Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի, «Տիմոքրիթիօ» համալսարանի լեզուաբանական բաժնի տնօրէնութեան, քաղաքապետարանի մշակութային բաժնի տնօրէնութեան եւ հայ մշակութային միութեան համագործակցութեամբ ու կազմակերպութեամբ, Շաբաթ 24 Մարտ 2018ի երեկոյեան ժամը 7ին, վերոնշեալ համալսարանի կեդրոնական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական տարազներու արտադրիչ՝ Պոլսահայ տիկ. Ճուլիա Մութլուի ցուցահանդէսը։ Սոյն միութիւնը բացատրողական յատուկ յայտագրով կը ցուցադրէ 1590-2018 ժամանակաշրջանի հայկական տարազներ, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ հայկական հինաւուրց պարեր։ Տիկ. Մութլու ցուցահանդէսներ ներկայացուցած է Հայաստանի, Գերմանիոյ եւ Պուլկարիոյ մէջ։ Ան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ու սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ շքանշաններուն։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, Ազգային Վարչութեան անդամ տիկ. Զապէլ Այվազեան, Հ.Յ.Դ. Կ.Կոմիտէի անդամ տիկ. Ատրիկ Ստեփանեան, Թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Ստեփան Մատթէոսեան, Միջ-թաղայինի Ատենապետ պրն. Պետրոս Մելքոնեան, քաղաքապետարանի մշակութային բաժնի տնօրէն տիկ. Նաթաշա Լիվերիատու, փոխ քաղաքապետը, ոստիկանապետը, Մետրապոլիտի ներկայացուցիչը, համալսարանական բրոֆէսօրներ ու աշակերտներ, շրջակայ քաղաքներէն ու Պուլկարիայէն հայորդիներ եւ յոյն հանրութիւնը։
Բացման խօսքը կատարեց հայ մշակութային միութեան ատենապետուհի տիկ. Ճէնի Գասապեան։ Ետքը օրդ. Մաքրուհի Յակոբեան ներկայացուց տիկ. Մութլուի կատարած աշխատանքն ու նպատակը։ Ապա 38 անձեր ներկայացուցին հայկական քաղաքներու ու գաւառներու 131 տարազներ իրենց բացատրութեամբ։ Ներկայացումը իր տեսակին ու որակին մէջ եզակի դէպք մըն էր բոլորին համար։ Ան մեծ յաջողութեան կողքին մեծ տպաւորութիւն թողեց ներկաներուն մօտ։ Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Ինչպէս նաեւ՝ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան ու պրն. Ստեփան Մատթէոսեան շնորհաւորեցին տիկ. Ճուլիա Մութլուն եւ իր խումբը։
Գիշերը Թաղային Խորհուրդն ու Հայ մշակութային միութիւնը, «Ալոթինօ» ճաշարանին մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթով մը պատուեցին իրենց հիւրերը։
Հարկ է նշել, թէ Պոլսէն ժամանած խումբը Ուրբաթ երեկոյ ժամը 7ին, մասնակից դարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հսկումի արարողութեան։
ԹՂԹԱԿԻՑ