Թեսաղոնիկէի համերգասրահը վերջերս ունեցաւ նոր գեղարուեստական տնօրէն։ Միջազգային համբաւ ստացած ջութակահար եւ Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա նահանգի պետական համալսարանի դասախօս հայազգի Խրիսթոս Ղալիլէաս արդէն ստանձնեց իր պաշտօնը 1 Յունուար 2021-էն սկսեալ։ Ան զաւակն է հանրածանօթ երաժիշտ, հանգուցեալ Գոզմաս Ղալիլէասի եւ «Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան երկարամեայ ատենապետուհի ընկ. Տիրուհի Գալֆայեան-Ղալիլէասի։
Մեծ թիւով թեկնածուներու շարքին, Ղալիլէասի ընտրութիւնը նկատուեցաւ ամէնէն յարմարն ու կատարեալը, նկատի առնելով անոր ակադեմական եւ գեղարուեստական փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային երաժշտական գետնի վրայ անոր ունեցած նուաճումներն ու յաջողութիւնները։
Համերգասրահի գործադիր խորհուրդի նախագահ Վասիլիս Ղաքիս յայտնեց, որ Խրիսթոս Ղալիլէասի ընտրութեամբ նոր շրջան մը կը սկսի Թեսաղոնիկէի համերգասրահին համար, որպէսզի հաստատութիւնը կարողանայ աւելի յաջող եւ արդիւնաւէտ կերպով իրագործէ իր մշակութային եւ դաստիարակչական դերը որպէս միջազգային երաժշտական կեդրոն։
Խրիսթոս Ղալիլէաս ծնած է 1975-ին Թեսաղոնիկէի մէջ եւ իր երաժշտական բարձրագոյն ուսումը կատարած է Միացեալ Նահանգներու համբաւաւոր համալսարաններէ ներս։ 2005-ին ստացաւ տոքթորայի տիտղոս։
Որպէս անուանի ջութակահար, ան բարձրացած է աշխարհի ծանօթ բեմերու վրայ, գործակցած է եւրոպական եւ համաշխարհային համբաւ ունեցող նուագախումբերու հետ, իսկ յատկանշական են անոր ներկայացումները Հայաստանի «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահէն ներս եւ ունեցած գործակցութիւնը Հայաստանի ֆիլարմոնիկ նուագախումբին հետ։
Հիմնած է սենեկային նուագախումբ մը, որ իրագործած է աւելի քան 35 ներկայացումներ ամերիկեան ցամաքամասին վրայ։ 2015-էն ի վեր, ստանձնած է Թեսաղոնիկէի «Անաթոլիա» գոլէճի գեղարուեստական տնօրէնի պաշտօնը։ Անդամ է «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղին եւ գործուն անդամ՝ քաղաքի հայ համայնքին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայազգի Խրիսթոս Ղալիլէաս նշանակուեցաւ Թեսաղոնիկէի համերգասրահի տնօրէն