Եր­կու­շաբ­թի, 19 ­Փետ­րո­ւար 2024-ին, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տան մէջ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ Թ­րա­կիոյ «­Տի­մոքրի­թիօ» հա­մալ­սա­րա­նի եւ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պայ­մա­նա­գիր, ո­րու հա­մա­ձայն հա­մալ­սա­րա­նէն ներս պի­տի հիմ­նադ­րո­ւի ­Հա­յոց լե­զո­ւի եւ մշա­կոյ­թի ամ­պիոն՝ մեկ­նար­կե­լով հայ լե­զո­ւի ու մշա­կոյ­թի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու եւ դա­սա­ւանդ­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ ­Պայ­մա­նա­գի­րը ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի Թ­րա­կիոյ հա­մալ­սա­րա­նի տնօ­րէն, փրոֆ. ­Ֆո­թիոս ­Մա­րի­սի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Տիգրան Մկրտ­չեա­նի կող­մէ։
­Կենդ­րո­նի հիմ­նու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ մարմ­նա­մար­զի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։
Ե­լոյ­թին ներ­կայ էին շարք պաշ­տօ­նա­տար ան­ձեր, ո­րոնց կար­գին՝ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի փոխ­նա­խա­գահ, «Ա­զա­տու­թեան ու­ղի» խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար տի­կին ­Զոի ­Քոնս­տան­տո­փու­լու, ­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի եւ ­Սի­րի­զա կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ տի­կին ­Նի­նա ­Քա­սի­մա­թի, ա­կա­դե­մա­կան ո­լոր­տի, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­հայ թե­մի հո­գե­ւոր դա­սի, ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ այլ հիւ­րեր։
­Դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան իր խօս­քին մէջ նշեց, որ մի­ջո­ցա­ռու­մը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, քա­նի որ ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ կը հիմ­նո­ւի հա­յա­գի­տու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու կենտ­րոն, ո­րը տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ դես­պա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ հայ­րե­նի պե­տու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։ ­Բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նպա­տակ ու­նի երկ­կող­մա­նի շփում­նե­րը վե­րա­ծել գի­տա­կան ո­լոր­տէն ներս եր­կա­րա­ժամ­կէտ եւ հե­ռան­կա­րա­յին կա­պե­րու զար­գաց­ման ու ընդ­լայն­ման, որ ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րաց­ման հիմք պի­տի հան­դի­սա­նայ, նշեց դես­պա­նը:
Ան նաեւ ա­ւել­ցուց, որ հա­յա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նի գա­ղա­փա­րը հա­սուն­ցաւ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին։ ­Դես­պան Մկրտ­չեան ընդգ­ծեց այն փաս­տը, որ «­Տի­մոք­րի­թիօ» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ հա­յա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նի հիմ­նու­մը պա­տա­հա­կան չէ, այն շարք մը քննար­կում­նե­րուն շնոր­հիւ ըն­դու­նո­ւած ո­րո­շում՝ հիմ­նուած այն կա­րե­ւոր փաս­տի վրայ, որ հա­մալսա­րա­նը ու­նի բա­ւա­րար նե­րուժ եւ մեծ հե­տաքրքրու­թիւն հա­յա­գի­տու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ ­Կա­րե­ւոր է նաեւ շրջա­նին մէջ գոր­ծող կեն­սու­նակ հայ հա­մայն­քը եւ ե­կե­ղե­ցին, ո­րոնք ի­րենց հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ պի­տի ա­ջակ­ցին կեդ­րո­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն աս­կէ ետք։ ­Դես­պա­նը յատ­կա­պէս կա­րե­ւո­րեց հա­մալ­սա­րա­նի՝ ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւոր տա­րա­ծաշր­ջա­նի մը մէջ գտնո­ւե­լու հան­գա­ման­քը, եւ որ այն ու­նի ա­րե­ւե­լա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու բա­ւա­կան զար­գա­ցած ա­ւան­դոյթ­ներ։
Փ­րոֆ. ­Ֆո­թիոս ­Մա­րիս իր կար­գին նշեց, որ հա­յոց լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը, ինչ­պէս նաեւ հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը հա­մալ­սա­րա­նի հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուն շրջա­գի­ծին մէջ կը գտնո­ւին, եւ այ­սօր ստո­րագ­րո­ւած պայ­մա­նա­գի­րը պաշ­տօ­նա­պէս մեծ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կը բա­նայ հա­յա­գի­տու­թեան նո­ւի­րո­ւած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար: Ան հա­մո­զում յայտ­նեց, որ աշ­խա­տանք­նե­րու ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը տե­սա­նե­լի պի­տի ըլ­լայ մօտ ա­պա­գա­յին եւ կա­յուն հիմք պի­տի հան­դի­սա­նայ հայ եւ յոյն բա­րե­կամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ա­կա­դե­մա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար: