Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի պատգամաւոր, իշխող «Արդարութիւն և զարգացում» կուսակցութեան անդամ Մարգար Եսայեան արձագանգած է Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի Յանձնախումբի` ընկերային ցանցերուն վրայ հրապարակած գրառումին, որուն մէջ պատկերուած էր Պոլսոյ խորհրդանիշ՝ յունական Ս. Սոֆիայի տաճարը` գմբէթին մահիկի փոխարէն խաչով, իսկ գրառումը կատարուած էր «#MakeIstanbulConstantinopleAgain» (Ստամպուլը կրկին Կոստանդնուպոլիս դարձուր») լոզունգով:
1915ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ մտաւորականներու ցուցակը կազմած հայ դաւաճան Վահէ Իհսանի (Եսայեան) ժառանգ՝ Մարգար Եսայեան «թուիթեր»եան իր էջին մէջ մասնաւորապէս նշած է. «Ստամպուլը յաւերժ կը մնայ:
Բիւզանդական ճնշումներու փոխարէն՝ Մեհմեթ Ֆաթիհ սուլթանը Ստամպուլը նուաճելէն յետոյ հիմնած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը 1461ին: Ամօթ ձեզի»:
Պարբերաբար հակահայկական ելոյթներով հանդէս եկող Եսայեանը, ամիսներ առաջ ալ նշած էր, թէ 1915ին ո՛չ թէ ցեղասպանութիւն էր, այլ աքսոր:
Հայազգի թրքամէտ պատգամաւորը արձագանգած է Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի Յանձախումբին
Հայազգի թրքամէտ պատգամաւորը արձագանգած է Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի Յանձախումբին