Հայակրթութիւնը մեր աչքին լոյսն է

Հայակրթութիւնը մեր աչքին լոյսն է (Դպ­րո­ցա­կան վե­րա­մու­տին ա­ռի­թով)

0
10843

Այ­սօր, Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան», «­Զա­ւա­րեան», «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան», «Ա. ­Գա­լուս­տեան» եւ «Հ. Ու­շագ­լեան» ա­մէ­նօ­րեայ միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նի, նա­խակր­թա­րան­նե­րուն եւ ման­կա­պար­տէզ­նե­րուն մէջ ա­ռա­ջին զան­գը կը հնչէ։
­Մեր կրթա­կան մե­ղո­ւա­փե­թակ­նե­րը դար­ձեալ պի­տի լե­ցո­ւին ա­շա­կերտ­նե­րու խան­դա­վառ ձայ­նե­րով՝ որ­պէս­զի ա­նոնք տա­րի մը եւս քա­ղեն կրթու­թեան այն­քա՜ն կա­րե­ւոր եւ ար­ժէ­քա­ւոր բա­րիք­նե­րը։ ­Տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին՝ ու­սու­ցիչ­ներ, ու­սում­նա­կան մար­մին­ներ եւ ծնող­ներ պի­տի զբա­ղին նոր սե­րուն­դի կրթու­թեամբ ու հայ ա­շա­կեր­տի հո­գեմ­տա­ւոր զար­գա­ցու­մով։
­Կաս­կած չկայ, որ մեր գա­ղու­թին մէջ, ինչ­պէս նաեւ Ս­փիւռ­քի բո­լոր հա­յօ­ճախ­նե­րուն մէջ, հայ դպրո­ցը կը շա­րու­նա­կէ մեր աչ­քին լոյ­սը ե­ղող հա­յե­ցի կրթու­թեան դարբ­նո­ցը հան­դի­սա­նալ։ ­Բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն՝ հայ ծնո­ղը, նոյ­նիսկ ա­մէ­նէն դժո­ւար պայ­ման­նե­րուն տակ, իր զաւ­կի կրթու­թիւ­նը գե­րա­գոյն գի­տակ­ցու­թեամբ վստա­հած է հայ ու­սու­ցի­չին՝ այն հաս­տատ հա­մո­զու­մով որ, ե­թէ ան­գամ մեր ըն­կե­րա­յին շրջա­պա­տին մէջ ա­ւե­լի հրա­պու­րիչ կրթա­կան պայ­ման­ներ գո­յու­թիւն ու­նե­նան, հայ դպրո­ցը կը մնայ ան­փո­խա­րի­նե­լի կրթա­կան օ­ճա­խը, ո­րուն մէջ կը շա­ղա­խո­ւի ու կը զար­գա­նայ հա­յու ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը եւ նկա­րա­գի­րը։
Այ­սօր, կա­րե­լի է ան­վա­րան յայտ­նել, թէ Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րը կրթա­կան նա­խան­ձե­լի մա­կար­դակ մը նո­ւա­ճած են, ու այդ ար­դիւն­քին հա­մար ստա­ցած են նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թեան գնա­հա­տան­քը։ Այս նո­ւա­ճու­մը եր­կար տա­րի­նե­րու հա­մա­խումբ եւ ծրագ­րո­ւած աշ­խա­տան­քի մը պտու­ղը պէտք է նկա­տել, շնոր­հիւ հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու եւ ու­սու­ցիչ­նե­րու ամ­բող­ջա­նո­ւէր ջան­քե­րուն, ո­րոնք, ծնող­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ գործ­նա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ, փոր­ձած են քայլ մը յա­ռաջ տա­նիլ հա­յակր­թու­թեան հսկայ գոր­ծը։
Ան­շուշտ, ինչ­պէս յատ­կան­շա­կան է կազ­մա­կեր­պո­ւած կրթու­թեան մի­ջա­վայ­րե­րուն հա­մար, մեր վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­կան հա­մա­կարգն ալ իր բազ­մա­տե­սակ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կը դի­մագ­րա­ւէ։ Ա­նոնք կը կա­րօ­տին հա­մա­պար­փակ քննարկ­ման եւ հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում­նե­րու, ո­րոնք նպա­տակ պի­տի ու­նե­նան յա­ջորդ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ռա­ւել եւս ամ­րապն­դել հա­յե­ցի կրթու­թեան հի­մե­րը յու­նա­հայ սե­րունդ­նե­րուն մօտ։
­Հոկ­տեմ­բե­րին, պի­տի գու­մա­րո­ւի յու­նա­հա­յոց հեր­թա­կան ­Թե­մա­կան Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վը, ուր հոն՝ հրա­մա­յա­կան է, որ հա­յակր­թու­թեան օ­րա­կար­գը դառ­նայ ա­ռաջ­նա­կարգ մտա­հո­գու­թեան ա­ռար­կայ, ա­պա հայ դպրո­ցը զօ­րաց­նե­լու եւ յու­նա­հայ սե­րունդ­նե­րը յա­ջո­ղա­պէս հա­յակր­թե­լու ան­յե­տաձ­գե­լի պա­հանջ­նե­րուն մա­սին պատ­շաճ քննար­կում­ներ եւ ա­ռա­ջարկ­ներ մէջ­տեղ գան։
Ան­գամ մը եւս պէտք է շեշ­տել, թէ հա­մայն­քի մար­մին­նե­րուն կող­քին, կա­րե­ւոր է, որ իւ­րա­քան­չիւր հայ­րե­նա­կից ան­հա­տա­պէս զօ­րա­վիգ կանգ­նի մեր վար­ժա­րան­նե­րու յա­րա­տեւ­ման ծրա­գիր­նե­րուն։ Նշ­մա­րո­ւած է, որ ընդ­հան­րա­պէս կրթա­կան հար­ցե­րով կը զբա­ղի մաս մը այն ծնող­նե­րէն, ո­րոնց զա­ւակ­նե­րը կը յա­ճա­խեն հայ­կա­կան դպրոց։ Այդ զբա­ղումն ալ սահ­մա­նա­փա­կո­ւած է տո­ւեալ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի մը մէջ, առն­չո­ւած՝ ի­րենց զա­ւակ­նե­րու կրթա­կան ըն­թաց­քով։
­Սա­կայն, այդ բա­ւա­րար չէ՛։ ­Հայ­կա­կան դպրո­ցին հետ կա­պո­ւած իւ­րա­քան­չիւր հայ­րե­նա­կի­ցի մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, պա­հանջ­նե­րը եւ շօ­շա­փե­լի օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը պէտք է մնա­յուն աշ­խու­ժու­թեան ձե­ւեր ստա­նան։
­Նախ եւ ա­ռաջ, տե­ւա­կան պէտք է ըլ­լայ հայ դպրո­ցի ար­ժէ­քին մա­սին մեր շրջա­պա­տը եւ նոր ծնող­նե­րը հա­մո­զե­լու աշ­խա­տան­քը։
­Բա­րո­յա­կան ա­մէն տե­սա­կի ա­ջակ­ցու­թեան կող­քին, նոյն­քան անհ­րա­ժեշտ է ստեղ­ծել մնա­յուն ձե­ւա­չափ ու­նե­ցող կրթա­կան կտակ­նե­րու եւ ֆոն­տե­րու ճո­խու­թիւն մը՝ հայ ան­հատ­նե­րու ներդ­րու­մով, ո­րոնք մէկ կող­մէ պի­տի մեղ­մաց­նեն նիւ­թա­պէս դժո­ւա­րա­ցող ա­շա­կերտ­նե­րու ուս­մանց ծախ­սե­րը, միւս կող­մէն՝ լա­ւա­գոյն ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար ա­նոնք բա­րո­յա­կան վար­ձատ­րու­թեան ազ­նիւ մա­տու­ցում­ներ կրնան դառ­նալ։
­Յատ­կա­պէս վեր­ջին պա­րա­գա­յին, ա­նոնք կրնան ա­շա­կեր­տի մը աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը եւ յա­ջող ըն­թաց­քը գնա­հա­տող մի­ջոց­ներ հան­դի­սա­նալ՝ դէ­պի ­Հա­յաս­տան ու Ար­ցախ ճամ­բոր­դե­լու եւ մեր հայ­րե­նի­քը ճանչ­նա­լու յար­գի նո­ւէր տա­լով, սկաու­տա­կան եւ պա­տա­նե­կան բա­նա­կում­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հո­գա­լով, եւ ա­ւե­լի՛ն, մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ հա­յա­գի­տա­կան ուս­մանց մէջ խո­րա­նա­լու ե­րազ­նե­րուն, մղում­նե­րուն եւ ապ­րում­նե­րուն տէր կանգ­նե­լով։
«Ա­զատ Օր» իր այ­սօ­րո­ւան թի­ւը կը նո­ւի­րէ հա­յակր­թու­թեան, հրա­տա­րա­կե­լով շա­հե­կան գրու­թիւն­ներ, ո­րոնք վեր­ջերս լոյս տե­սան սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լին մէջ եւ ո­րոնք, դի­պուկ մատ­նան­շում­նե­րով լու­սար­ձա­կի տակ կ­՚առ­նեն սփիւռ­քի մէջ հա­յե­ցի կրթու­թեան եւ հայ վար­ժա­րան­նե­րու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։
Ըն­թեր­ցու­մէն ան­դին, կը հա­ւա­տանք, որ ներ­կա­յա­ցո­ւած միտ­քե­րը ա­ռի­թը կրնան ստեղ­ծել հար­ցե­րուն մէջ ա­ւե­լի խո­րա­նա­լու եւ հա­մայն­քա­յին ու­ժե­րու լա­րու­մով, նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն մա­տու­ցե­լու ա­պա­գա­յա­տե­սիլ ար­դի կրթա­կան հա­մա­կարգ մը։
Դպ­րո­ցա­կան վե­րա­մու­տին առ­թիւ, կը շնոր­հա­ւո­րենք ծնող­նե­րը եւ ա­շա­կերտ­նե­րը. ա­նոնց կող­քին, լիա­կա­տար յա­ջո­ղու­թիւն ու անս­պառ կո­րով կը մաղ­թենք կրթա­կան մշակ­նե­րուն եւ վար­ժա­րան­նե­րու պաշ­տօ­նէու­թեան։
­Տա­րեշր­ջան մը եւս կը սկսի մեր աչ­քին լոյ­սը հան­դի­սա­ցող հա­յակր­թու­թեան հա­մար։
Ինչ­պէս ան­ցեա­լին ալ շեշ­տած ենք, մեր դպրոց­նե­րու ջամ­բած հա­յե­ցի կրթու­թիւ­նը չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր սոսկ գի­րի ու գրա­կա­նու­թեան, կամ հա­յոց պատ­մու­թեան ու աշ­խար­հագ­րու­թեան նիւ­թե­րու դա­սա­ւան­դու­թեամբ։
­Հայ վար­ժա­րա­նի հա­յե­ցի կրթու­թիւ­նը ­Հայ ­Մար­դու հո­գեմ­տա­ւոր կեր­տու­մին ա­ռա­ջին բո­ցա­վա­ռումն է, ո­րուն հա­մար դեր եւ պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նինք բո­լորս, անխ­տիր։