Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ հայ հա­մայն­քի հա­րա­զատ զա­ւակն ու սպա­սար­կուն ե­ղաւ բո­լո­րին ծա­նօթ ­Համ­բար­ձում (­Համ­բօ) ­Մա­րու­քեա­նը։ Ա­նուն մը, որ յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն լսո­ւե­ցաւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նէն ներս, ազ­գա­յին ու հա­մայն­քա­յին գոր­ծու­նէու­թեամբ իր դրոշմը թո­ղեց շրջա­նի հա­յու­թեան ի­րա­կա­նու­թե­նէն ներս։
­Քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ ան իր աչ­քե­րը փա­կեց, սու­գի մէջ մատ­նե­լով հա­րա­զատ­ներ, գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կեր­ներ ու ի­րեն մօ­տիկ հայ եւ յոյն բա­րե­կամ­ներ։
­Համ­բոն ծնած էր 1937-ին, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ մէջ։ ­Մեծ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ճա­շա­կեց դժո­ւա­րու­թիւն­ներ եւ հի­ւան­դու­թիւն­ներ, ո­րոնք ազ­դե­ցին իր ա­ռող­ջու­թեան վրայ։ ­Հայ­րը՝ ­Յա­կոբ, հե­րո­սա­բար կռուե­ցաւ Ալ­պա­նիոյ ճա­կա­տին վրայ եւ կա­րո­ղա­ցաւ ողջ վե­րա­դառ­նալ իր քա­ղա­քը։ Իր մայ­րը մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ շրջա­նի նոր սե­րուն­դի հա­յե­ցի կրթու­թեան վրայ, ան­շա­հախն­դիր կեր­պով հա­յե­րէն լե­զուն դա­սա­ւան­դե­լով այնտեղի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ, իսկ հայ­րը ծա­ռա­յեց քա­ղա­քի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ որ­պէս դպիր։ Իր ծնող­քի հա­ւա­տա­ւոր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ազ­գա­յին կեան­քին՝ խո­րունկ հետ­քեր ձգեց իր նե­րաշ­խար­հին մէջ, այս­պէս, ան ալ իր կար­գին նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թեան։
­Հա­կա­ռակ որ մաս­նա­ւոր ու­սում չստա­ցաւ, այ­սու­հան­դերձ զօ­րա­ւոր էր իր մէջ մշա­կու­թա­յին եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ո­գին, որ զինք մղեց զբա­ղե­լու շար­ժան­կա­րի աս­պա­րէ­զէն ներս, ինչ­պէս նաեւ տե­ղա­կան երգ­չա­խում­բե­րուն մէջ ծա­ւա­լեց եր­գե­լու իր փա­փա­քը։ Ան նաեւ եր­կար տա­րի­ներ մաս­նակ­ցե­ցաւ շրջա­նի յու­նա­կան սկաու­տա­կան կազ­մե­րուն, պա­տա­նի եւ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­նե­րուն աչ­քի զար­կաւ որ­պէս յա­ջող մար­զիկ եւ զա­նա­զան մե­տալ­ներ նո­ւա­ճեց վազ­քին մէջ։
1969-ին ա­մուս­նա­ցաւ ­Նա­զե­նիկ Ա­րա­պեա­նին հետ եւ բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ եր­կու զա­ւակ­նե­րով՝ ­Յա­կո­բը եւ ­Վարդ­գէ­սը։ ­Կա­րո­ղա­ցաւ ստեղ­ծել աշ­խա­տան­քի յա­ջող պայ­ման­ներ ա­ռեւտ­րա­կան աս­պա­րէ­զին մէջ։
Իր հօր նման, կա­նու­խէն մտաւ եւ ծա­ռա­յեց Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րը եւ մին­չեւ վերջ հա­ւա­տա­րիմ մնաց ազ­գա­յին մեծ կու­սակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան եւ ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն։ Այն­քան խոր էր իր հա­ւատ­քը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հան­դէպ, որ երբ ի­րեն կը հարց­նէին «­Հայ ե՞ս», ան կը պա­տաս­խա­նէր՝ «­Դաշ­նակ­ցա­կա՛ն եմ»։ Ա­ւե­լի քան 38 տա­րի շա­րու­նակ զա­նա­զան դիր­քերէ ծա­ռա­յեց շրջա­նի «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին մէջ, իսկ այդ կազ­մի ա­տե­նա­պե­տու­թիւ­նը վա­րեց չորս տա­րի շա­րու­նակ, միա­ժա­մա­նակ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լով ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն որ­պէս դպիր։ Իր ծա­ռա­յու­թեան տա­րի­նե­րուն մե­ծա­պէս օգ­տա­կար դար­ձաւ ­Խորհր­դա­յին միու­թեան փլու­զու­մէն ետք, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նէն Ա­լեք­սանտրու­պոլ­սոյ մէջ կայք հաս­տա­տած հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։
Իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ «Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի կազ­մու­թեան, ո­րուն ա­տե­նա­պե­տու­թիւնն ալ վա­րեց շրջա­նի մը հա­մար եւ մշա­կու­թա­յին աշ­խա­տանք կա­տա­րեց։
Իր ազ­գա­յին բարձր գի­տակ­ցու­թիւ­նը զինք եր­կու ան­գամ մղեց մաս­նակ­ցե­լու Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի օ­րե­րուն մար­դա­սի­րա­կան եւ մեր քա­ջա­մար­տիկ­նե­րու օգ­նու­թեան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րուն դէ­պի հայ­րե­նիք։
­Համ­բոն, իր կնոջ ­Նա­զե­նի­կին հետ միաս­նա­բար, մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ շրջա­նի հայ հա­մայն­քի կեան­քէն ներս։ Եր­կու­քը միա­սին մեծ նո­ւի­րու­մով եւ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ ծա­ռա­յե­ցին զա­նա­զան դիր­քե­րու վրայ, ա­մուր հի­մեր դնե­լով նո­րե­րուն հա­մար։
Իր սի­րե­լի կնոջ մա­հէն 6 ա­միս ետք, ­Համ­բոն կեան­քէն հե­ռա­ցաւ 30 ­Յու­նո­ւա­րին, հան­գիստ՝ իր քու­նին մէջ, 84 տա­րե­կա­նին։
­Համ­բո­յին մա­հով, յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան կ­՚անց­նի նուի­րեալ սե­րուն­դի մը հա­րա­զատ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը, ո­րուն ամ­բողջ կեան­քը հա­մակ նո­ւի­րում եւ ծա­ռա­յու­թիւն ե­ղաւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նէն ներս, հե­տա­մուտ ըլ­լա­լով հա­յե­ցի կրթու­թեան ու հայ­կա­կան ո­գիի պահ­պան­ման, յու­նա­հա­յու­թեան այդ կա­րե­ւոր կռո­ւա­նին մէջ։
­Հո­ղը թե­թեւ ըլ­լայ սի­րե­լի գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կե­րոջ ու հայ­րե­նա­կի­ցին վրայ։

Ք.