Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը միանայ համայնքին՝ տօնելու «համաշխարհային կամաւորի օր»ը, առ ի գնահատանք այն բոլոր կամաւորներուն եւ ընկերներուն որոնք իրենց անսակարկ նուիրումով, նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին այլազան աշխատանքներու՝ գաղութի եւ հայրենիքի բարելաւման համար: Այս առթիւ, Կեդրոնական Վարչութիւնը երախտագիտական խօսք կը յղէ իր անդամներուն, որոնք անձնուրաց ոգիով յառաջ կը տանին բարեսիրական գործը ու կարելի կը դարձնեն, որ այս կազմակերպութիւնը նորանոր յաջողութիւններ արձանագրէ:
«Քաջ կը գիտակցինք, թէ մեր կազմակերպութեան ուժը մեր ընկերներէն կախեալ է, որոնք ամենայն պարտաճանաչութեամբ, մանաւա՛նդ անշահախնդրութեամբ, գործունեայ մասնակցութիւն կը բերեն իրենց շրջապատին, գաղութին ու հայրենիքին բարօրութեան աշխատանքներուն: «Անոնց նուիրեալ ու անսակարկ ներդրումը մղիչ ուժ կը դառնայ, որուն շնորհիւ մեր կառոյցները կը հզօրանան, համայքները կը կազմակերպուին եւ հայրենիքը կը յառաջդիմէ:
«Հ.Օ.Մ.ը մէ՛կ դարէ աւելի կրցած է իր աշխատանքները տանիլ շնորհիւ տիպար Հ.Օ.Մ.ականներուն, որոնք անսակարկօրէն ծառայեցին Հայ Ժողովուրդին՝ կարիքաւորներուն նուիրաբերելով իրենց ժամանակը, ուժն ու կորովը՝ յանուն Միութեանս ազգանուէր առաքելութեան:
Այսօր, աւելի քան երբեք, վստահ ենք, որ Հ.Օ.Մ.ը պիտի շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ իր աշխարհածաւալ կամաւոր բանակով: «Համաշխարհային կամաւորի օր»ուան առթիւ՝ կո՛չ կ՚ուղղենք բոլորի՛ն, որ իրենք ալ իրենց մասնակցութիւնը բերեն հայակերտման այն կազմակերպութիւններուն մէջ, որոնք վճռած են մնալ ժողովուրդին կողքին՝ կառչած մնալով ազգային մեր վեհ տեսլականներուն»:
«Համաշխարհային կամաւորի օր»
Հ.Օ.Մ.ը, «համաշխարհային կամաւորի օր»-ւան առթիւ, երախտագիտութեան խօսք կ’ուղղէ իր անդամներուն