(Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց
25ամեակին առթիւ)
Հայերս, հակառակ մեր ազգի ճակատագրին դաժան պայմաններուն, ցեղասպանուած ժողովուրդ ըլլալով հանդերձ, փաստօրէն նաեւ յարուցեալ եւ փիւնիկի նման վերածնուող ու յաղթանակներ նուաճող ազգ ենք։
Անցեալ տարի, Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով, հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները, մեր համազգային պահանջատիրութեան ուժեղ ձայնը բարձրացուցինք՝ յիշեցնելով ողջ մարդկութեան, թէ մենք կանք ու տէր կը մնանք մեր արդար դատին։
Այս տարի, կը նշենք Հայաստանի եւ Արցախի մեր հանրապետութիւններուն 25ամեակը՝ ազգային արժանապատուութեան ու հպարտութեան բարձր ոգիով, հերթական անգամ ապացուցանելով համայն աշխարհին, թէ արժանի ենք իբր ազգ գոյատեւելու եւ մեր անկախութեան իրաւունքը պաշտպանելու։
Համահայկական տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, հայաշատ կեդրոններու մէջ, թէ փոքր ածուներէ ներս, մեծ շուքով թէ սահմանափակ միջոցներով, մեր զոյգ հանրապետութիւններուն 25ամեակը կը նշուի ազգայինը գերադասելու խոր գիտակցութեամբ ու նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու հայու վճռակամ ոգիով։
Այսպէս, Արեւելան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ համայնքները, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի շրջանի Յանձնախումբին, Սեպտեմբեր 17ի երեկոյեան, Գոմոթինիի ազգապատկան սրահէն ներս, տօնեցին Հայաստանի վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման 25ամեակը։
Օրուայ բանախօսն էր Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակի պատասխանատու ընկ. Կիրոյ Մանոյեան։
Ներկայ էին շրջանի հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ տիկ. Զապէլ Այվազեան, Հ.Յ.Դ. Կ. Կ.ի ներկայացուցիչ ընկ. Ատրիկ Ստեփանեան, Թեսաղոնիկէէն Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ, Միջ¬Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Պետրոս Մելքոնեան, Թաղային Խորհուրդներու եւ միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ տեղացի ու շրջանի այլ քաղաքներէն ժամանած հայրենակիցներ։
Բացումը կատարեց շրջանի Հ.Յ.Դ. Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ ընկ. Հայկ Չիչէքեան, որ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ տօնակատարութեան նշանակութեան, իբր կարեւոր հանգրուան՝ ամբողջական հայրենիքի ազգային մեր երազներու իրականացման ճանապարհին։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ պրն. Պ. Մելքոնեան՝ շեշտելով շրջանի հայութեան պատրաստակամութիւնը «ներկա՛յ» պատասխանելու ազգային մարտահրաւէրներուն։
Քսանթիէն տիկ. Հռիփսիմէ Դանիէլեան կարծես հայրենի դաշտերը մեզ փոխադրեց՝ իր քաղցր ձայնին նրբերանգ ելեւէջներով, մեկնաբանելով մեր մեծ Կոմիտասի հոգեթով երաժշտութենէն պատառիկներ։
Պահը եկաւ օրուան պատգամին։ Բացառիկ ուրախութիւն ու պատիւ էր մեզի համար, որ այդ պատգամը կուգար ուղղակի հայրենիքէն, շնորհիւ ընկ. Կիրոյ Մանոյեանի, որ յանձն առած էր ճամբորդել մինչեւ հեռաւոր մեր շրջանը, փոքրաթիւ մեր համայնքներուն եւս փոխանցելու հայրենի շունչ ու հայօրէն տոկալու կամք։
Իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 25 տարիներու վերանկախացած հայրենիքի եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման զանազան հանգրուաններուն՝ առարկայական մօտեցումով։ Խօսեցաւ նուաճումներուն, սահմանադրական բարեփոխումներուն, այլ նաեւ դժուարութիւններուն, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, արտաքին ճնշումներու եւ վտանգներու մասին։ Թելադրեց ըլլալ զգօն եւ միասնական ոգիով դիմագրաւել ամէն տեսակի մարտահրաւէրները։ Շեշտեց ազգայինը գերադասելու հրամայականը, ինչ որ կը յատկանշէ Դաշնակցութեան որոշումներն ու ընտրանիքները, տակաւին Սովետական Հայաստտանի օրերէն։
Իր խօսքը կեդրոնացուց այն ճշմարտութեան վրայ, թէ ազգային գիծը միշտ գերիշխած է Դաշնակցութեան պատմութեան ընթացքին։ Կուսակցութիւնը ունեցած է խոհեմութիւնը եւ ճկունութիւնը իր ռազմավարութիւնը պատշաճեցնելու զանազան վարչաձեւերու, միշտ սակայն հաստատ մնալով ազգային իր տեսլականին վրայ։
Յարգելի բանախօսը, առանց բացառելու հայրենիքին, Արցախին եւ համայն ազգին դէմ ծառացող դժուարութիւններն ու վտանգները, իրատես ու յստակ կերպով պատգամեց բոլորիս, թէ կարող ենք ամէն ինչ յաղթահարել հզօր բանակով եւ համազգային հայեցակէտ որդեգրելով, որպէսզի թշնամին չհամարձակի մտածել իսկ մարտական թէ դիւանագիտական յարձակումներու մասին։ Ընկեր Մանոյեան ընդունեց նաեւ որոշ ազգայիններու հարցումները, որոնց տուաւ լուսաբանական պատասխաններ։
Հայաշունչ մթնոլորտը առաւել եւս աշխուժացաւ Գոմոթինիի պարախումբին մերթ հեզաճկուն, մերթ խրոխտ պարերով։
Ձեռնարկը փակուեցաւ ընկ. նախագահին շնորհակալութեան խօսքերով օրուայ բանախօսին, շնորհալի երգչուհիին, տեղւոյն Թաղականութեան ու Մշակութային Միութեան եւ բոլոր մասնակիցներուն ու վերջապէս այն սրտաբուխ մաղթանքով, որ անկախութիւնը ամբողջանայ եւ օր մը միացեալ տեսնենք հողը հայկական։
Յաջորդեց հաւաքական ճաշ՝ Քսանթիի «Քսանթիփի» ճաշարանէն ներս, միշտ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ուժեղացած կամքով ու վերանորոգ յոյսով։
Թէկուզ հայրենիքէն հեռու, պարտաւոր ենք մենք տոկալու, միշտ հայրենիքը եւ հարիւրամեակի անմոռուկը մեր սրտին, «մինչեւ բացուին Մասիսի ճամբաները կենսաբեր, մինչեւ երկու քոյրերը Սեւանայ ծով ¬ Վանայ ծով մեզնով իրար գիրկ ընկնեն երջանկութեան մեր լացով» ինչպէս կը պատգամէ մեր անմահ Շիրազը։
Վարձքը կատար բոլորին։
Մ. Ա.