Տա­րա­բախտ ­­Գա­յեա­նէի ող­բեր­գու­թիւ­նը խոր սպի մը բա­ցաւ յու­նա­հա­յու­թեան սրտին մէջ։
­­Հա­յաս­տան ու ըն­տա­նիք ետ ձգած, կեան­քի ա­նո­ղոք պայ­ման­նե­րը ճա­շա­կած եւ ա­ւե­լի քան 25 տա­րի­ներ ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ չա­րա­չար աշ­խա­տած՝ հի­ւանդ­նե­րու եւ տա­րի­քա­ւոր ան­ձե­րու խնամք տա­նե­լով, պար­կեշտ ու ազ­նիւ ­­Գա­յեա­նէն մէկ վայր­կեա­նի մէջ խու­ճա­պի մատ­նո­ւե­ցաւ եւ վա­խէն ի­րար ան­ցած՝ հի­ւան­դա­նո­ցի ա­ռա­ջին յար­կէն դուրս ցատ­կե­լով, ի վեր­ջոյ՝ ան չդի­մա­ցաւ իր մարմ­նի կրած ծանր վնաս­նե­րուն ու քիչ յե­տոյ մա­հա­ցաւ, խոր սու­գի մէջ մատ­նե­լով ամ­բողջ յու­նա­հայ հա­մայն­քը։
­­Պատ­մու­թիւ­նը ծա­նօթ է բո­լո­րիս։ ­­Հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ հի­ւանդ մը խնա­մած պա­հուն, ­­Գա­յեա­նէն նշմա­րեց թէ՝ ա­պա­հո­վու­թեան սպա­սա­կու­թիւ­նը զինք կը փնտռէ, եւ ան՝ վախ­նա­լով թէ ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը դա­տա­կան մեծ փոր­ձանք­նե­րու դուռ պի­տի բա­նայ, ինք­զինք պատշ­գա­մէն վար նե­տեց… ա­զա­տե­լու հա­մար…։
Ան այդ ան­յոյս քայ­լին դի­մեց, ո­րով­հե­տեւ ա­ւե­լի քան 25 տա­րիէ ի վեր, ի՜նչ-ի՜նչ խո­չըն­դոտ­նե­րու հան­դի­պած ըլ­լա­լով, չէր կա­րո­ղա­ցած աշ­խա­տե­լու հա­մար օ­րի­նա­ւոր ար­տօ­նա­գիր ա­պա­հո­վել։ Ու­րեմն՝ պե­տու­թեան դի­մաց, հա­կա­ռակ իր կամ­քին, ան կը շա­րու­նա­կէր «օ­րի­նա­զանց» անձ մը ըլ­լալ…։
­­Սա­կայն, իր բա­ցա­ռիկ աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ, ինչ­պէս կը վկա­յեն բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ­­Գա­յեա­նէին ճանչ­ցած էին, պար­կեշտ եւ տքնա­ջան աշ­խա­տան­քով, նոյ­նիսկ իր ա­ռող­ջու­թիւ­նը քայ­քա­յե­լով, ան կեանք մը ամ­բողջ պայ­քա­րե­ցաւ՝ հո­գա­լու հա­մար Ե­րե­ւա­նի մէջ ապ­րող իր ըն­տա­նի­քը, վա­տա­ռողջ զա­ւա­կը եւ թոռ­նե­րը։
­­Յու­նա­կան մա­մու­լը իր ամ­բող­ջու­թեամբ՝ լայն տեղ տո­ւաւ պա­տա­հա­րին։ Կ­նոջ մա­հէն ետք ին­չե՜ր գրո­ւե­ցան պե­տա­կան ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հա­մա­կար­գի լուրջ բաց­թո­ղում­նե­րուն մա­սին, «Athens Voice»ի կայ­քէ­ջը ձա­խա­ւեր գրու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ, ո­րոնց հա­մար հան­դի­պե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դի բուռն ընդվ­զու­մին եւ հա­կազ­դե­ցու­թեան. ֆէյս­պու­քի հար­թա­կէն հա­զա­րա­ւոր ան­ձեր ի­րենց զայ­րոյթն ու ափ­սո­սան­քը յայտ­նե­ցին, եւ վե՛րջ…։
­­Մի քա­նի օր յե­տոյ, այս ող­բա­լի պա­տա­հա­րը մո­ռա­ցու­թեան պի­տի մատ­նո­ւի։
Ա­մէն տե­սա­կի գան­գատ­ներ, բո­ղոք­ներ եւ մատ­նան­շում­ներ ան­ցեա­լին պի­տի անց­նին, սա­կայն պի­տի մնայ այն հա­մա­տա­րած ող­բեր­գու­թիւ­նը, որ մե՛րն է, մե՛ր ժո­ղո­վու­դին է. այն՝ որ ա­ւե­լի քան 25 տա­րի­նե­րէ ի վեր կը կրծէ ու կը մա­շեց­նէ հայ­րե­նի­քի հի­մե­րը։
­­Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թը կը շա­րու­նա­կէ ան­բու­ժե­լի վէր­քի մը նման խո­րա­նալ ու պար­պել մեր հայ­րե­նի­քը։ ­­Գա­յեա­նէին նման տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր ցրո­ւած են աշ­խար­հի չորս կող­մե­րը, պա­տո­ւա­բեր աշ­խա­տանք մը գտնե­լու սուր տագ­նա­պին մէջ մատ­նո­ւած, որ տագ­նապն է ամ­բողջ հա­յու­թեան՝ հայ­րե­նի­քէն ներս եւ դուրս։
­­Շատ բան ը­սո­ւած ու գրո­ւած է ազ­գի հա­մա­տա­րած ող­բեր­գու­թեան մա­սին։ ­­Հոս տե­ղը չէ՛ հրէշ­ներ փնտռե­լու ու զա­նոնք ա­նի­ծե­լու։ ­­Խո­րա­պէս կը ճանչ­նանք հայ­րե­նի­քի ա­րիւ­նա­հո­սու­թեան պատ­ճառ­ներն ու ­­Հա­յաս­տա­նէն ժո­ղո­վուր­դը վա­նող ա­մէն տե­սա­կի մղում­նե­րը։
Այս սիւ­նա­կէն, կոչ պի­տի ուղ­ղենք ­­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հին, ժամ ա­ռաջ ի­րա­գոր­ծե­լու հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան այն­քա՜ն սպա­սո­ւած ծրա­գիր­նե­րը։
­­Հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը չի կրնար ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նալ ե­րա­զա­յին տե­սիլք­նե­րով։ ­­Հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ, նախ եւ ա­ռաջ՝ երկ­րի ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան հա­մա­կար­գի կար­գա­ւո­րում, Ե­րե­ւա­նի փար­թամ կեդ­րո­նէն դուրս՝ թա­ղե­րու, քա­ղաք­նե­րու եւ գիւ­ղե­րու մէջ մար­դոց կեն­սա­կան ու տար­րա­կան կա­րիք­նե­րու գո­հա­ցում։ Այն կը պա­հան­ջէ ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան, ճար­տա­րա­րո­ւես­տի, հո­ղա­գոր­ծու­թեան եւ ա­ռեւ­տու­րի նա­խան­ձե­լի պայ­ման­նե­րու ստեղ­ծում, որ­պէս­զի՝ քայլ առ քայլ, սփիւռ­քա­ցած հայ զան­գո­ւած­նե­րը հայ­րե­նի աշ­խար­հին մէջ վե­րագտ­նեն կե­նա­րար ա­ւիւ­նը, որ մեր եր­կի­րը դէ­պի բար­գա­ւաճ ու բա­րօր ա­պա­գա­յի մը պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ։
­­Կը սպա­սենք, որ Ս­փիւռ­քի հետ կա­պո­ւած ո­րե­ւէ ծրա­գիր եւ պաշ­տօ­նա­կան նշա­նա­կում պի­տի ու­նե­նայ յստակ սե­ւե­ռա­կէտ։ Օ­րա­կար­գը մէկ է։ ­­Գա­յեա­նէին նման հա­զա­րա­ւոր հայ­րե­նա­կից­ներ պէտք չէ մնան «թշո­ւառ ու ան­տէր»՝ ար­տերկ­րի օ­տար ու ան­հիւ­րըն­կալ հո­ղե­րու վրայ։
­­Պարտք ու­նինք՝ այն­քա՜ն ա­նի­րաւ կեր­պով իր կեան­քը կորսն­ցու­ցած ­­Գա­յեա­նէին հան­դէպ։

«Ա­զատ Օր»