աշ­խար­հի ա­մե­նա­ռազ­մա­կա­նա­ցած եր­կիր­նե­րու ցան­կը։
2017ի ցան­կին վրայ (ուր նկա­տի կ­՛առ­նո­ւին 2016ի տո­ւեալ­նե­րը), ­Հա­յաս­տան յատ­կան­շա­կան ոս­տում մը կա­տա­րած է՝ նա­խորդ տա­րո­ւան ար­դիւնք­նե­րուն բաղ­դա­տած, 21րդ ­դիր­քէն 3րդ ­դիր­քի բարձ­րա­նա­լով, մինչ Ատր­պէյ­ճան նա­խորդ տա­րուան 6րդ ­դիր­քէն ի­ջած է 11րդ ­դիր­քի։ Վ­րաս­տան կը գրա­ւէ 55րդ ­դիր­քը։
­Հա­յաս­տան կը հան­դի­սա­նայ Եւ­րո­պա­յի ա­մե­նա­ռազ­մա­կա­նա­ցած եր­կի­րը, իսկ ­Թուր­քիա կը գրա­ւէ 25րդ ­դիր­քը։
Ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ կը շեշ­տո­ւի, որ յատ­կա­պէս ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ, Օ­մա­նի, ­Պահ­րէյ­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­րա­գա­յին, քա­րիւ­ղի մի­ջազ­գա­յին գի­նի ան­կու­մը պատ­ճառ դար­ձած է, որ ռազ­մա­կան մար­զին տրա­մադ­րո­ւող գու­մար­նե­րը հա­մե­մա­տա­բար նո­ւա­զին։ ­Հոն նաեւ նշո­ւած է, որ Ար­ցա­խի ձգձգո­ւող հա­կա­մար­տու­թեան պատ­ճա­ռով՝ ­Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կեն հսկայ գու­մար­ներ տրա­մադ­րել ռազ­մա­կան մար­զին։
­Կեդ­րո­նը ա­մե­նա­ռազ­մա­կա­նա­ցո­ւած պե­տու­թիւ­նը նկա­տած է Իս­րա­յէ­լը, իսկ ցան­կին վրայ երկ­րորդ տե­ղը գրա­ւած է ­Սին­կա­փու­րը: Ա­ռա­ջա­տար­նե­րու տաս­նեա­կը կ­՛ամ­բող­ջաց­նեն ­Հա­յաս­տա­նը, ­Ռու­սիան, ­Հա­րա­ւա­յին ­Քո­րէան, ­Քո­ւէյ­թը, ­Յոր­դա­նա­նը, ­Կիպ­րո­սը, ­Յու­նաս­տանն ու Պ­րու­նէ­յը: ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը կը գրա­ւեն 31րդ ­դիր­քը եւ կը հան­դի­սա­նան աշ­խար­հի տա­րած­քին ռազ­մա­կան մե­ծա­գոյն ա­մա­վար­կը ու­նե­ցող եր­կի­րը՝ 611 մի­լիառ տո­լա­րով, ինչ որ ռազ­մա­կան նպա­տակ­նե­րու հա­մար տրա­մադ­րո­ւող հա­մաշ­խար­հա­յին ընդ­հա­նուր գու­մա­րին 39 տո­կոսն է։
«­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ա­մե­նա­ռազ­մա­կա­նա­ցած եր­կիր­նե­րը» ցան­կին վրայ, Իս­րա­յէ­լին, ­Քո­ւէյ­թին եւ ­Յոր­դա­նա­նին կը յա­ջոր­դեն Օ­մա­նը (13րդ), ­Պահ­րէյ­նը (15րդ), ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան (17րդ), ­Լի­բա­նա­նը (20րդ), Ա­րա­բա­կան ­Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րը (21րդ), Ի­րա­նը (22րդ) եւ Ե­գիպ­տո­սը (28րդ)։
Ցան­կը պատ­րաս­տե­լու ըն­թաց­քին նկա­տի կ­՛առ­նո­ւին 151 եր­կիր­նե­րու մէջ ռազ­մա­կան մար­զին հա­մար ծախ­սո­ւած գու­մար­նե­րը, տե­ղա­կան ընդ­հա­նուր ար­տադ­րու­թիւ­նը (GDP), բնակ­չու­թեան թի­ւը եւ շարք մը այլ ազ­դակ­ներ։ ­Կեդ­րո­նը այս հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րէ 1990էն սկսեալ: Ա­նոր հա­մար կ­՛օգ­տա­գոր­ծո­ւին Ս­թոք­հոլ­մի «հա­մաշ­խար­հա­յին տագ­նապ­նե­րու հե­տա­զօտ­ման հիմ­նարկ»ի, Դ­րա­մա­կան ­Մի­ջազ­գա­յին ­Հիմ­նադ­րա­մի, Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ շարք մը այլ կեդ­րոն­նե­րու տո­ւեալ­նե­րը: