­Թուր­քիոյ համ­շէ­նա­հա­յե­րը կ­՛ա­ջակ­ցին երկ­րին մէջ ապ­րող բո­լոր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն` մայ­րե­նի լե­զո­ւով կրթու­թիւն ստա­նա­լու պա­հան­ջին եւ ա­տի­կա կը շեշ­տեն որ­պէս ի­րենց օ­րի­նա­կան ու հիմ­նա­րար ի­րա­ւուն­քը,- այս մա­սին՝ ըստ ­Թերթ.amի՝ թրքա­կան «Jinnews.com.tr» կայ­քի թղթա­կի­ցին ը­սած է համ­շէն­ցի հա­յե­րու HADİG միու­թեան ան­դամ, համ­շէ­նա­հայ գոր­ծիչ Է­լիֆ Ալ­թուն­քա­յան:
Ալ­թուն­քա­յա­յի փո­խանց­մամբ` համ­շէն­ցի­նե­րը եր­կար դա­րեր ե­ղած են բա­ւա­կան փակ հա­մայնք, ի­րենց ապ­րուս­տը վաս­տա­կած են բարձր լեռ­նե­րու մէջ` ա­նաս­նա­պա­հու­թեամբ, ո­րու շնոր­հիւ ա­ւե­լի ուշ բա­խած են քա­ղա­քայ­նաց­ման յա­րու­ցած շարք մը խնդիր­նե­րու, ո­րոնց շար­քին նաեւ լե­զո­ւի կո­րուս­տին:
­Թէեւ լեռ­նե­րէն իջ­նե­լէ ետք համ­շէն­ցի­նե­րը ստի­պո­ւած ե­ղան սոր­վե­լու երկ­րի պե­տա­կան լե­զուն` թրքե­րէ­նը, այ­դու­հան­դերձ՝ մին­չեւ վեր­ջերս ալ, համ­շէն­ցի շատ մը ե­րե­խա­ներ թրքե­րէ­նին կը ծա­նօ­թա­նա­յին միայն դպրոց յա­ճա­խե­լէ ետք:
Ինչ­պէս կը պատ­մէ համ­շէ­նա­հայ գոր­ծի­չը, այժմ ըն­կե­րա­յին բազ­մա­թիւ խնդիր­նե­րէ մեկ­նած` գիւ­ղե­րէն դուրս ե­կած ու մեծ քա­ղաք­ներ գա­ցած համ­շէն­ցի­նե­րուն մէջ մայ­րե­նին էա­կան նա­հանջ ապ­րած է, ինչ որ մտա­հո­գիչ է:
Ըստ «Ethonologue.com» կայ­քին` բազ­մազգ եւ բազ­մակ­րօն եր­կիր հան­դի­սա­ցող ­Թուր­քիոյ մէջ կը խօ­սո­ւի 36 լե­զու, օ­րի­նակ `մօտ 11 մի­լիոն մարդ կը խօ­սի քրտե­րէն, 30.000ը` լա­զե­րէն:
UNESCOի կող­մէ` ան­հե­տաց­ման վտան­գի տակ գտնո­ւող լե­զու­նե­րու շար­քին դա­սո­ւած ­Համ­շէ­նի հայ­կա­կան բար­բա­ռը նոր սե­րուն­դին փո­խան­ցե­լու հա­մար աշ­խա­տանք­ներ ծա­ւա­լող HADİG միու­թեան ան­դամ Ալ­թուն­քա­յան ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րէ նաեւ այն փաս­տին վրայ, որ համ­շէն­ցի­նե­րու մէջ մայ­րե­նին ա­ւե­լի շատ կ­՛օգ­տա­գոր­ծեն կա­նայք, մինչ­դեռ տղա­մար­դիկ ա­ւե­լի կրա­ւո­րա­կան են եւ յա­ճախ կը նա­խընտ­րեն ի­րա­րու հետ թրքե­րէն խօ­սիլ:
­Պատ­մա­կան ­Համ­շէ­նը կը գտնո­ւի այժ­մեան ­Թուր­քիոյ հիւ­սիս-ա­րե­ւել­քը: ­Հա­մամ Ա­մա­տու­նի իշ­խա­նի հիմ­նած ­Հա­մա­մա­շէն քա­ղա­քը քար­տէ­սի վրայ կա­րե­լի է գտնել ­Հեմ­շին թրքե­րէն ա­նո­ւամբ, ան­կէ քիչ մը ա­րե­ւելք կը գտնո­ւի թրքա­խօս համ­շէն­ցի­նե­րու եւս մէկ բնա­կա­վայ­րը` ­Չամ­լը­հեմ­շին (կը թարգ­մա­նո­ւի որ­պէս ե­ղեւ­նոտ ­Համ­շէն — Tert.am): Իսկ կրօ­նա­կան եւ ազ­գա­յին հա­լա­ծանք­նե­րու հե­տե­ւան­քով բուն ­Համ­շէ­նէն դէ­պի ­Խո­փա, Օր­տու, ­Կի­րե­սուն եւ ­Սամ­սուն ար­տա­գաղ­թած համ­շէն­ցի­նե­րու բազ­մա­թիւ գեր­դաս­տան­ներ հա­յե­րէ­նը պահ­պա­նե­ցին մին­չեւ 20րդ ­դա­րու 80ա­կան­նե­րու վեր­ջը: ­Խո­փա­յի շարք մը գիւ­ղե­րու մէջ համ­շէն­ցի­նե­րը սա­հուն հա­յե­րէն կը խօ­սին մին­չեւ այ­սօր: