­Թուր­քիոյ ա­մե­նա­շատ ըն­թեր­ցո­ւող ժա­ման­ցա­յին կայ­քե­րէն onedio.com յա­տուկ անդ­րա­դարձ մը հրա­պա­րա­կած է համ­շէն­ցի հա­յե­րուն մա­սին՝ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով ա­նոնց դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րը, ծա­գու­մը եւ ա­ւան­դոյթ­նե­րը։
«­Մայ­րե­նին կորսնց­նե­լու վտան­գին տակ գտնո­ւող սեւ-ծո­վեան ժո­ղո­վուրդ մը. ­Համ­շէն­ցի­ներ» վեր­նա­գի­րով յօ­դո­ւա­ծին մէջ կը նշո­ւի, որ համ­շէն­ցի­նե­րը իս­լա­մա­ցո­ւած են դա­րեր ա­ռաջ՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին:
­Նիւ­թին հե­ղի­նակ­նե­րը ընդգ­ծած են, որ թէեւ ­Թուր­քիոյ մէջ համ­շէն­ցի­նե­րու ցե­ղա­յին ծագ­ման վե­րա­բե­րեալ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը շատ են, սա­կայն առ­կայ են օս­մա­նեան ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թեր, ուր համ­շէն­ցի­նե­րը կը յի­շա­տա­կո­ւին իբ­րեւ կրօ­նա­փոխ հա­յեր: ­Նիւ­թին մէջ նոյ­նիսկ կցո­ւած է համ­շէն­ցի­նե­րուն հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րը հաս­տա­տող ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թի մը պատ­ճէ­նը, որ նա­խա­պէս հրա­պա­րա­կո­ւած էր «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թին կող­մէ: ­Յօ­դո­ւա­ծին հե­ղի­նակ­նե­րը կ­՛են­թադ­րեն, որ այժմ ամ­բողջ ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին կ­՛ապ­րին մօ­տա­ւո­րա­պէս 300.000 համ­շէն­ցի­ներ: Ն­շո­ւած են նաեւ ա­նոնց հիմ­նա­կան բնա­կա­վայր­նե­րը. ար­դա­րեւ, ա­րե­ւե­լեան համ­շէն­ցի­նե­րը հիմ­նա­կա­նօ­րէն կեդ­րո­նա­ցած են Ար­տո­ւի­նի ­Խո­պա, ­Քե­մալ­փա­շա եւ ­Պորչ­կա շրջան­նե­րուն մէջ, իսկ ա­րեւմտեան համ­շէն­ցի­նե­րը՝ ­Ռի­զէի ­Հեմ­շին, ­Չամ­լը­հեմ­շին եւ ­Չա­յէ­լի շրջան­նե­րուն մէջ, ո­րոնք կը կազ­մեն պատ­մա­կան բուն ­Համ­շէ­նի տա­րած­քը:
­Հա­յե­րէն կը խօ­սին հիմ­նա­կա­նօ­րէն ա­րե­ւե­լեան համ­շէն­ցի­նե­րը, ա­յի­սինքն՝ Ար­տո­ւի­նի գիւ­ղե­րուն մէջ ապ­րող մօ­տա­ւո­րա­պէս 30էն 40 հա­զար համ­շէ­նա­հա­յե­րը:
«Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ա­նոնց գոր­ծա­ծած լե­զուն յայտ­նի է իբ­րեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի բար­բառ­նե­րէն մէ­կը: Ե­կէք մէկ կողմ դնենք ա­նոնց հայ կամ թուրք ըլ­լա­լը. այս ժո­ղո­վուր­դին միակ փա­փա­քը ի­րենց մայ­րե­նին չկորսնց­նելն ու զայն գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցելն է»,- կը գրէ կայ­քը:
­Յի­շեց­նենք, որ ­Համ­շէ­նի հայ­կա­կան բար­բա­ռը ԵՈՒՆԵՍՔՕի կող­մէ դա­սո­ւած է «ան­հե­տաց­ման վտան­գի տակ գտնո­ւող լե­զու­ներ»ու շար­քին: