Ստորեւ կը հրատարակենք, քանի մը բաժիններով, 1929ի «Նոր Օր» հրատարակութեան «Յունահայ Տարեգիրք»էն հետաքրքրական պատմական յօդուած մը, որ կ’անդրադառնայ Աթէնահայ գաղութի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան
Արմենակ Տէր—Յակոբեան
Նախաբան
Աթէնքի եւ Բիրէայի հայ գաղութին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատմութիւնը պատրաստելը բաւական դժուարին աշխատութիւն մըն է, նկատի ունենալով պահանջուած տուեալներու չգոյութիւնը, կանոնաւոր արձանագրութեանց պակասը եւ զանազան մարմիններու անհոգ ու թոյլ վերաբերումը՝ կատարուած աշխատութեանց յիշատակութեան մասին։
Ահա այս պատճառներով ներկայ աշխատութիւնը կ’ըլլայ աւելի ամփոփ ուսումնասիրութիւն մը, ապագայ պատմագրին հայթայթելով բաւականաչափ ատաղձ, կատարեալ կերպով պատրաստելու համար հելլէնահայ գաղութին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, մինչեւ մեր օրերը։
Ներկայ աշխատասիրութեանս ընթացքին աչքի առջեւ ունեցայ զանազան շրջաններու Թաղ. Խորհուրդներու գործունէութիւնը՝ հիմնուելով գոյութիւն ունեցող արձանագրութեանց վրայ, որոնք կը սկսին 1900 թուականէն։
1922ին Իզմիրի գաղթականութեան ժամանումով Թաղ. Խորհուրդին գործունէութիւնը կը սահմանափակուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մատակարարութեան մէջ եւ վերջ կը գտնէ անոր համագաղութային եւ քաղաքական գործունէութիւնը։ Իզմիրի առաջնորդ Դուրեան Եպս.ի եւ տեղւոյն Քաղաք. եւ Գաւառ. ժողովներու Աթէնք ժամանումով, ազգ. կեանքը նոր կազմակերպութիւն կը ստանայ, որով յարմար նկատեցինք պատմութեանս վերջը նկատել 1922 թուականը, անկից ասդին կատարուած գործառնութիւնները նկատելով նոր շրջան մը, առանձին ուսումնասիրութեան արժանի։
Սոյն ուսումնասիրութեանս ընթացքին ինծի աջակից եղան Գանտիոյ ներկայ հոգեւոր հովիւ եւ հելլէնահայ գաղութի առաջին հիմնադիր Տ. Գարեգին Ծ.Վրդ. Արծրունի, Տեարք Ա. Եազըճեան, Գըլըճեան եղբայրներ՝ իբր հին գաղութի անդամ, որ գլխաւորաբար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թղթածրարները անվերապահօրէն տրամադրեց եւ գլխաւոր օժանդակը հանդիսացաւ այս աշխատութեան։
Հետեւաբար պարտականութիւն կը զգամ հրապարակաւ յայտնելու խոր շնորհակալութիւններս բոլորին, որով կրցայ սոյն ուսումնասիրութիւնը ըստ բաւականին խորացնել եւ հանրութեան ներկայացնելու արժանի դարձնել։
Ա. Տ. Յ.
Հին Կեանքը
Ի ձեռին ունեցած դոյզն տեղեկութիւններ կատարեալ կերպով թոյլ չեն տար պատկերացնելու հելլէնահայ գաղութին կազմութեան նախնական շրջանը։
Դարերու պատմութենէն գիտենք թէ բազմաթիւ առեւտրականներ, ուսանողներ եւ նոյնիսկ գերիներ, թէ՛ կռապաշտութեան եւ թէ քրիոստոնէական շրջաններուն այցելած են Աթէնք, տարիներով հոն մնացած, ուսած, ճարտասանած, առանց որեւէ շեշտուած հետք մը ձգելու։ Եկեղեցական ուրոյն կազմակերպութեան մը յիշատակութիւնը կ’անգիտանանք նոյնիսկ թուրքերու տիրապետութեան շրջանին։ Հաւանաբար այդ ատենները եղած են գաղթի հոսանքներ Կրէտէի եւն.ի նման, կազմուած են գիւղեր Քորֆուի Արմէնիտէսի պէս, որոնք դարերու ընթացքին ձուլուած են տեղական տարրին մէջ, կորսնցնելով նոյնիսկ իրենց ծագումին պարզ յիշատակութիւնը։
Խղճամիտ ուսումնասիրութեամբ մը կարելի պիտի ըլլայ երեւան բերել հին հայ գաղութի մը մնացորդները, օտարացած սերունդներու պատմութիւնը դասաւորել եւ երեւան հանել հայ գաղթականութեան բուն թուականն ու շրջանը։
Ներկայ աշխատութեանս պահուն հարկադրուած եմ ամփոփուելու Աթէնքի հայ գաղութին պատմութեան սահմաններուն մէջ՝ օգտուելով Տ. Գարեգին Ծ.Վրդ. Արծրունիի ծանօթութիւններէն, որոնցմէ յայտնի կ’ըլլայ, թէ աթէնահայ գաղութը սկսած է կազմուիլ Սուլթան Ապտիւլ Ազիզի սպանութեան վերջին շրջանին։
«Հին հայ գաղութը՝ Աթէնք եւ Բիրէա, հազիւ երկվեցեակ մը հայերէ կը բաղկանար։ Ասոնք մեծ մասամբ Սուլթան Ապտիւլ Ազիզի ծառայութեան մէջ գտնուողներէն էին, որոնք իրենց վեհապետին սպանութեամբ եւ զզուելով երկրին յուզումնալից վիճակէն ու վախնալով անձնական հետապնդումներէ, իբր ապահով վայր ապաստանած են Աթէնք, ըստ իրենց յայտարարութեանց։
Այդ անձերն էին՝
Տոքթ. Կարապետ Աղաբեկեան, եղբայր՝ նշանաւոր Մարկոս Աղաբեկեանի, պոլսեցի, Սուլթանին անձնական ատամնաբոյժ, վկայեալ բարձր տիբլոմով, սաատէթլու աստիճանով եւ շքանշանով պատուեալ։ Աթէնքի մէջ եւս պալատան ատամնաբոյժ։
Կարապետ աղա Սէֆէրեան, պոլսեցի, Պալաթէն, տէյիրմէնճի, հանդերձ ընտանեօք։
Միքայէլ աղա եւ ընտանիքը, պոլսեցի, Պալաթէն, հաշաճի կայս, պալատան եւ ձուլիչ։
Մինչեւ 1882 Աթէնքի մէջ գոյութիւն ունեցած են վերոյիշեալ քանի մը ընտանիքները, տասնըմէկ անդամներով։ Նոյն ատեն Կորնթոսի ջրանցքի շինութեան առթիւ մէկ քանի հազար մշեցի հայ գործաւորներ կը փոխադրուին Կորնթոս, որոնք ծանրածանր աշխատանքի տակ մեծ մասամբ կը փճանան։ Շատեր կը մեռնին, ոմանք կ’ամուսնանան օտար կիներու հետ եւ մաս մըն ալ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը։ Ասոնք իրենց հետ ունեցած են երեք հոգեւոր պաշտօնեայ, մշեցի (մին Մուսայ պէյի հարցին առթիւ ծանօթ Տ. Դեմետր քհնյ.), որոնք մէկ քանի տարուան մէջ կլորիկ հարստութիւն մը դիզելէ յետոյ, լքած են իրենց հօտը եւ հայրենիք վերադարձած։
Լսած եմ, թէ Կորնթոսի մէջ հայերը ունեցած են իրենց աղօթարանը, որ փակուած է քահանաներու հեռացումով եւ այդ բազմութիւնը կորսուած է աստանդական։ 1893ին անոնցմէ մաս մը ես տեսայ Աթէնքի փողոցներուն մէջ, որոնք կը մուրային կէս հայերէն եւ կէս յունարէն անհասկնալի լեզուով մը։
Մինչ 1893ին Կորնթոսի ջրանցքին աւարտմամբ մաս մը հայեր կը ցրուէին Յունաստանի զանազան քաղաքները առանց հետք մը թողելու, Պոլսոյ Պապը Ալիի ցոյցերը եւ իննիսունական թուականի դէպքերը նոր գաղթականներ կը նետէին Հելլադայի ափունքը։
Ասոնց մէջ կը գտնուէին՝
Ալէքօ Եազըճեան, պոլսեցի, ճարտար ոսկերիչ։
Սերովբէ Կիւրճեան, կեսարացի, լուսանկարիչ, անգլ. հիւպատոսարանին եւ նաւատորմին, քաջ անգլիագէտ։
Լեւոն Պէրէքճեան, պոլսեցի, Ռոպերթ Քոլէճէ շրջանաւարտ, լեզուագէտ գորգավաճառ, հնագէտ յունական արքայական ընտանիքին։
Ռէթէոս Պէրպէրեան, արաբկիրցի, տպարանատէր եւ «Միութիւն» թերթի խմբագիր։ Հրատարակիչ Շէվքէթ փաշայի Աթէնք հրատարակած «Լաթան» թուրքերէն թերթին։
Սիմոն Մանիկեան, արմտանցի, սրճավաճառ Բիրէա։
Ռուբէն եւ Գրիգոր Չէօմլէկճեան, դերձակ եւ ծխափող շինող։
Թորոս Սարայտարեան, Պորլսէն, դերձակ։
Սամաթիացի Գազանճը Անդրէաս, երզնկացի սրճավաճառ Գէորգ եւ Սամաթիացի նաւավար Լեւոն։ Այս վերջինը արտասահման մեկնելու համար Բիրէա հանդիպող հայերը զանազան չարաշահութիւններով կողոպտած ըլլալուն համար տխուր անուն մը թողած է։
Իննիսունական թուականներուն հոգեւոր պաշտօնեայի մը գոյութեան եւ կամ եկեղեցական պաշտամունքի մը կատարման պարագաները մութ կը մնան։ 1902 Նոյ. 6 թուականով Կալացի հովիւ Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Փափազեանէ եկած նամակի մը մէջ հետեւեալ տողերը կը կարդանք. «Անծանօթ չէ ինձ Աթէնք եւ մանաւանդ նոյն ժամանակի (1889) ազգայնոց կողմէ ցոյց տրուած համակրական ասպնջականութիւնը, որ երախտագիտական անփոխարինելի յիշատակներ թողած է, եւ որ երբեք սրտիս խորէն չեղծանիր…»։
Հաւանաբար Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Աթէնքի մէջ պաշտամունք կատարած եւ ենթակայ եղած է գուրգուրանքի, սակայն ամէն բան անյայտ կը մնայ, այդ շրջանէն վերապրող գոյութիւն չունենալուն պատճառով։
Տ. Արծրունի Վրդ. կը շարունակէ. «Հետզհետէ ծանրացող թրքական մթնոլորտէն խուճապահար Աթէնք կ’ապաստանին Տիգրան Եալտըզճեան եւ ընտանիքը, ծխավաճառ Ճանիկ աղա եւ ընտանիքը, ձուլիչ Ալեքսան Գըլըճեան եւ եղբայրները Միրիճան եւ Յարութիւն, ոսկերիչ ձուլիչ Մկրտիչ եւ Արշակ Մանուկեան, բերացի գլխարկագործ Արտաշէս Պատուէրեան, լուսանկարիչ պոլսեցի Պօղոս եւ Գրիգոր Գալֆայեան, Թեսաղոնիկէի Իտատիէի ուսուցիչ Արամ Բագրատ կամ Մագսուտ Խանճեան, պոլսեցի փորագրիչ Աշոտ Բալայեան եւ սամաթիացի սէտէֆճի Խաչիկ»։
Իսկ 1896ի ջարդերու պահուն Բիրէա եւ Աթէնք հասնող հազարաւոր գաղթականներու մասին ոչ մէկ որոշ արձանագրութիւն եւ տեղեկութիւն գոյութիւն ունի, բացի ծանօթ երգիծաբան Երուանդ Օտեանի ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ՊՈԼՍԷՆ ԴՈՒՐՍ Յունաստանի մէջ ունեցած իր կեանքի յիշատակութենէն։ Այդ շրջանի մասին կը քաղենք հետեւեալ տեղեկութիւնները։
«Ժիրոնտ, որ պանքա մտնող դաշնակցականները կը փոխադրէր, խարսխեց Բիրէայի առջեւ։ Օսմ. Պանքան կոխելու լուրը յոյն թերթերու մէջ մեկնաբանութեանց դուռ բացած էր։ Հայ գաղութը եւ զանազան փախստականներ՝ իմանալով օրուան հերոսներուն ժամանումը, նաւակներու մէջ լեցուած կը շրջապատեն Ժիրոնտը։ Դաշնակցականները եւ ես քով քովի շարուած ենք կամրջակին վրայ։ Վարէն ծափերու եւ կեցցէներու տարափը կը սկսի, որոնց մէջ կար նաեւ Արմէն Գարօն, որ քանի մը շաբաթ առաջ եկած էր Աթէնք։
«… Իտալացի թղթակից մը, որուն հետ բարեկամացեր էինք եւ որ ջարդերու օրը Պոլիս հասած ըլլալով, առանց ցամաք ելլելու Աթէնք մեկնած էր, միասին ցամաք ելանք եւ այցելեցինք յունական թերթերու՝ էսթիա, Աքրոփոլիս, Սքրիբ, Քերիի խմբագրատուները, ուր սիրալիր ընդունելութիւն մը ըրին ինծի, եւ մանրամասնօրէն պատմել տուին կատարուած դէպքերը։
Յաջորդ օրը թերթերը նոյնութեամբ կը հրատարակէին յայտարարութիւններս։ Երբ պանդոկ վերադարձայ, հանդիպեցայ հնչակեան Անդրէաս Մինասեանի, Բարեպաշտ անունով հանրածանօթ։ Յաջորդ օրը հանդիպեցայ երզնկացի հարուստ վաճառական Տէր Ստեփանեանի, Զարեհ Գոչեանի, պատուելի Նշան Քէշիշեանի, հնչակեան Սիմոն Մանիկեանի՝ որ «հայոց դեսպան» կը կոչուէր։
«Աթէնք ժամանելէս շաբաթ մը վերջ Պոլսէն բազմաթիւ գաղթականներ կը ժամանէին, որոնց թիւը ամիս մը վերջ հազարի կը հասնէր։ Ասոնք աւուր հացի կարօտ էին։ Զանոնք պատսպարելու համար յանձնաժողով մը կազմեցինք ես, Սերովբէ Կիւրճեան, Կարապետ Կարապետեան, Բարեպաշտ Զ. Դոչեան, Սիմոն Մանիկեան, պատուելի Քէշիշեան, Մագսուտ Խանճեան, Գրիգոր Գալֆայեան, Ռէթէոս Պէրպէրեան՝ Միութիւն ամսաթերթին տէրն ու տնօրէնը։
Առաջին գործերնիս եղաւ անոնց համար պատսպարան գտնելու հոգը եւ որոշուեցաւ դիմում կատարել վարչապետ Պ. Տէլիեանիսի։
«… Սիրալիր ընդունելութենէ մը ետք հրահանգ տուաւ անմիջապէս յիսուն զինուորական վրաններ հաստատել Ֆալիրոյի դաշտին մէջ, խնդրելով որ զանոնք լաւ գործածենք, քանի որ նոր են։
«Պ. Տէլիեանիս մեր հանդէպ իր մարդասիրութիւնը քանիցս ցոյց տուաւ։
«Անկեղծ ըլլալու համար պէտք է ըսեմ, թէ ոչ միայն վարչապետը, այլ նաեւ յոյն ժողովուրդն ու կառավարութիւնը խիստ բարեացակամ գտնուեցան հայ փախստականներու մասին։
Ամէն անգամուն երբ հայու եւ յոյնի կռիւ մը ելլէր, միջամտող ոստիկանը յոյնը կ’առնէր կը տանէր, նոյնիսկ եթէ հայը յանցաւոր ըլլար։
— Ասոնք մեր հիւրերն են. նոյնիսկ եթէ թերութեան մէջ գտնուին, պէտք չէ որ զիրենք դատապարտենք,- կ’ըսէին ոստիկանները։
Վրանները լիուլի բաւեցին փախստականներուն։ Յանձնաժողովը, յետ քննութեան, ձեռնարկեց աւուր հացի կարօտ անձերը որոշելու եւ անոնց օրական ապրուստ մը ճարելու։ Այս գործը բաւական տաղտուկ պատճառեց, որովհետեւ քէմէրնին (գօտի) ոսկով լեցուն անձերն իսկ կ’ուզէին հացի կարօտ արձանագրուիլ։
Շնորհիւ յոյն թերթերու աջակցութեան, առաջին անգամ մեր սկսած հանգանակութիւնը բաւական արդիւնք տուաւ։ Յետոյ Վարիէթէի թատրոնին մէջ ներկայացում մը սարքեցինք, ուր անձնուիրաբար խաղացին յոյն թատրոնի Սառա Պէրնարը՝ Տիկ. Բարասքէվոբուլու եւ իր խումբը, ներկայացնելով Ֆռու—ֆռուն։
Հասոյթի այս աղբիւրները սակայն շուտով սպառեցան։ Ամէն օր մարդ գլուխ վաթսուն լէփթա (երեք ղուրուշ) կը վճարէինք, մանրակրկիտ քննութեամբ։
Նոյն տարուան Նոյեմբերին հասաւ նաեւ Տիգրան Երկաթ, որ Մարսիլիա կ’երթար։ Յաջողեցանք զինքը համոզել որ ցամաք ելլէ, եւ հայկական դատին ի նպաստ բանախօսէ։ Հակառակ իր հիւանդագին վիճակին, օր մը հանգիստէ վերջ միասին խմբագրատուները այցելեցինք, ուր հայկական հարցին նկատմամբ մեր ծրագրած բանախօսութիւնը խանդավառօրէն ընդունուեցաւ։
Թերթերը մեծաշռինդ ծանուցին այս պարագան։ «Բառնաս» սրահին մէջ աթէնական մտաւորականներու ներկայութեան տարաբախտ Երկաթ հիանալի ֆրանսերէնով մը կը կարդար գրաւոր ճառ մը, պարզելով դարերու ընթացքին հայ եւ յոյն ժողովուրդներու յարաբերութիւնները եւ կը գուշակէր ապագայ դաշնակցութեան մը կարելիութիւնը այս երկու պատմական ազգերու միջեւ, որոնք այնքան նկարագրի նմանութիւններ ունէին։ Պատմական կուռ փաստերով լեցուն այս ճառը մամուլի սիւնակները լեցուց, եւ շնորհաւորութիւններ սկսան տալ ամէն կողմէ։ Երկաթի տկարութեան շրջանին, աթէնացիները մեծ ազնուութիւն ցոյց տուին, որոնց գլխաւորն էր վարչապետին եղբայր Տոքթ. Տէլիեանիս։
Հետզհետէ հոս հասան Վահէ Արզուեան, Շահրիման, Սեդրակ Ամպարեան, տոքթ. Ճէլալ եւ տոքթ. Թիւրապ։
Ռէթէոս Պէրպէրեան առաջարկեց իր «Միութիւն» թերթին խմբագրապետութիւնը, փոխարէն ամէն օր փորս կշտացնելու։ Այդ գործը վարեցի չորս ամիս միայն, հրատարակելով վիմագիր 6-7 թիւեր, ուրկէ ետք դադրեցուցինք մեր ակնկալութիւնները ի դերեւ ելլելուն համար։ Նոյեմբերին հեղեղանման անձրեւ մը քսանչորս ժամ տեւելով ողողեց Ֆալիրոյի դաշտը, ինչպէս նաեւ Բիրէայի եւ Աթէնքի փողոցները։ Գաղթականներէն շատեր Աթէնք ապաստանեցան, ուրկէ վրանները հոն փոխադրուեցան։
Հակառակ շատերու հետզհետէ մեկնումին, մնացած գաղթականները կերակրելը ծանր պարագայ մըն էր։ Բարեբախտաբար անգլ. դեսպանատունը մեզ օգնութեան հասաւ։ Մեր նախագահը Սերովբէ Կիւճեան, որ յարաբերութեան մէջ էր դեսպանատանց հետ, օր մը եկաւ իմացուց թէ Անգլիոյ դեսպանը Պ. Էճըրթըն ի նպաստ հայերու, մեծաքանակ գումար մը ստացած է Լոնտոնէն, որ պիտի գործածուի կարօտեալներուն գործ հայթայթելու։ Մեր դիմումներուն վրայ դեսպանատունը հաւանեցաւ վրանաբնակներուն հոգը ստանձնելու։ Ալ անկէ ետք ամէն օր մաքուր մանրուկ դրամ կը բերէր տոպրակով եւ մեզմէ մէկ քանիին ընկերակցութեամբ կը բաժնէր։ Սակայն օր մը փախստականներէն մաս մը անօրինակ խաղքութիւններով աւելի դրամ պահանջեցին եւ նոյնիսկ ատրճանակով անգլիացի պաշտօնեային սպառնացին։ Այս վերջինը անմիջապէս դրամները առնելով մեկնեցաւ եւ նպաստը ի սպառ դադրեցաւ։ Այս դադարումէն քանի մը օր ետք ամէն մարդ իր գլխուն ճարը նայեցաւ եւ վրանները պարպուեցան»։
Այդ շրջանին եկեղեցական արարողութիւն կատարուա՞ծ է, կամ հայերը ուրոյն հաւաքատեղի մը ունեցա՞ծ են, այս մասին ոչ մէկ յիշատակութիւն կայ։ Պ. Օտեան գինով քահանայի մը յիշատակութիւնը կ’ընէ, առանց անունը տալու որուն հետ միասին գացած է վարչապետ պրն. Տէլիեանիին։
1897ի սկիզբը, կրէտական ապստամբութեան ժամանակ Պ. Օտեան կը մեկնի։ Թուրք եւ հելլէն պատերազմի ժամանակ հայոց կացութիւնը բաւական տագնապալից կը դառնայ։ Ահա այդ շրջաններու մասին ի՞նչ կը գրէ մեզ Տէր Արծրունի Վրդ.-
«Հին գաղթականութիւնը իրեն համար կրցած էր դիրք մը գրաւել, իսկ նորեկները անգործ էին։ Ի լրոյ տեղեկացած եմ, թէ անգլ. դեսպանատան նպաստէն զատ, Օլկա թագուհին ամէն օր Ֆալիրօ գալով կը հսկէ եղեր ուտեստի բաշխման գործին։ Իմ ձեռք բերած տեղեկութեանց համաձայն, առօրեայ դրամական բաշխմանց մէջ տարապայման զեղծումներ եւ զրկողութիւններ պատահած ըլլալով, հոգեւոր հովիւ բաղիշեցի Տ. Սիմոն Քհնյ. բողոքած է, սակայն յանձնաժողովի անդամներէն դրամատէր տիար Հայկ Էքիզլէր եւ Ալեքսան Ճէվահիրճեան, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի հրաժարեալ առաջնորդ Գէորգ Ծ. Վրդ. զիս համոզեցին Աթէնք երթալ, մատուռ մը բանալ եւ նորեկ գաղթականները ժամանակ մը հովուել, մինչեւ որ Էջմիածնի արտօնութիւնս ստացուի։
Այս առթիւ ինձ տրուեցաւ պաշտօնագիր մը՝ իմ պաշտօնս հաստատող, ինչպէս նաեւ գրութիւն մը՝ պահանջելու գաղթականական յանձնաժողովի գործառնութեանց հաշիւները, խոստանալով մատուռի հաստատութեան պահուն ուղարկել անհրաժեշտ եկեղեցական անօթները։
Պաշտօնագիրը յանձնաժողովին ներկայացնելով առաջարկեցի ժողով գումարել, հաշիւները ընդփոյթ կարգադրել, ղրկելու համար Աղէքսանդրիոյ վարչութեան։ Դժբախտաբար անդամք միահամուռ խուսափեցան՝ գործը իրարու վրայ ձգելով։ Հաշիւներու ոչ մէկ տեսակ չի հրապարակուեցաւ եւ գործը մութին մէջ մնաց։ Չարախօս լեզուները կ’ըսէին, թէ փորագրիչ Փալաեան 500 ոսկւոյ դրամ իւրացուցած է։ 1898ին յիշեալը ուզեց Պուլկարիա երթալ, բայց վախնալով իր անուան շուրջ յարուցուած լուրերէն եւ տէրորէն, ապաստանեցաւ Աղէքսանդրիա։
Նոր մատուռի հաստատութեան գաղափարը ջերմ փափաք մը արթնցուց գաղութին մէջ, բացի Բարեպաշտէ եւ քանի մը կուսակցականներէ, որոնք հակակրօն էին։ Անմիջապէս գործի ձեռնարկեցի, իբր ժողովրդեան ներկայացուցիչ, ունենալով ինծի հետ տիարք Սերովբէ Կիւճեան, Արամ Բագրատ, Տէյիրմինճի Կարապետ աղա, ձուլիչ Միքայէլ աղա, Ալէքօ Եազըճեան։ Շաբաթներով այս ու այն պաշտօնատուները ձեռք առնելէ վերջ, յաջողեցանք բանալ մատուռը Կահանէի կողմը վարձուած նախկին պարապ մեծ սրճարանի մը մէջ։ Աղեքսանդրիայէն սպասուած եկեղեցական գոյքերը ստանալէ վերջ կատարուեցաւ մատրան բացումը, տեղի ունեցան պատարագ եւ քարոզ։ Պարտականութիւն է յիշել անունները այն ջերմեռանդ պատանիներուն, որոնք մատրան ծառայեցին իբր սպասաւոր եկեղեցւոյ. ասոնք էին.- Ալեքսան եւ Միրիճան Գըլըճեան, Մկրտիչ Մանուկեան, Պօղոս Գալֆայեան եւ Արտաշէս Պատուել։
Աթէնքի Մետրոպոլիտէն ստացուած հրամանէն ետք, կազմուեցաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւն մը՝ բաղկացած տոքթ. Կարապետ Աղաբեկեանէ, Լեւոն Պէօրէքճեանէ, Սերովբէ Կիւրճեանէ եւ Միքայէլ աղայէ։ Հովիւին կը վճարուէր ամսական վաթսուն տրախմի։ Իսկ գանձանակի եւ ծուխի հասոյթները ամբողջովին յատկացուած էին գաղթականաց ուտեստին, որ մեր ձեռօք կը մատակարարուէր։
Մի քանի ամիսներ շարունակելէ յետոյ, սեփական եկեղեցի մը ունենալու գաղափարը ունեցանք։ Խորհուեցաւ հանգանակութեան ձեռնարկել եւ նախ որոշեցինք ստանալ Հայոց Հայրիկի արտօնութիւնը, որուն ուղարկած էինք նաեւ նոր շինուելիք եկեղեցւոյ յատակագիծը։ Այս մատուռը պիտի կառուցուէր ներկայ Լուսաւորիչ մատրան վարի անկեան մեծ հրապարակին վրայ նայող գետնին վրայ, ունենալով երկյարկանի յարկաբաժին մը, վարը՝ Քահանային եւ ժամկոչին, վերը իբր խորհրդարան եւ հիւր եկեղեցականութեան ննջարան, իսկ եկեղեցին եւ զանգակատունը պիտի նայէին ուղղակի արտաքին դրան։
Սպասուած հայրապետական կոնդակը գալով, պատրաստուեցաւ ժապաւինեալ տոմարը, որ կնքուեցաւ կառավարութեան եւ հոգաբարձութեան կնիքով։
Հասնելով Եգիպտոսի մայրաքաղաքը Գահիրէ եւ դիմելով առաջնորդին, ներկայացուցի ձեռքս ունեցած հայրապետական կոնդակ—տոմարը եւ Հայրիկի կողմէ առաջնորդին ուղղեալ նամակը։ Այվազեան Եպս. կծու յանդիմանութիւններ սկսաւ ընել գալուստիս մասին։ Ամէն կողմէ հոս հանգանակութեան կը վազեն, իբր թէ հոս արքայաւան գանձարան մը ըլլար, ամէնուն աչքը մեր վրան է։ Առանց որեւէ դիւրութիւն ցոյց տալու եւ ցանկ մը ունենալու, սկսայ հանգանակութեան։ Մէկ քանի կարեւոր վաճառատուններ, ի ձեռին առաջնորդէն պաշտօնագիր չունենալով, չվստահեցան եւ մուրացկանի նման մէկ քանի կտոր դրամ ափս դրին իբր ողորմութիւն՝ առանց տետրակին մէջ արձանագրուելու։ Յուսահատ վերադարձայ Աթէնք։
1897ի թուրք եւ հելլէն պատերազմի հաշտութեան բանակցութեանց պահուն, յաղթական Էտհէմ փաշա առաջարկած էր Աթէնքի բոլոր հայ գաղթականները յանձնել իրեն։ Հոգաբարձութեան ծանուցած եւ գաղթականները ուրիշ երկիր փոխադրելու խորհուրդ տուած ըլլալով, բոլոր գաղթականները ցրուեցան աստ անդ։ Այս առթիւ անգլ. դեսպանը մեկնողներուն նաւողջէքին կէսը ինք վճարած է, իր քով գտնուած գաղթականներու նպաստի գումարէն։ Իսկ հինէն ի վեր հաստատուած հայերը քահանայ մը պահելու անկարող ըլլալով, բոլորիս խորհրդով որոշեցինք փակել մատուռը եւ եկեղեցական գոյքերը մի առ մի ցուցակագրելով, ցուցակներէն մին Աղեքսանդրիոյ վարչութեան ղրկուեցաւ եւ միւսը մնաց հոգաբարձութեան մօտ։
Ահա այս պայմաններուն մէջ ես մեկնեցայ Պուլկարիա։
Եւ սակայն քանի մը տարի եկեղեցական մխիթարութենէ զրկուած հայութիւնը չպիտի կրնար անտարբեր մնալ իր քայքայումին։
Նոր Շարժումը
Քանի մը բանիբուն անձնաւորութիւններ, նկատի ունենալով գաղթականութեան ձուլման եւ հայ եկեղեցիէն ուծացման վտանգը, մատուռի մը հաստատութեան գաղափարը ստիպողական անհրաժեշտութիւն մը կը նկատեն եւ Բ. անգամ 1900 Մայիս 20 թուակիր գրութեամբ մը Պուրկազ գտնուող Տէր Գարեգին Քհնյ. Արծրունին կը հրաւիրեն, որ 1900 Մայիս 24 թուակիր գրութեամբ մը յանձնառու կ’ըլլայ այդ պաշտօնը ընդունիլ, յուսալով որ՝
«Զիս առանձնակի պիտի չթողուք։ Պիտի լինիք գաղափարակից, ձեռնտու եւ համերաշխ գործողներ ամէն արգելանաց եւ խոչընդոտներու առջեւ, եւ կամ լաւ եւս պարտիմք երկուստեք միմիանց օգնել յանչափս, որպէսզի կարենանք ի կատար ածել նոր մատրան կառուցումն…»։
Տ. Գարեգին քհնյ. կը ժամանէ Աթէնք եւ 1900 Սեպտեմբերի սկիզբը կարելի կ’ըլլայ տուն մը վարձել 2400 տրախմիի՝ երկու տարուան պայմանաժամով եւ այդ գումարը վճարելով ամսէ ամիս։ Սեպտեմբեր 3ին տեղի կ’ունենայ անդրանիկ պատարագը։ Եւ որպէսզի գաղափարը իր նախաքայլին մէջ չի ձախողի, յարմար կը նկատեն հրաւիրել գաղութը, կազմելու համար եկեղեցւոյ օրինաւոր հոգաբարձութիւն մը։
1900 Սեպտեմբեր 20ին հոգեւոր հովիւ Տ. Գարեգին Քհնյ. Արծրունի հետեւեալ հրաւիրագիրը կը ղրկէ գաղութի անդամեաց.
«Մեծ Տիար.
Յառաջիկայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 24, յետ աւարտման Սուրբ պատարագի, ժամը 10ին, ընդհանուր ժողով պիտի գումարուի, նորահաստատ մատրան, ինչպէս նաեւ կառուցանելի եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւն մը ընտրելու համար։
«Ամէն եկեղեցասէր հայու ներկայութիւնը անհրաժեշտ լինելով սոյն կարեւոր ժողովին, կը խնդրուի որ փութաք անձամբ ներկայ գտնուիլ որոշեալ ժամուն հայկ. մատրան մէջ. Օտոս Քօմօնտուրու, թիւ 6 Աղօթարար
ԳԱՐԵԳԻՆ ՔՀՆ. ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Սեպտեմբեր 24ի Կիրակի օր կատարուած այս ընտրութեան մասին կը գտնենք հետեւեալ արձանագրութիւնները.-
1900 Սեպտեմբեր 24ի Կիրակի օրը, ըստ Սահմ. օրինաց քուէարկութիւն կատարուելով, քուէից առաւելութեամբ ընտրուեցան հինգ անձինք մատրան հոգաբարձութեան համար, որոնք են՝
Տիարք՝ Տոք. Կարապետ Աղաբեկեան, Լեւոն Պէօրէքճեան, Ալեքսան Եազըճեան, Կարապետ Մատոյեան, Սարգիս Պաղտասարեան։
Ընտրուածներէն առաջինը արքայական ատամնաբոյժ եւ երկրորդը արքայական հնագէտ է։
Ընդհանուր ժողովէն ետք, հոգաբարձութիւնը իր անդրանիկ նիստը գումարելով, ատենապետ կ’ընտրէ տոքթ. Աղաբեկեան, ատենադպիր՝ Ա. Եազըճեան եւ գանձապետ Լ. Պէօրէքճեան։
Այս նիստին մէջ կ’որոշուի մատուռի բացման պարագան տեղեկացնել Էջմիածնի կաթողիկոսին, Պոլսոյ պատրիարքարանը, Եգիպտոսի, Զմիւռնիոյ եւ Եւրոպայի առաջնորդութեանց, յառաջիկային ըլլալիք ձեռնարկներու առ ի գիտութիւն։
Ահաւասիկ Էջմիածին ղրկուած նամակին պարունակութիւնը, 1900, Հոկ. 7 թուականով.-
«Վեհափառ հայրիկ,
«Նկատելով որ՝ գաղթականութեան սկզբնաւորութենէն մինչեւ այսօր ցարդ (1896-1900) Աթէնքի եւ Բիրէայի մէջ բաւական թիւով տարագիր հայեր (պոլսեցի թէ հայաստանցի) բնակութիւն հաստատած են իրենց ընտանեաց եւ զաւակաց ապրուստը հայթայթելու համար։
«Նկատելով դարձեալ թէ ի սկզբանէ անդի յիշեալ երկու կարեւոր քաղաքաց մէջ հայկական եկեղեցի եւ մատուռ հաստատուած չլինելուն՝ վաճառական եւ կամ այլ արհեստաւոր երթեւեկող եւ կամ բնակութիւն հաստատող հայեր տեղական օտար եկեղեցիներ յաճախելով անոնց մէջ խառնուած կամ բոլորովին ձուլուած են, իրենց մայրենի լեզուն եւ Ս. կրօնը մոռնալով եւ մինչեւ իսկ ուծացած են իրենց հնադարեան ազգէն եւ նորա սովորութիւններէն։
Նկատելով վերջապէս թէ չորս տարիներէ ի վեր երկու քաղաքաց մէջ հաստատուող 3-400 հայեր վաղուց եկող գացող հայոց նման տակաւ առ տակաւ տեղական ազգին հետ խնամութեան առթիւ ձուլման տրամադիր կ’երեւին, հայ եկեղեցւոյ եւ քահանայի չգոյութեան պատճառով։
«Ուստի զայս ամենանցն յիշատակեալ կորստական պատճառներն խորազննին նկատի առնելով, վերջերս գաղթական հայոց բանիբուն եւ գիտուն դասակարգին պատկանող մի քանի ազնիւ անձնաւորութիւններ ընդհանուր ժողով գումարելով, վերջնականապէս որոշեցին եւ վճռեցին Աթէնքի մէջ հայկ. մատուռ մը ունենալ իր քահանայով, եւ յետոյ հանգանակութեան ձեռնարկելով կառուցանել փոքրիկ եկեղեցի մը իր պաշտօնէից ծախուց բաւականաչափ կալուածներով եւ փոքրիկ նախակրթարանով մը…»։
Նամակը յետոյ, անդրանիկ պատարագը եւ հոգաբարձութեան կազմութիւնը տեղեկացնելէ վերջ, կը խնդրէ հայրապետէն օրհնել ու գնահատել այս ձեռնարկը եւ հանգանակութեան իբր դրամագլուխ՝ ուղարկել փոքր գումար մը, առ ի քաջալերութիւն Յունաստանի հայ գաղութին։
Թրքահպատակ եղող այս գաղթականներուն մատուռին բացումը նոյն ատեն տեղեկացուցուած է օսմ. դեսպան Րիֆաթ պէյին, թուրք արտաքին նախարարութեան հաղորդագրուելու համար։
1900 Նոյեմբեր 8ին Վաղարշապատէն 1181 թուակիր հետեւեալ անդրանիկ կոնդակը ստացուած է հայրիկէն:
Այս կոնդակը Դեկտ. 10ին Կիրակի օրը պատարագի ժամուն կարդացուած է հայ հաւատացեալներուն, եւ հոգեւոր հովիւը բացատրած է կոնդակի մէջ յիշուած շատ մը կէտերը։
1900 Հոկտ. 26 թուակիր եւ 520 համար Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանէն ղրկուած պաշտօնագիր մը կը զեկուցանէր, թէ Յունաստանի հայ գաղութը եւս Եւրոպայի միւս գաղութներու նման Վեհ. Հայրապետի իրաւասութեան ենթակայ ըլլալով, պէտք է գաղութին եւ եկեղեցեաց վերաբերեալ հարցերու համար իրեն կամ Եւրոպայի առաջնորդին դիմեն, իբր Ն. Ս. Օծութեան փոխանորդը։
Հոգաբարձութիւնը առաջին առթիւ մատուռի կառուցման համար գետին մը գնել որոշուած եւ առ այս բաւական գումար մը տեղւոյն վրայ հանգանակուած ըլլալով, նոր նամակով մը կը խնդրէ Էջմիածնէն լրացնել պակսած գումարը, ի գլուխ հանելու համար սկսուած աշխատանքը։
Այս առթիւ Պոլսոյ Պատրիարքարանը առ ի նախատեսութիւն թելադրած է գետինը եւ մատուռը Էջմիածնի անուան արձանագրել տալ, ապագայ գրաւումներէ զերծ կացուցանելու համար, ինչպէս եղած էր Գանտիոյ եկեղեցւոյ մասին, որ հազիւ կարելի եղած էր փրկել, Պոլսոյ մէջ կատարուած զանազան դիմումներով։
1901 Յունուար 18 թուակիր եւ 36 համար գրութեամբ հոգաբարձութիւնը բացատրելով վերոյիշեալ պարագաները, կը յայտնէ թէ՝ մատրան գետնին ըլլալիք կանխավճարը ձեռք բերելու համար հարկադրուած է Եգիպտոս ուղարկել Արծրունի քահանան եւ ատենադպիր Պ. Եազըճեանը, որովհետեւ գաղութին մէջ կարելի չէ սպասուած գումարը ձեռք բերել, անդամներուն տնտեսապէս փճացած ըլլալուն պատճառաւ։ Հետեւաբար կը խնդրէ կաթողիկոսէն այս անհրաժեշտ յանձնարարագիրը ուղարկել Եգիպտոսի առաջնորդ Յովսէփ Եպս. Այվազեանի։
1901 Յունուար 25 թուակիր եւ 42 համար ուրիշ գրութեամբ մը հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ Էջմիածնին թէ՝ «շինելի մատուռը եւ նախակրթարանը որեւէ ոտնձգութենէ զերծ մնալու համար, մայր աթոռը իր կողմէ ռուսական լեզուով գրուած փոխանորդագիր մը պէտք է յղէ կա՛մ հոգաբարձութեան եւ կամ ուղղակի տեղւոյս ռուսական վսեմ. դեսպան Պ. Օնուի, որպէսզի կալուածը պաշտօնապէս Ս. Աթոռի անուան արձանագրուի, փոխանորդագրին մէջ կարելի է աւելցնել թէ սոյն կալուածական գնումը եւ կանխիկ վճարումը տեղական հոգաբարձութեան կողմէ պիտի հայթայթուի եւ թէ այս մասին մայր աթոռը ներկայ եւ ապագայ որեւէ պատասխանատուութենէ ազատ է»։
Սոյն գրոյն վրայ Էջմիածնէն ստացուած է հետեւեալ պաշտօնագիրը.
ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐ
Մեք Ծայրագոյն Պատրիարք Նախամեծար Աթոռոյ Արարատեան Առաքելական Մայր եկեղեցւոյ Սրբոյ Կաթողիկէ Էջմիածնի եւ կաթողիկոս ամենայն հայոց Մկրտիչ Ա. սովիս հաւատարմագրովս. տամք զիրաւունքս բնակչի Աթէնք քաղաքի Լեւոնի Պէօրէքճեան, գնել եւ հաստատել յանուն նախաթոռ Ս. Էջմիածնի վանուց զգետին ինչ յարմարաւոր ի քաղաքն Աթէնք յաղագս շինութեան լուսաւորչական հայոց եկեղեցւոյ, ընդ նմին տամք Պ. Պէօրէքճեանի զամենայն իրաւունս, զորս պահանջեն տեղական օրէնք, վասն գնելոյ զհողն եւ հաստատելոյ զկալուածագիրն յանուն նախաթոռ Վանուց Ս. Էջմիածնի։ Որ եւ հաստատենք զայս հաւատարմագիր հայրապետական կնքոյ մերոյ։
Ի 27 Փետրուարի 1901 ամի՛ իք, տփխիս։
ՄԿՐՏԻՉ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՀԱՅՈՑ
Նոյն հետայն Էջմիածնի կողմէ Սերպիոյ Աթէնքի դեսպան Մր. Միքայէլ Կոնսդանդինովիչի ուղղուած է հետեւեալ պաշտօնագիրը.
ՈՂՈՐՄԱԾ ՏԷՐ ՄԻՔԱՅԷԼ ԿՈՆՍԴԱՆԴԻՆՈՎԻՉ
Հովուական պարտս անձին համարելով ցուցանել աջակցութիւն հօտին մերոյ ուր ուրեք եւիցին, յայս նուազ հարկ համարեմք դիմել Ձերում Գերազանցութեան եւ խնդրել զհետնեալս Հայք բնակեալը յԱթէնս եւ ի Պերա պէտս ունին հոգեւոր մխիթարութեան եւ այդ վախճան ցանկան կառուցանել զեկեղեցի մի յԱթէնս, զորմէ դիմեալ առ մեզ մերագնէից, բնակելոյ անդ խնդրեն զտօնէութիւն Մեր։ Զիջեալ ի խնդիր սիրելի հօտին Մերոյ Մեք յանձն արարաք հայազնի Լեւոնի Պէօրէքճեանի յարգոյաբար խնդրենք զտնօրինութիւն Գերազանցութեան Ձերոյ, յաղագս յանցնելոյ զայն նմա Պէօրէքճեանի լիայոյս գոլով զի Գերազանցութիւն Ձեր ունիք ցուցանել զՁերս լուսամիտ աջակցութիւն հայոց, բնակելոյ յԱթէն քաղաքի։
Վեր առաքելով առ բարձրեալն մեծ աղօթս ջերմագինս վասն առողջութեան երկարակեցութեան Ձերոյ։
Յարգանօք մնամք
Գերազանցութեան Ձերում
ջերմեռանդ աղօթարար
ՄԿՐՏԻՉ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Հոգաբարձութիւնը մէկ կողմէ մայր աթոռէն խոստացուած գումարը խնդրելով մէկտեղ, միւս կողմէ եօթանասունի մօտ եւրոպաբնակ եւ եգիպտաբնակ առաջնորդներու եւ ծանօթ ազգայիններու կը դիմէ, իր ձեռնարկած գործին համար օժանդակութիւն խնդրելով։
Եւրոպայի առաջնորդ Գէորգ Եպս. Իւթիւճեան, 27 Նոյեմբեր եւ 18 Դեկտեմբեր 1900 եւ 367 ու 387 համար գրութիւններով նոր մատուռի մասին կ’ըսէ թէ՝
«… Նոր մատուռ մը կառուցանելու մասին հանգանակութեան համար մեզ ըրած ձեր դիմումին՝ մեր խորհուրդն է առ այժմ նոր շինութեան խնդիր չհանել եւ շատանալ ներկայ մատուռով, զի նոյնիսկ Փարիզի եւ Մարսէյլի մէջ առժամեայ մատուռներով կը կատարուին կրօնական պաշտամունք։ Նոր եկեղեցի ունենալու փափաքն տարիներէ ի վեր կայ ժողովուրդւոյ մէջ, սակայն անհրաժեշտ եղած միջոցները կը պակսին։ Ուստի առ այժմ գոհ եղէք ձեր մատուռով սէր եւ խաղաղութիւն ունենալով ընդ միմիանս»։
«… Էր երբեմն, զի ի Յունաստան տարագրեալ մեր սակաւաթիւ ազգակցաց նկատմամբ կը լսուէին անմիաբանութեան եւ ատելութեան եւ այլ անախորժ հծծիւններ՝ որք հեռի էին պատուաբեր լինելէ Հայաստանեաց Ս. եկեղեցւոյ որդւոց համար։ Այժմ քաղցր է մեզ յուսալ թէ շնորհիւ նորահաստատ մատրան, որ օթեւան է ամէն խաղաղութեան, չար խորհուրդ եւ բանք եւ գործք, իբրեւ մի եկեղեցւոյ հարազատ զաւակունք ապրին խաղաղութեամբ…»։
Բայց հակառակ ասոր, հոգաբարձութիւնը 1901 Փետրուար 2ին դէպի Եգիպտոս ճամբայ կը հանէ հոգեւոր հովիւ Գարեգին Քահանայ Արծրունին եւ ատենադպիր Պ. Ալեքսան Եազըճեանը, որոնք Փետրուար 8ին կը հասնին Աղեքսանդրիա։ Յիշեալները ամսոյս 7ին կը դիմեն առաջնորդ Այվազեան Եպս.ի, կը խօսին իրենց առաքելութեան մասին, ցոյց կուտան պաշտօնագիրները, եւ լուսաբանութիւններ գաղութի մասին։
Սրբազանը խոստում կուտայ այս մասին խօսիլ Տիգրան փաշայի հետ, քանի որ տեղւոյն վարչութիւնը կազմալուծուած էր խորհուրդ տալով որ պատուիրակներն ալ իրենց կողմէ տեսնեն բաշային գործակատար Սեդրակ Դաւիթեան, եւ անոր միջնորդութիւնը ապահովեն։ Բանակցութեանց ընթացքին փաշան դիտողութիւն կ’ընէ թէ պատրիարքարանէն այս մասին որեւէ պաշտօնագիր ստացած չէ, բայց առաջնորդրին բարեխօսութեամբ կարելի կ’ըլլայ ժապաւինեալ տոմարին վաւերացումը ստանալ, մանաւանդ որ տոմարը յունական կառավարութենէն եւս կնքուած էր։ Այս առթիւ պայման կը դրուի որ հաւաքուած գումարները օրը օրին պիտի յանձնուէին Գահիրէի առաջնորդարանին, մեկնումի պահերնուն ստանալու համար փոխան ընկալագրի։
Առաջնորդը ինք եւս ժապաւինեալ տոմարի 4րդ էջին մէջ կոչ մը կը հրատարակէ, հրաւիրելով «Եգիպտոսի բարեպաշտ ժողովուրդը՝ կամաւորապէս եւ առատաձեռնօրէն մասնակցիլ սոյն էապէս կարեւոր հանգանակութեան»։
(1901 Փետրուար 14, 27 Գահիրէ)։
Տոմարը քանի մը օր Պօղոս փաշայի տունը մնալէ վերջ, պատուիրակութեան դիմումներուն վրայ կը ղրկուի առաջնորդարան, ուր տասը ոսկիի արձանագրութիւն մը կար։ Փերտրուար 22ին նոյնք հանգանակութեան կը ձեռնարկեն, բայց զանազաններէ իրենց դիտել կը տրուի, թէ նախ Տիգրան փաշային պէտք է դիմել եւ անոր նուէրը արձանագրել եւ յետոյ կրնան իրենց դիմել։ Յանձնախումբը փաշային գործակատար Դաւիթեանի կը տեղեկացնէ եղելութիւնը, որ կը խոստանայ բան մը ընել։
Պատուիրակութիւնը սակայն իր գործելու առաջին քայլին կը հանդիպի խոչընդոտներու, որոնց գլխաւոր պատճառը կը հանդիսանայ Արծրունի Քահանայի անձնական մէկ պարագան եւ որ հակառակորդներու կողմէ անարգօրէն կը շահագործուի ի վնաս սոյն գործին։ Այս պատճառով հանգանակիչ մարմինը կը մտադրէ գործը կիսատ թողուլ եւ դառնայ Աթէնք, Զատկի տօներէն առաջ։
Ատենադպիր Ալեքօ Եազըճեանի սա տողերը յատկանշական են. «պուրտաքի իշլէրի էյիճէ անլատըմ, նէ՛ եօլտա չալշմալը իշ պիթիրմէք իջուն։ Էվէլա ալթը այ գատար օթուրմալը քի, հիչ իշիմէ կէլմէզ… հանգանակութիւն տէտիյին (տիլէնճի) սրֆաթընա կէչմիշ. գաբուլարտան քօվուեօրլար, քի պէնիմ իշիմէ կէլմէզ։ Պագալ չըրաղը տէյիլիզ վէ օգատարտա քէնտիմի քիւչիւք տիւշիւրմէմ պիր շէյ եափաճաղըզ տէյի։ Օլմաեը վէրսին էֆէնտիմ, էկէր սէն օլաեըտըն պու հաֆտա կէրի տէօնէր տին…»։
Այս յուսահատական գրութեան մէջ, սակայն, Պ. Խերեան Համպուրկէ 20 Մարտ 1901 թուակիր նամակով մը 260 մարքի գումար մը կը ղրկէ (100ը իր կողմէ) խոստովանելով եկեղեցւոյ պակասներուն համար 500 տրախմի եւս նուիրել երբ շէնքը աւարտի։
1901 Յունիս 24 եւ Յուլիս 30 թուակիր զոյգ պաշտօնագրերով հոգեւոր հովիւ Արծրունի կը հրաժարի ամսաթոշակի անբաւականութեան պատճառով եւ կը խնդրէ մատրան պահապան մը գտնել եւ անօթներն ու գոյքերը ստանձնել, ապագայ պատասխանատուութենէ զերծ մնալու համար։ Սակայն հոգաբարձութիւնը, նկատի չառնելով այս հրաժարականները, կը հարկադրէ Տէր Գարեգին Քահանային առանց լուր տալու մեկնիլ դէպի Պուրկազ (Պուլկարիա)։
Հոգաբարձութիւնը 18 Օգոստոս եւ 14-27 Սեպտեմբեր 1901 եւ 144 եւ 150 թուահամար գրութիւններով կը բողոքէ Արծրունի Քահանային դէմ, ժողովուրդը լքելով հեռանալուն համար, եւ կը դիմէ Եգիպտոս եւ Իզմիր՝ քահանայ մը ուղարկելու, որուն կը յատկացուէր ամսական 120 տրախմի եւ զանազան հասոյթներէ 60 տրախմի, գումար 180 (նոյն ժամանակի դրամով վեց Նաբոլէոն)։ Քահանան պիտի բնակէր մատրան մօտ գտնուող երկու սենեակներուն մէջ։
1901 Հոկտ. 30ին, Իզմիրի առաջնորդ Մելքիսիդէկ Արք. 562 թիւ պաշտօնագրով մը կը հաղորդէ, թէ «գաւառացի Տէր Խորէն Քհնյ. Մուրատեանի անցագրի եւ ճանապարհորդութեան ծախքերը հոգալով ճամբայ պիտի ելլէ դէպի Աթէնք ի քահանայագործութեան։ Ի ժամանելն քահանային պէտք է ընդունիք զինքը սիրով եւ յարգութեամբ եւ շահասիրէք»։
Քղեցի Տէր Խորէն նոյն տարուոյ Նոյեմբերի սկիզբը գործի կը ձեռնարկէ։ Թաղ. Խորհուրդը Եգիպտոսի հանգանակութիւնը առաջիկային վերապահելով, կ’որոշէ Զմիռնիոյ մէջ հանգանակութիւն մը կատարել եւ առ այս կը ստացուի անհրաժեշտ արտօնութիւնը Էջմիածնէն։ Սակայն Պոլսոյ Պատրիարքարանը Քաղ. Ժողովի որոշմամբ կը տեղեկացնէ, թէ ինքն ալ կը փափաքի, որ այս նպատակին համար կարելի դիւրութիւններն ընծայուին ձեզ, բայց կը դիտէ միանգամայն, թէ շինութեան գործին չձեռնարկուած, այսպիսի հանգանակութիւն մը կատարել Թուրքիոյ վիճակաց մէջ, կրնայ տեղի տալ թիւր մեկնութեանց ու դժուարութեանց։ Ուստի Քաղ. Ժողովի որոշմամբ կը յանձնարարուի ձեզ, ի բաց թողուլ առ այժմ Թուրքիոյ վիճակաց մէջ հանգանակութիւն կատարելու խորհուրդն։ (1902 Մայիս 29 համար 697)։
Եւ սակայն հոգաբարձութիւնը հայրապետական կոնդակ ի ձեռին, Թուրքիոյ դեսպանին անհրաժեշտ բացատրութիւնները տալէ վերջ, դէպի Զմիռնիա ճամբայ կը հանէ Տէր Խորէն Քհնյ. Մուրատեանը, 1902 Յուլիս 18ին, որ ցամաք ելածին պէս կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի։
«Անցեալ Ուրբաթ օր Իզմիր հասայ եւ անմիջապէս առաջնորդուեցայ բանտ, ուր մինչեւ այսօր կը մնամ, առանց առաջնորդարանի կողմէ ոեւէ պաշտպանութիւն գտնելու։ Եւ ցաւալի է ըսել, որ նոյնիսկ առաջնորդին հրամանաւ բանտարկուած եմ անօթի ու ծարաւ»։
Իզմիրի առաջնորդ Մելքիսեդէք Արք. Մուրատեանի նման անձի մը — որ կաթողիկոս իսկ ընտրուած էր եւ չէր վաւրացուած Ձարին կողմէ — դէմ եղած այս ամբաստանութիւնը կարելի էր զանց ընել, երբ ուրիշ երկու ծանօթ ազգայիններ եւս չգային հաստատել սոյն պարագան։
Վաճառական տիար Մ. Մսերեան 15-28 Յունիս 1902 թուով կը գրէ.-
Սրբազան Առաջնորդը հետեւեալ պատասխանը տուաւ իմ դիմումիս. «տեղական կառավարութիւնը ձեր քահանան բանտարկած է եւ պիտի ղրկէ Երուսաղէմ։ Հետեւաբար ես չեմ կրնար բան մը ընել։ Կառավարութեան գիտնալիք բանն է, թէ ժամանակները փափուկ են եւ ճիշդն ըսելով ես ալ ժամանակ չունիմ այդպիսի տէրտէրի խնդրով զբաղելու։ Դուք ձեր գլխուն ճարը նայեցէք, արդէն այն քահանան, որ հոս անպիտան ճանչցուած էր, մատուռի շինութեան համար չի կրնար օգտակար ըլլալ։
Տիար Լեւոն Չիլինկիրեան 30 Յունիս 1902 թուով կը գրէ.- «… Առաջնորդը առանց քննելու եւ հասկնալու անոր գալստեան պատճառը, կը փութայ քէհեային միջոցաւ անմիջապէս լուր տալ ոստիկանական տեսչութեան, որպէսզի զայն դուրս չհանելով, իր յարմար դատած տեղը ղրկէ։ Այս գովելի յանձնարարութեան վրայ Տէր հայրը վար կը դրուի եւ կ’առաջնորդուի բանտ, քանի մը սրիկաներու մօտ։ 19 օր զուր տեղը բանտ մնալէ ետք, կարգ մը ազդեցիկ անձերու միջամտութեամբ, տէր հայրը ազատ արձակուեցաւ, պայմանաւ եւ երաշխիքով, որ Աթէնք պիտի չվերադառնայ, այլ «Մախսուսիէ» շոգենաւով մը Եաֆա եւ անկից ալ Երուսաղէմ»։
Ինչպէս կ’երեւի, Մուրատեանց Սրբազան, կանխակալ կարծիք ունենալով յիշեալ քահանայի մասին, ոչ միայն չէ աշխատած զայն փրկել, քանի որ իր պարտքն էր, այլ եւ գլխաւոր դերակատար հանդիսանալ սոյն գործին։ Պատրիարքարանի դիմումներով Տ. Խորէն Քհնյ. կարելի կ’ըլլայ փրկել։
Հոգաբարձութիւնը կ’որոշէ հանգանակութիւն կատարել Ռումանիոյ մէջ, եւ նոյն տարուոյ Սեպտեմբերի սկիզբը Տ. Խորէն Քհնյ. կ’ուղեւորուի Ռումանիա, շրջելով Սուլինա, Թուլչա, Պապատաղ, Կալաց, Թէքուիճ, Եաշ, Պօթուշան, Սուզավա, Ռոման, Պագով, Ֆոքշան, Մաքացին, Պուքրէշ, Չէրնովոտա, հաւաքելով 2028 տրախմիի գումար մը։
Հոգաբարձութիւնը երբ մէկ կողմէ կը զբաղէր վարժարանի եւ եկեղեցւոյ մը կառուցմամբ, միւս կողմէ ունէր բաւական ծանր աշխատութիւններ։
1901 Մարտ 2 եւ 8853 թուահամար շրջաբերականով մը Պատրիարքարանը Աթանա Քհն. Էմիրզէեանը կարգալոյծ հռչակած ըլլալով, հոգաբարձութիւնը կը հրաւիրէ յիշեալը, որ ինքնաբերաբար աշխարհականանայ, առանց բռնի միջոցներու դիմելու։ Յիշեալը ոչ միայն չէ ուզած ճանչնալ Պատրիարքարանի հեղինակութիւնը, «այլ եւ կարգ մը սլինքորներու հետ կուսակցութիւն մը կամզելով, ուզած է անոնց միջոցով բռնութեամբ եկեղեցի մտնել եւ պաշտօնավարել իբր արտօնեալ քահանայ»։ Հոգաբարձութիւնը այց կ’ընէ ոստիկանութեան եւ թուրք դեսպանին, բայց կարելի չըլլար բան մը ընել ազատ երկիր ըլլալուն պատճառաւ։ Որով հոգաբարձութիւնը Պատրիարքարան կը դիմէ 27-5 1901 թիւ 128ով. որպէսզի արտաքին նախարարութեան միջոցաւ վճիռ ձեռք բերուի եւ իբր Պատրիարքարանի փոխանորդ իրենց իրաւունք տրուի Աթանա Քհնյ.ի մօրուքը ածիլել տալու։
Աթանաս Քհնյ. անուանարկութեան դատ կը բանայ հոգաբարձութեան դէմ, յայտնելով որ Պատրիարքարանի պաշտօնագիրը կեղծ է եւ թէ ինք բնաւ կարգալոյծ չէ եղած։ Ան միամիտներ որսալով կուսակցութիւն մը կազմելու կը հետամտի, ինքզինքը զոհ ցոյց տալով Պոլսոյ Պատրիարքին եւ Կրօն. Ժողովին քինախնդրութեան։ Կիրքերը տակաւ կը լարուին եւ հոգաբարձութիւնը 19-5 1901 եւ թիւ 131ով կարգադրութիւն մը կ’ուզէ, հաւանական արիւնահեղութիւն մը արգիլելու համար։
Պատրիարքարանը դժբախտաբար կտրուկ ձեռնարկ մը չ’ըներ, որով 28-6 1901 եւ թիւ 133 համարով հոգաբարձութիւնը հետեւեալը կը գրէ.- «… Տ. Աթանաս Քհնյ. մեր ազգութիւնն ու կրօնը անպատուելէ զատ, գաղութի միամիտ եւ անփորձ գաւառացի անդամները այլեւայլ գռեհիկ եւ հակակրօն, բանիւք խաբելով, պատճառ դարձած է մատրանս յատկացեալ ամսական նուէրներն դադրեցնել տալ եւ իւրացնել։ Արդէն յայտնի է, թէ մատուռը կը պահուի ժողովրդեան յատուկ նուէրներէ եւ եթէ այսպէս շարունակէ հասոյթի աղբիւրները նուազելով, մատուռի փակման պատճառ պիտի ըլլայ»։
Սակայն ի վերջոյ հոգաբարձութիւնը կը յաջողի այդ քահանային եկեղեցական զգեստները հանել տալ ոստիկանութեան միջոցով եւ խաղաղութիւնը կը տիրէ։ Հայաբնակ նահանգներու կոտորածէն ետք, վերապրող կիներու եւ անոնց զաւակներուն դիմումը Պատրիարքարանը ծանր դրութեան մատնած էր։ Գաւառներու առաջնորդարաններէ զանազան դիմումներ կ’ըլլային Պատրիարքարան, որով արտասահման գտնուող պանդուխտ ազգայնոց իրենց վերապրող ընտանիքներու օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէին։ Հոգաբարձութիւնը նկատի առնելով Աթէնք, Բիրէա եւ զանազան քաղաքներ գտնուող պանդուխտ ազգայիններու հայրենիք դրամ հասցնելու մասին կատարած դիմումները, 1900 Հոկ. 19 եւ թիւ 18 գրութեամբ հետեւեալը կը գրէ Պատրիարքարան.-
«Աթէնք բնակող եւ առեւտուրով զբաղող գաւառացի ազգայիններէն շատեր իրենց ընտանեաց կանոնաւորապէս անկորուստ դրամ ղրկելու համար մեծամեծ դժուարութեանց կը հանդիպին, Աթէնքի եւ Անատօլուի մէջ հաղորդակցութեանց պակասութեան պատճառով եւ կը դիմեն հոգաբարձութեանս, որ յանձն առնէ պատրիարքարանի միջոցաւ հասցնել իրենց ղրկելիք դրամները։
«Սակայն նկատելով ժամանակին փափուկ վիճակը եւ չունենալով որեւէ ուղղակի յարաբերութիւն գաւառներու հետ, հոգաբարձութիւնս կը դիմէ Ձերդ Ամենապատուութեան լուրջ նկատողութեան եւ կը խնդրէ, որ բարեհաճիք դարման եւ միջոց ընձեռել սոյն պանդուխտ եւ խեղճ ազգայիններու բարի եւ ընտանասէր բաղձանքներուն»։
Պատրիարքարանը գոհացում կուտայ այս փափաքին, փոքր ծախքով մը դրամները ղրկելու հասցէներուն եւ ստացուած ընկալագիրները ուղարկելու դրամառաքներուն։
Այս հետաքրքրութիւնը պիտի ծնցնէր նաեւ ուրիշ փափաքներ ալ։ 1901էն ասդին գաւառներէ Պատրիարքարանի միջոցաւ հասած բազմաթիւ գրութիւններ կ’ուզեն, որ իրենց ղարիպը վերադառնայ երկիր իր կնոջ եւ զաւակներուն մօտ, որոնք արցունքոտ աչքերով եւ կարօտով կը սպասեն անոր գալուստին։
Կան եւ անանկներ՝ որոնք մոռցած ամէն ինչ, կը կենակցին օտար կիներու հետ, Հոգաբարձութեան յորդորները անլսելի կը մնան։ Կան որ թշուառութեան մէջ հազիւ ինքզինքնին կը քաշկռտեն եւ ամէն կապ մոռցած են հայրենիքին հետ։
Մայրեր իրենց զաւակներէն բառ մը, ամուսիններ չոր երկտող մը, եւ զաւակներ համբոյրի մը կը սպասեն, բայց քաղաքը կլանած է այդ բաները եւ գաւառի տղան եւ մարդը դարձած են անզգայ կամ օտար հոգի։ Այս բարի եւ չար զգացողութիւններու մէջ տարուբեր, հոգաբարձութիւնը կը շարունակէ իր առաջադրած նպատակը։
Կ’որոշուի շարունակել Եգիպտոսի հանգանակութիւնը՝ որ Արծրունի Քհնյ.ի տկարութեան պատճառով ընդհատուած էր։ 1902 Փետր. 22 եւ թիւ 223 պաշտօնագրով դիմում կ’ըլլայ Պատրիարքարան, ուրկէ յանձնարարական գրեր կ’ուղարկուին Եգիպտոսի առաջնորդին եւ Պօղոս փաշա Նուպարի։
«Սրբազան Պատրիարք Հայր
նախագահ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան
«Բեկրութեամբ սրտի կը փութանք ձեր սրբազնութեան տեղեկացնել, թէ ամսոյս 14ին գնեցինք, յանուն տեղւոյս հայ գաղութին, Աթէնքի մէջ Քումունտուրուի հրապարակին Քիրիեզի փողոցին մէջ տուն մը 3 մեծ սենեակով եւ 427 քառակուսի մեթր գետինով, չորս կողմը պատերով շրջապատեալ, մէջը գտնուած քարուկիր շէնք քիչ ծախքով յարմար եկեղեցիի վերածելու։
«Ինչպէս յայտնի է ձեր սրբազնութեան, յունական կառավարութիւնը խոստացած էր գետին մը նուիրել գաղութիս ի հաստատութիւն եկեղեցւոյ. բայց խոստացուած գետինը քաղաքէն շատ հեռու եւ անյարմար նախակրթարանի, ստիպուեցանք գնել այս շէնքը, անոր փոխարէն խնդրելով կառավարութենէն, որ կանոնաւոր ամսաթոշակ մը յատկացուի Աթէնքի հայ հովուին իբր քահանայ եւ դասատու։ Կը յուսանք, թէ մեր սոյն խնդիրը դիւրութեամբ կը կատարուի եւ այսպէս մէկ կողմէ հիմնական եկեղեցի եւ դպրոց մը ունենալով եւ միւս կողմէ քահանային ամսականը ապահովելով, կարելի պիտի ըլլայ անխախտ եւ իսպառ պահել սոյն հայկական հաստատութիւնը յԱթէնս։
«Սոյն գնումը կատարուեցաւ մասամբ Ռումանիոյ եւ Եգիպտոսի հանգանակութիւններէ գոյացած արդիւնքէն եւ մասամբ տեղւոյս հայերու նպաստներով, որով վճարեցինք փոխան 11.200 տրախմիի, 5200 տրախմի պարտքը 2 տարի պայմանաժամով վճարելու պայմանաւ հարիւրին եօթը տոկոսով գրաւի դրինք եւ կը յուսամ, թէ քիչ ժամանակի մէջ շարունակելով թէ՛ աստիւ, թէ՛ արտասահման հանգանակութիւնը, պիտի կարողանանք վճարել եկեղեցւոյ մնացորդ պարտքը։
«Նկատելով, որ կարելի է Աթէնքի հայ գաղութը ժամանակով ցրուի (ինչպէս ժամանակին Կրէտէ) կամ այլ եւ այլ պատճառներով չի մնայ ոեւէ հայ ի յոյնս եւ ըստ որում եկեղեցին յանուն Աթէնքի հայ գաղութին արձանագրուած է եւ այն ատեն յոյն կառավարութենէ եւ եկեղեցականութենէ կարելի է գրաւուիլ, առ այս որոշեցինք եկեղեցին սեփականութիւնն ընել Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանին. եւ այս մասին կը յղենք ներփակեալ թարգմանութիւնը մի յունական լեզուով գրուած փոխանորդագրոյ պատճէնին, յանուն տիար Լեւոն Պէօրէքճեանի, որուն մտօք կամ նմանը գրել տալով մեզ ղրկել բարեհաճիք։ Սոյն փոխանորդագիրը պիտի գրուի եւ վաւերացուի տեղւոյդ յունական հիւպատոսարանէն»։
«Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը կատարելու համար չի կարողանալով բարձրաստիճան կղերական մը հրաւիրել, կը խնդրեմ որ բարեհաճիք արտօնել տեղւոյս հովիւ Տէր Դաւիթ Քահանան, որ կատարէ վէմքարերու օծման արարողութիւնը, որպէսզի կարողանայ պատարագել նորահաստատ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Զատկի առթիւ»։
Սոյն նամակին կցուած փոխանորդագրին պատճէնէն կ՚իմանանք, թէ «շէնքը գնուած է Պետրոս Եղօեանի կողմէ ի հաշիւ եւ դրամով Աթէնքի հայ գաղութին եւ նուիրուած յիշեալին կողմէ գաղութին. ըստ տրամադրութեան թիւ 637 եւ 14 Մարտ 1905 պայմանագրութեան, պատրաստուած Աթէնքի նոտար Տիոնիսիս Եէտլազիի կողմէ, սոյն տունը յատկացեալ լինելով եկեղեցիի եւ նախակրթարանի, հայկական գաղութին»։
Ժողովներու ատենագրութեանց պակասին եւ նամակագրութեանց ու քոբիներու անկանոնութեանց պատճառով կանոնաւոր ծանօթութիւններ չկան։ «Կաթիլ» ընկերութեան վարչ. մարմնոյ ատենագրութիւններէն կը տեսնուի, թէ հոգաբարձութեան անդամներուն միջեւ անձնական անհամաձայնութիւններ ծայր տուած ըլլալով, եկեղեցւոյ շինութեան գործը ենթարկուած է պահ մը ձախողութեան։
Ատենապետ տոքթ. Աղաբեկեան այս առթիւ ուզած է «Կաթիլ» ընկերութեան գործադիր ժողովը իրեն գործիք դարձնել՝ զայն մղելով հոգաբարձութեան դէմ արտայայտուելու։ Սակայն «Կաթիլ»ի վարիչ մարմինը՝
«Նկատելով, որ հոգաբարձութեանց անդամոց ունեցած անհամաձայնութեան պահուն, անոնց ազդեցութեան տակ գործել եւ անձնական նկատումներուն պաշտպանութեան ծառայել բնաւ պատուաբեր չէ իրենց, եւ միեւնոյն ժամանակ նկատելով, որ ժողովս ընկերութեանս ծրագրի որոշ տրամադրութեանց վրայ հիմնուելով, եկեղեցւոյ շինութեան գործին մասնակցելու եւ առ այն կատարուած ու կարուելիք ձեռնարկութեանց հետամտելու բացարձակ ու որոշ իրաւունք ունի, որոշեց բոլորովին անկախ ու զերծ ոեւէ ազդեցութենէ ու թելադրութենէ, պաշտօնական նամակաւ դիմել հոգաբարձութեան եւ տեղեկութիւններ բացատրութիւններ խնդրել անկէ, թէ մինչեւ հիմա եկեղեցւոյ շինութեան վերաբերմամբ ի՜նչ ձեռնարկներ ըրած եւ ընելու է եւ ի՜նչ արդիւնք ունեցած են ցարդ կատարուած հանգանակութիւնները (նիստ ԺԲ., Հմ. Ազատեանի տունը)։
«Կաթիլ» կը շարունակէ բացատրութիւններ պահանջել եւ իր ատենապետ Պ. Հմայեակ Ազատեանի միջոցաւ կ՚ուզէ խորհրդակցիլ հոգաբարձութեան հետ։ Սակայն կ՚երեւի, թէ այս վերջինը չ՚ուզեր, որ իր ներքին գործերուն միջամտութիւն ըլլայ, ուստի լուռ կը մնայ։ «Կաթիլ» իր նիստ Ե. 1905 Մարտ 9ին նկատի առնելով մատուռի շինութեան յանձնախումբին դիմումը, իր պատրաստի դրամը հազար տրախմին կ՚որոշէ յատկացնել այդ նպատակին։
Հոգաբարձութիւնը տեսնելով, որ իր միջոցներով կարելի պիտի չըլլայ գնուած մատուռին պարտքը հատուցանել, կ՚որոշէ Եւրոպայի մէջ հանգանակութեան մը ձեռնարկել։ 20 Հոկտ. 1906ին թիւ 304ով կը դիմէ Պոլսոյ Պատրիարքարան, հարկ եղած դիւրութիւնները ստանալու համար։
Հոգաբարձութիւնը յետոյ պայմանագրութիւն կը կնքէ հոգեւոր հովիւ Դաւիթ Քհնյ. Տէր Աւետիսեանի եւ Ստեփան Բամպուքճեանի հետ, որոնք՝ «պիտի ճամբորդեն Եւրոպա եւ եթէ արդիւնքը գոհացուցիչ չըլլայ մինչեւ Հնդկաստան։ Յիշեալները իրենց ճամբու եւ ուտեստի ծախքը պիտի հոգան հանգանակութեան գումարէն եւ մնացեալ գումարին հարիւրին քսանը իբր քսանորդի իրաւունք ստանալէ վերջ, մնացեալը իբր զուտ հասոյթ պիտի յատկացնեն նպատակին»։
Հանգանակիչ մարմինը նոյն տարուոյ Նոյեմբերի վերջը կը հասնի Մարսիլիա, յետոյ Փարիզ, ուր կը հաւաքեն 1671 ֆր. ֆրանք։ Պատուիրակութիւնը յետոյ կ՚անցնի Մանչեսթըր եւ Լոնտոն, ուր Եւրոպայի առաջնորդ Գէորգ Եպս. Իւթիւճեան ամէն աջակցութիւն կ՚ընէ, մասնաւոր կոչով մը։ Կը հաւաքուի 37,13 սթերլին։ Հանգանակութիւնը կը փակուի 1907 Յունուար 12ին։
Դաւիթ Քհնյ.ի առաքելութիւնը ձախողած եւ յիշեալը հազիւ կրցած է ինքզինքը նետել Աթէնք թշուառ վիճակի մէջ, պատճառ ցոյց տալով «Բիւզանդիոն» թերթին այս մասին գրած մէկ տեղեկատուութիւնը՝ որ պարտասահմանի մէջ մտքերը պղտորած էր։ Մէկ կողմէ դրամական տագնապը եւ միւս կողմէ ներքին երկպառակութիւնները պատճառ կը դառնան, որ Տ. Դաւիթ Քհնյ. հեռանայ իսպառ։
Այս քաոսային վիճակին մէջ կիրքերը կը լարուին եւ անպակաս չեն ըլլար յոռի ցոյցեր, մինչեւ որ նոյն տարուոյ Դեկտ.ի վերջերը Եւրոպայի առաջնորդին կողմէ Ծնունդի առթիւ Աթէնք կը ղրկուի Երեմիա Վրդ. Լիֆօրեան, որ կողմերը խաղաղեցնելու կը ձեռնարկէ եւ կը կազմէ ընտրովի մարմին մը։
1908 Մայիս 28ին Պատրիարքարան ղրկուած ճանչցուած չըլլալով եւ առձեռն կանխիկ պատրաստ գումար չգտնուելով, նոր գնուած կալուածին «քոչան»ը Պետրոս Եղօեանի անուան վրայ հանեց հոգաբարձութիւնը։ Ժողովուրդը տեսնելով, որ գործերը անկերպարան հանգամանք մը ստացած են եւ կարելի պիտի չըլլայ ոչ եկեղեցի կառուցանել եւ ոչ ալ վեց հազար տրախմի գետնին պարտքը վճարել, Տիար Պէօրէքճեանէ պահանջեց իր պաշտօնավարութեան շրջանին եղած բոլոր ելեւմտական հաշիւներուն եւ հանգանակութեան մանրամասնութիւնները։
Տիար Պէօրէքճեան փոխանակ ժողովուրդին արդար պահանջքին գոհացում տալու, մերժեց հաշիւ տալ եւ իր ստանձնած պաշտօնէն հրաժարելով, առաջարկեց նոր հոգաբարձութեան ընտրութիւն կատարել եւ անոր հաշիւ տալ խոստացաւ։ Նոր ընտրութիւն կատարուելէ վերջ յիշեալը մերժեց իր խոստումը կատարել, սկսաւ խոչնդոտներ յարուցանել, հոգաբարձութեան իրաւասութիւնը չճանչնալ, առարկելով թէ ինք Խրիմեան Կաթողիկոսի կոնդակով գործերը ինքնագլուխ կառավարելու իրաւունք ունի իբր ազգապետ։ Հոգաբարձութիւնը կը ցրուի եւ գործերը կ՚առնեն անկերպարան վիճակ մը։
Ժողովուրդը չի յուսահատիր, այս անգամ կրկին ժողով գումարելով, կ՚ընտրէ եօթը անդամներէ բաղկացեալ յանձնախումբ մը, որ յիշեալէն հաշիւները պիտի ստանար եւ եկեղեցական յանձնախումբի երկրորդ ընտրութիւն մը պիտի կատարէր։
«… Պ. Պէօրէքճեան յայտարարեց, թէ յանձնախումբը չի ճանչնար եւ թէ հաշիւի տետրակներն ու հոգաբարձութեան կնիքը յանձնած է կառավարութեան, որով իր անձը այժմ պատասխանատու չի նկատեր։ Յանձնախումբը հանրագրութեամբ մը դիմեց կառավարութեան եւ ամիսներ մաքառելէ վերջ արդիւնքի մը չյանգեցաւ։ Կառավարութիւնը պատասխանեց, թէ պէտք է Յունաստանի հայ գաղութը պաշտօնապէս ճանչցուի կառավարութենէն։ Ուստի առ այս պէտք է կանոնագիր մը պատրաստել ու նոր հոգաբարձութիւն մը ընտրելով վաւերացնել տալ։ Պատրիարքարան եղած դիմումը անպատասխանի մնալով, յանձնախումբը ժամավաճառ չըլլալու համար կրկին ժողովի հրաւիրելով գաղութը կը պարզէ կացութիւնը եւ կ՚որոշէ պատրաստել կանոնագիր—ծրագիր մը. Գինեպան Պօղոս Եղօեանի առաջարկութեամբ, յիշեալին փաստաբանը 15 յօդուածէ կանոնագիր մը կը պատրաստէ եւ ըստ այնմ տասը հոգիէ եկեղեցիի հոգաբարձութիւն մը կ՚ընտրէ։ Ատենապետ Պ. Եղօեան առանց կանոնագիրը քննութեան բովէն անցնելու՝ կառավարութեան կը ներկայացնէ, ուր կ՚ապահովէ իրաւունքը ատենապետին՝ անկախօրէն ըստ կամս գործելու։ Այս պարագան երեւան ելած ըլլալով եւ միւս կողմէ Եղօեանի անուս վիճակը նկատի ունենալով, յիշեալը կը հրաժարեցուի։ Կը պատրաստուի 15 յօդուածէ նոր կանոնագիր մը, որ կը մերժուի, կառավարական պահանջմանց անհամաձայն ըլլալով։ Ասոր ալ պատճառը Եղօեանի եւ իր արբանեակներուն գձուձ ընթացքը եւ հասարակութեան մէջ երկպառակութիւններ ձգելն է։ Յանձնաժողովի անդամներէն ոմանք գործէ կը քաշուին եւ Տ. Դաւիթ Քհնյ. հրաժարելով կը մեկնի։ Մնացեալ անդամները ցնոր կարգադրութիւն գործերը կը վարեն, մինչեւ Լիֆօրեան Վրդ.ի ժամանելը 25 Դեկտ. 1907
… Յիշեալը Ս. Ծննդեան տօներէն վերջ 1908 Յունուար 13ին ընդհանուր ժողով գումարելով ազգ. մատրան մէջ, կը յորդորէ մէկ կողմ թողուլ վնասաբեր եսականութիւնները ու աւերիչ շահախնդրութիւնը եւ պաշտպանել միայն ազգին շահը առանց նկատումներու։ Ներկայ ժողովին մէջ թեր ու դէմ վիճաբանութիւններէ ետք, համերաշխութիւն գոյանալով, գործադիր ընտրող, ժողով մը կը կազմուի, որ ընտրական գործէն զատ նպատակայարմար կանոնագիր—ծրագիր մը պիտի կազմէր։ 1908 Դետկ. 20ին ընդհ. ժողովի Բ. նիստին 92 հրաւիրեալներու 74ի ներկայութեան թաղ. խորհուրդի օրինաւոր ընտրութիւն կը կատարուի եւ քուէից առաւելութեամբ կ՚ընտրուին Տեարք՝
Յարութիւն Քօլօյեան (քուէ 40)
Աղեքսանդր Գլըճեան (քուէ 29)
Պօղոս Կոտոշեան (քուէ 52)
Կարապետ Մատոյեան (քուէ 28)
Նշան Յակոբեան (քուէ 50)
Յետոյ Սահմանադրութեան ոգիի եւ կառավարութեան պահանջած ուղղութեան համաձայն պատաստուած 18 յօդուածէ բաղկացեալ նոր կանոնագիրը, յօդուած առ յօդուած ուսումնասիրուելով, ընդհանուրին հաւանութեամբ կ՚որոշուի յանձնել օրէնսդրական նախարարութեան վաւերացման։ Յիշեալը քննելէ վերջ, օրինաց համաձայն գտնելով, կանոնագիրը կը ղրկէ ներքին գործոց նախարարութեան առ ի վաւերացում, ուրկէ ետք Պալատ՝ թագաւորական հրամանով գործադրութիւնը արտօնելու համար։
Նոր եւ անդրանիկ Թաղ. Խորհուրդը գործի ձեռնարկելով կը մտադրէ Հնդկաստան հանգանակութեան ձեռնարկել եւ 1908 Յունիսի սկիզբը հովիւ Երեմիա Վրդ. Եգիպտոս կ՚ուղեւորի, անկից Հնդկաստան անցնելու համար։ Սակայն նիւթական պատճառներ եւ տեղական արգելքներ կը հարկադրեն յիշեալը, որ Պոլիս մեկնի նոյն տարուոյ Օգոստոսին, օգտուելով Սահմանադրութեան հռչակումէն։ Մինչ այդ՝ Թաղ. Խորհուրդը Հնդկաստանի հոգեւոր պաշտօնեաներուն եւ երեւելիներուն կը տեղեկացնէ հանգանակութեան նպատակը։
Ատենապետ Յարութիւն Գօլոյեանի հրաժարմամբ, ատենապետութեան կը հրաւիրուի Մ. Մանուկեան։ Թաղ. Խորհուրդը, հակառակ դժուարութիւններու, կը շարունակէ իր գործը եւ նկատի առնելով եկեղեցւոյ սպառնացող վտանգը, կ՚որոշէ ատենապետն ու ատենադպիրը ուղարկել Պոլիս եւ առ այս կը տեղեկացնէ Պատրիարքարան, 8 Օգոստոս 1908 թիւ 19 պաշտօնագրով։
Մինչ այդ Լիֆօրեան Վրդ. Պոլիս իր դիմումները կը կատարէ Թաղ. Խորհուրդը կը յաջողի եկեղեցին փոխանցել ատենադպիր Պ. Ա. Գլըճեանի անուան։
Խառն ժողովը 18 Սեպտ. 1908 թիւ 790 նամակով կը պատասխանէ, թէ «ուշադրութեան առնելով ղրկուած գիրն ու հոգեւոր հովիւ Լիֆօրեան Վրդ.ի բերանացի բացատրութիւնները, կ՚որոշէ յիշեալ վարդ.ի յանձնել ժապաւինեալ տոմար մը արտասահմանի մէջ հանգանակութիւն կատարելու համար»։
Եւ որովհետեւ եկեղեցւոյ գետինը իբր գրաւ կը գտնուի նոյն պահանջատէրին վրայ, ուրկէ լոկ գրութիւն մը առնուած է, կ՚որոշէ որ այդ սեփականութեան խնդիրը օրինաւոր վիճակի մը վերածուի, տեղական օրինաց համաձայն։
1908 Դեկտ. 18ին փոխանորդարանը եկած գրութիւն մը կը տեղեկացնէ, թէ Երեմիա Վրդ.ի 300 տրախմի տրուած է Ծննդեան տօներու առթիւ Աթէնք վերադառնալու։ Իսկ վարչութիւնը 1909ի սկիզբը կ՚որոշէ, որ հանգանակութիւնը կատարուի Իզմիր եւ Եգիպտոս, նկատելով որ ասանկ ջնջին գումարի մը համար չ՚արժեր մինչեւ Հնդկաստան մարդ ուղարկել, որուն ճամբու ծախքին հանգանակելի գումարը հազիւ կը բաւէ։ Թաղ. Խորհուրդը սակայն կապուած չի մնար Պատրիարքարանին եւ ներքին գործոց նախարարութեան դիմելով Յունաստանի մէջ հանգանակութիւն ընելու արտօնութիւն կը խնդրէ, որ կը տրուի։
Իսկ Պատրիարքարան ղրկած մէկ գրով կը սպսռնայ հրաժարիլ, եթէ մինչեւ Փետրուարի կիսուն գոհացուցիչ կարգադրութիւն մը չըլլայ։ 1909 Ապրիլի կիսուն Լիֆօրեան Վրդ. յուսահատ, կը մեկնի Պոլիս, եւ անկէ Երուսաղէմ ճամբայ կ՚ելլէ։ Կիլիկիոյ աղէտը նոր պատահած ըլլալով եւ Լառնաքայի մէջ 1500 հայ փախստականներ գտնելով, կ՚որոշէ անոնց օգտակար ըլլալ։
Թաղ. Խորհուրդը երրորդ անգամ ըլլալով Աթէնք կը հրաւիրէ Քէօսթէնճէ գտնուող Գարեգին Քհնյ. Արծրունին, որպէսզի գլուխ կանգնի պետութեան արտօնութեամբ կատարուելիք հանգանակութեան։ Յիշեալը զանազան պայմաններով կ՚ընդունի պաշտօնը, եթէ Պոլսոյ Պատրիարքարանը արտօնէ։ Սակայն այս պարագան եւս կը ձախողի, որովհետեւ Թաղ. Խորհուրդը ի վիճակի չէ վճարելու պահանջուած գումարը, նկատելով որ Սահմանադրութեան հռչակմամբ երկու հարիւր հոգինոց գաղութին հազիւ կէսը մնացած է։ Շատեր մեկնած են հայրենիք կամ այլուր։ Բարեբախտաբար հելլէն կառավարութիւնը 50 տրախմի յանձն առած է վճարել իբր հայ հոգեւորականի մը ամսաթոշակ։
1909 Նոյ. 25ին Աթէնք կը հասնին Մայր եկեղեցւոյ աւազերէց Միքայէլ Ս. Քհնյ. Աշճեան եւ Կարապետ Այճեան, ներկայ ըլլալու համար հանգուցեալ Թադէոս Պէկեանի Աթէնքի դրամատան մէջ ունեցած դրամարկղի բացումին։ Տիրող վհատութիւնը, ներքին պայքարները արդէն ձեռնթափ ըրած էին խորհուրդի անդամները։ Ուստի Տ. Միքայէլ Քհնյ. նոյն տարուոյ Նոյեմբերի առաջին շաբթուն, ի մի հաւաքելով գաղութին անդամները, նոր Թաղ. Խորհուրդ մը կ՚ընտրէ յանձին՝ Յարութիւն Քօլոյեանի, Աղեք. Գլըճեանի, Գրիգոր Արապեանի, Պետրոս Եղօեանի, Կարապետ Սատոյեանի։
Դեկտեմբերի մէջ Ամերիկա մեկնելու համար Աթէնք կը ժամանէ Վահրամ Քհնյ. Արծրունի։ Թաղ. Խորհուրդի դիմումին վրայ փոխանորդարանը 25 Դեկտ.ին պաշտօնագրով մը Վահրամ Քհնյ.ին պաշտօն կը յանձնէ տօնական օրերը հոն անցնել եւ բառնալ ժողվրդեան մէջ տիրող երկպառակութիւնը։ Տ. Վահրամ երկու ամիս պաշտօնավարելէ վերջ, ըստ իր յայտարարութեան 125 ֆր. փոխ առնելով կը մեկնի կրկին Պոլիս։
Թաղ. Խորհուրդը քանիցս կը փորձէ հրաժարիլ, սակայն քաոսէ վախնալով ոգի ի բռին կ՚աշխատի։ Եւ որպէսզի եկեղեցւոյ շէնքը աճուրդի չհանուի, կ՚օգտագործէ տեղական հանգանակութեան արտօնութիւնը։
Ահա թէ ի՞նչ կը գրէ 1910 վերջերը ղրկուած թիւ 60 տեղեկագրին մէջ.-
«Թաղ. Խորհուրդս դուռները ափ առնելով յաջողեցաւ տեղւոյն կառավարութենէն ժապաւինեալ տոմար ստանալ։ Ներքին զինուորական եւ այլ պարագաներ եւ արտաքին խառնակ կացութիւնը, տնտեսական տագնապը, նախարարներու հրաժարումը հանգանակութեան մեծ արդիւնք մը չապահովեց։ Արդիւնքը վեց հարիւր ֆր. եղաւ. որուն 300ը նուիրեց բարեխնամ թագուհին, եւ միւսն ալ բարեսիրտ յոյներ։ Երկար դիմումներէ վերջ, քաղաքապետութենէն ալ վեց հարիւր տրախմի առինք, շնորհիւ հպատակ ըլլալնուս, որով եկեղեցւոյ պարտքին հազար ֆր. եւս վճարեցինք եւ 250 ֆր. ալ տոկոսը»։
Թաղ. Խորհուրդը լուր առնելով որ Աթէնք նշանաւոր օթէլ Անկլըթէրը սեփականութիւնն է զմիւռնաբնակ Տիար Արապեանի, կը դիմէ Դուրեան Սրբազանին, որպէսզի իր կողմէ գիմում ըլլալ յիշեալին, եկեղեցւոյ 250 նաբոլէոնի պարտքը նուիրելու։ Խորհուրդի անդամներէն Տիար Յ. Գօլոյեան, որ Պոլիս փոխադրուած էր, անընդհատ դիմումներ կը կատարէ վարչութեան մօտ։ Տեղապահ Մանկունի Սրբազան պահ մը կ՚ընդդիմանայ ժապաւինեալ տոմարի գաղափարին, դիտել տալով թէ եկեղեցին ազգին անուան չէ, սակայն նկատելով որ դրամը վճարելէ վերջ կարելի է ատանկ պահանջ մը ընել, տեղի կուտայ։ Հանգանակութեան համար բանակցութիւն կը վարուի մայր եկեղեցւոյ Գէորգ Քհնյ. Պագալեանի հետ, սակայն ձախողութեան պատճառով, հանգանակութեան գործը կը յանձնուի Տէր Կարապետ Վրդ. Մկրտիչեանի հարիւրին քսանով։
19 Մայիս 1911ին թիւ 75ով եղած դիմումին վրայ Օգոստոս 26ին Պատրիարքարանը 179 թիւ պաշտօնագրով մը, Մկրտիչեան Վրդ.ը կը նշանակէ նաեւ հոգեւոր հովիւ Աթէնքի։ Սակայն Վրդ.ի հանգանակութեան համար դէպի Իզմիր եւ Եգիպտոս ճամբայ ելած պահուն, Մանկունի Եպս. կ՚արգիլէ դրամահաւաքութիւնը, պահանջելով նախ 1900էն ի վեր հոգաբարձութեանց եւ խորհուրդներու հաշիւները։
Պատրիարքական նոր ընտրութեան պատճառով այս հարցը պահ մը կը մոռցուի։
Պարտատէրը եկեղեցին աճուրդի հանելու նոր սպառնալիք ըրած ըլլալով, Խորհուրդը կը խնդրէ Պատրիարքարանէն, դիմում ընել հելլէն դեսպանին, արգիլելու համար ազգային արժանապատուութեան սպառնացող այս աճուրդը։
Թաղ. Խորհուրդը իր քառամեայ շրջանը աւարտած ըլլալով կը հրաժարի եւ Փետր. 19ի Կիրակի օրը նոր ընտրութիւն կատարելով մատրան մէջ, մեծամասնութեամբ Թաղ. Խորհուրդի անդամ կ՚ընտրուին.- Տիարք՝ Պետրոս Եղոյեան, Մկրտիչ Մանուկեան, Մատթէոս Անդրէասեան, Գրիգոր Արապեան, Պաղտասար Տոքթորեան։
Թաղ. Խորհուրդը անմիջապէս ընտրութեան արդիւնքը հաղորդելով Պատրիարքարան, զատկական տօներուն առթիւ քահանայ մը կը խնդրէ։ Կրօն. ժողովը նախ Աբիսողոմ քհնյ. Թորոսեանը կ՚որոշէ, սակայն յետոյ իր որոշումը փոխելով առժամեայ հովիւ կը կարգէ Սարգիս Քհնյ. Զաքարեանը։
Մինչ այդ կատարուած դիմումներուն վրայ բարիզաբնակ Տիգրան Խան Քէլէկեան Պատրիարքարան կ՚ուղարկէ Աթէնքի եկեղեցւոյ պարտքի փոխարժէքը եղող 5000 ֆրանքի չէք մը։ Նոր Թաղ. Խորհուրդը թերթերէ տեկեկանալով այս պարագան, 13 Մայիս 1912ին թիւ 3 համարով թէ այդ գումարը, ինչպէս նաեւ տոկոսը եղող 750 տրախմիին անմիջական առաքումը կը խնդրէ։
Պատրիարքարանը պարտքի մուրհակները կը պահանջէ եւ տոկոսի վճարման մասին երկար բանակցութիւններէ վերջ 1913 Յունուար 9 թիւ 107 պաշտօնագրով Պատրիարքարանը կը յայտնէ, թէ՝ «Մայրաքաղաքիս Վսեմ. հելլէն դեսպանին հետ բանակցութիւն կատարեցինք եւ վերահասու եղանք, թէ Յունաստանի մէջ կարելի է բարոյական անուան վրայ ոեւէ ազգ. հաստատութիւն արձանագրել, բաւական է որ հայ հաւաքականութեան գոյութիւնը պաշտօնապէս հաստատուած ըլլայ տեղւոյն կրօնից եւ հանրային կրթութեան նախարարութենէն եւ վաւերացուած արքայական հրովարտակով։
Քաղաք. Ժողովը ուշադրութեան առնելով այս անգամ բուն խնդիրը եւ տեսնելով թէ արդէն հելլէն կառավարութիւնը հայ գաղութը ճանչցած է պաշտօնապէս եւ ըստ կանոնագրի վաւերացուցած է 1908 Սեպտ. 22 թուականին, եւ թէ այդ կանոնագրի տրամադրութեամբ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ կը գտնուի օտոս Քրիէզի, եւ թիւ 10 իր յարակից տնակով եւ շրջապատով, որոնց արժէքը կը ներկայացնէ 11.200 տրախմի, կանոնագրի զօրութեամբ ապահովուած գտաւ եկեղեցւոյ սեփականաութեան իրաւունքը, եւ արժան գտաւ ուղարկել ձեզ նուիրեալ 5000 ֆրանքի գումարն, ինչպէս նաեւ 1000 ֆր. եւս նոյն պարտուց բանած տոկոսեաց յատկացնելու համար»։
Դրամը Քրէտի Լիոնէի միջոցաւ ղրկուած ըլլալով, Ապրիլի ընթացքին պարտատէրը պաշտօնական գրութեամբ եւ նոտարութեան վաւերացմամբ, մուրհակները ազգին վերադարձնելով, այս ցաւոտ խնդիրը փակուած է։ Դժբախտաբար՝ հակառակ Թաղ. Խորհուրդի փափաքին եւ Պատրիարքարանի որոշման, ոչ մէկ արձանագրութիւն դրուած է եկեղեցւոյ ճակատը Քէլէկեան Խանի այս նուիրատուութիւնը յիշեցնող։ Ասոր պատճառները մութ կը մնան ցարդ։
Թաղ. Խորհուրդը պարտքի վճարումէն առաջ եւ ետքը, քանիցս ձեռնարկած է առանձին հոգեւոր հովիւ ունենալու շէնքին վրայ, սակայն Պատրիարքարանը հրահանգած է համաձայնիլ Գանտիոյ Թաղ. Խորհուրդին հետ, որպէսզի քահանան փոխն ի փոխ այցելէ երկու շրջանները։
Ծանօթ.- Պալքանեան եւ մեծ պատերազմի ընթացքին, Թաղ. Խորհուրդներու ազգ. գործունէութեանց եւ քաղաքական ձեռնարկներու մանրամասնութիւնները պիտի տանք Տարեցոյցիս յառաջիկայ տարուան թիւով։ Որով ներկայ տարուայ աշխատասիրութեամբ ամփոփած կ՚ըլլանք գաղութին հաստատութեան եւ եկեղեցւոյ գնման մանրամասնութիւնները։