Քրիստոսի Համբարձման տօնը, հայ ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ յատուկ տեղ ու նշանակութիւն ունի։ Եկեղեցական արարողութեան զուգահեռ, տօնը ունի նաեւ գեղեցիկ իր աւանդութիւնը, զոր հաւատացեալ տիկիններուն ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կը պատճառէ։ Հինգշաբթի` 6 Յունիս 2019ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմնոյ կազմակերպութեամբ կատարուեցաւ Համբարձումի տօնակատարութիւնը։ Հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, կէսօրէ ետք ժամը 5։30ին կատարեց երեկոյեան ժամերգութիւն, որու ընթացքին երգուեցան տօնին յատուկ շարականները։ Ապա, ան ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց տօնին խորհուրդն ու պատգամը։ Ան յայտնեց, թէ Քրիստոս իր աշակերտները օրհնելէն ու քաջալերելէն ետք փառաւորապէս Համբարձաւ երկնաւոր Հօր մօտ։ Անոր մեկնումով սակայն, երկրի վրայ վերջ չգտաւ Աստուծոյ մարդասիրական առաքելութիւնը։
Քրիստոսի Համբարձումէն ետք, Աստուած Սուրբ Հոգին ղրկեց։ Տէրն Աստուած ոչ մէկ ձեւով եւ ոչ մէկ օր առանձին ու անտէր թողեց իր ստեղծած մարդ արարածը։
Ժամերգութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիկնանց մարմնոյ հիւրասիրութիւնը։ Հարկ է նշել, որ հրամցուած ուտեստեղէնը պատրաստած էին տիկինները, հետեւելով տօնի սովորութիւններուն։ Յանուն Տիկնանց մարմնոյ բարի գալստեան խօսքը փոխանցեց տիկ. Նէլլի Աբիկեան, որմէ ետք ներկայացուց Համբարձման տօնին հետ կապուած մեր ժողովուրդի հնամեայ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները։ Ապա տէր հայրը օրհնեց կուժին մէջի ջուրը, որմէ ետք կատարուեցաւ աւանդական վիճակը։ Սոյն պարագան, մեծ հետաքրքրութիւն ու խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ եւ այդպիսով տօնական ուրախ մթնոլորտն ու ծրագիրը իրենց բարի նպատակին հասան։
ԹՂԹԱԿԻՑ