Մեծ յաջողութեամբ, Կիրակի՝ 18 Հոկտեմբերին, Քսանթիի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ համերգ նուիրուած Արցախի հերոսական ժողովուդին։ Ելոյթը կազմակերպուած էր Քսանթիի թաղային խորհուրդին կողմէ, գործակցութեամբ Հայ դատի յանձնախումբին։
Համերգի յայտագիրը ճոխացաւ հայ եւ յոյն երգիչներու ու երաժշտանոցներու աշակերտներու մասնակցութեամբ։ Երգիչներ Յասմիկ Բէկլարեան, Հռիփսիմէ Դանիէլեան, Միխալիս Խածոփուլոս եւ Վակելիս Քոնտոփուլոս ներկայացուցին հայկական եւ յունական երգեր, խանդավառելով բազմամարդ ներկաները։ Հրապարակին վրայ կը ծածանէին Հայաստանի, Արցախի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի դրօշները։ Երգիչներն ու ժողովուրդը մէկ ձայնով դատապարտեցին Արցախի վրայ շղթայազերծուած պատերազմը ու թուրք-ազերիական յարձակողականութիւնը։
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան շրջանի Մետրոպոլիտը, քաղաքապետը՝ որ կարդաց նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի բանաձեւը, երեսփոխաններ, մարզպետական խորհուրդի անդամներ, կիպրական եւ պոնտական միութիւններու ներկայացուցիչներ։