Շաբաթ՝ 29 Յուլիսի յետմիջօրէին, Երեւանի «Միքա» մարզական համալիրին մէջ կատարուած պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի աւարտական մրցումներով՝ իրենց աւարտին հասան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10րդ մարզախաղերը։ Աւարտական մրցումները կանխեցին 3րդ եւ 4րդ դիրքերու համար մղուած մրցումները։ Ախոյեաններու յստակացումէն ետք, մարզական համալիրի պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու տողանցքով, մրցանակաբաշխութեամբ եւ իւրաքանչիւր մարզաձեւի լաւագոյն մարզիկի ընտրութեամբ։ Հանդիսութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով Իշխան Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզախաղերու յաջողութեան մեծապէս նպաստած հայրենի իշխանութիւններուն, հիւրընկալ շրջանին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան, մարզախաղերու նախագահ Սարգիս եւ Ալիս Տէր-Պետրոսեաններուն եւ բոլոր բարերարներուն ու բարեկամներուն։ Ան ըսաւ, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10րդ մարզախաղերուն իրագործումով՝ Հ.Մ.Ը.Մ. դէպի 100ամեակ կ՛ուղղուի աւելի քան երբեք խանդավառ ու հաստատ կամքով, միշտ հաւատարիմ մնալով իր նշանաբանին՝ «Բարձրացիր-Բարձրացուր»ին։
Խօսք առաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, որ ողջունեց աշխարհի 21 երկիրներէն հայրենիք համախմբուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկներն ու մարզիկուհիները՝ յուսալով, որ անոնք իրենց երկիրները կը վերադառնան միութենական անմոռանալի յուշերով եւ ազգային բարձր տրամադրութիւններով։ Այս առիթով, Յակոբեան գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի 80 հոգինոց կամաւորներու խումբը, որ անցած 10 օրերուն կազմակերպչական մեղուաջան աշխատանք կատարեց՝ մարզախաղերու յաջողութեան իրականացման համար։ Փակման հանդիսութեան առաջին անգամ ըլլալով հնչեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակի քայլերգը (խօսք՝ Ներսեհ Լիպարեանի, երաժշտութիւն՝ Վահրամ Էմմիեանի, կատարողութիւն՝ Գառնիկ Սարգիսեանի)։
ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐԸ
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10րդ մարզախաղերու ախոյեաններուն յստակացումը դիւրին չեղաւ։ 10 օրուան մրցակցութենէ ետք, աւարտական սպասուած մրցումները եղան հետաքրքրական եւ անակնկալներով լեցուն։
Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանը տիրացաւ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին, իսկ Արեւմտեան Մ. Նահանգներունը՝ ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան տիտղոսին։
Պասքեթպոլի պարագային, մեծագոյն անակնկալը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի աղջկանց խումբին առաջնութեան տիրացումը, այլապէս երէց տղոց, կրտսեր տղոց եւ աղջկանց տիտղոսներուն տիրացան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու խումբերը։ Փինկ-փոնկի տղոց ու աղջկանց ախոյեան հանդիսացան Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.էն Աւօ Մունջօղլեան եւ Լարա Քէչէպաշեան։ Ճատրակի մրցումներուն առաջին եւ երկրորդ հանդիսացան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.էն Հրաչեայ Վարդանեան եւ Ռազմիկ Առաքելեան։ Լիբանանէն Հրայր Պրունսուզեան տիրացաւ պրոնզէ շքանշանի։ Թենիսի մրցումներուն, առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու, Կիպրոսի եւ Հ.Ա.Ս.Կ.ի մարզիկները։
Լողի տղոց մրցումներուն, Թեհրանի Հ.Մ.Ա.Կ.ը տիրացաւ 20 շքանշանի, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ՝ 9, Լիբանան՝ 7 եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.՝ 6։ Լիբանանէն Սեւակ Տէմիրճեան խլեց 4 ոսկի եւ 3 արծաթ շքանշան։ Աղջկանց մրցումներուն, Արեւմտեան Մ. Նահանգները տիրացան 8 շքանշան ի, Կիպրոս՝ 7, Սուրիա եւ Հ.Մ.Ա.Կ.՝ 6, Լիբանան եւ Հ.Ա.Ս.Կ.՝ 4ական շքանշանի։ Կիպրոսէն Մարի Սոմաքեան-Ճիորճիու խլեց 7 ոսկի մետալ, իսկ Սուրիայէն Միրնա Պզտիկեան՝ 4 ոսկի եւ 2 արծաթ շքանշան։
Փակման հանդիսութեան յայտարարուեցան իւրաքանչիւր մարզաձեւի լաւագոյն մարզիկին եւ մարզիկուհիին անունները, որոնք ստացան վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու անունով բաժակներ։