­Հա­մայն հա­յու­թիւ­նը տօ­նեց Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւածայայտ­նու­թեան տօ­նը

0
98

6 ­Յու­նո­ւա­րին, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի մէջ տօ­նո­ւե­ցաւ Ս. Ծննդեան եւ Մկր­տու­թեան տօ­նը, յատ­կա­պէս ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու շքեղ մա­տու­ցու­մով։
­Հա­յոց ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, այս տա­րի գրա­ւեալ Ար­ցա­խի մէջ չնշո­ւե­ցաւ Ս. Ծննդեան տօ­նը, իսկ Ե­րե­ւա­նի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, հայ­րա­պե­տա­կան պա­տա­րա­գը եւ ջրօրհ­նէ­քը կա­տա­րեց ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սը։ ­Վե­հա­փա­ռը իր քա­րո­զին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցա­խի կորս­տեան եւ իր խօս­քը ուղ­ղե­լով տե­ղա­հա­նո­ւած ար­ցախ­ցի­նե­րուն պատ­գա­մեց՝ «մնա­ցէք յոյ­սով լի, Աս­տո­ւած ձեր կրած զրկանք­նե­րի փո­խա­րէն, ձեզ բա­րիք­ներ պի­տի պար­գե­ւի։ Եր­բեք ան­ցեալ չի դառ­նա­լու Ար­ցա­խը, ո­րը մենք շա­րու­նա­կե­լու ենք փայ­փա­յել մեր սրտում ու հո­գում՝ ա­մե­նայն ջանք ի գործ դնե­լով ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար»։
«Ա­մուր մնանք հա­ւատ­քի մէջ, ա­մե­նուր լի­նենք բա­րու, սի­րոյ եւ ճշմա­րի­տի ա­ռա­ջա­մար­տիկ­ներ՝ յա­նուն ար­դար ու լու­սա­ւոր մեր կեան­քի։ ­Նա­խան­ձախն­դիր լի­նենք հայ­րե­նի պե­տու­թեան հզօ­րաց­մա­նը եւ հա­մախմբո­ւենք միա­սին՝ մեր ողջ նե­րու­ժով կա­սեց­նե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան նկրտում­ներն ու ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը», յայ­տա­րա­րեց կա­թո­ղի­կո­սը։
Ան­թի­լիա­սի մէջ, պա­տա­րա­գեց, քա­րո­զեց եւ ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կոս։ ­Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թեան շար­քին, ներ­կայ էին նաեւ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ զա­նա­զան միու­թիւն­նե­րու ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:
­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը խօ­սե­լով մեր ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին դի­մագրա­ւած տագ­նապ­նե­րուն մա­սին՝ յի­շեց, որ իր նոր տա­րո­ւան պատ­գա­մին մէջ կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տած էր, թէ մեր ազ­գը հրա­մա­յա­կան կա­րի­քը ու­նի ա­հա­ւոր վտանգ­նե­րով լե­ցուն ներ­կայ կա­ցու­թե­նէն դուրս բե­րող հա­մա­հայ­կա­կան նոր ռազ­մա­վա­րու­թեան ու հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գի, մաս­նակ­ցու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ս­փիւռ­քի բո­լոր ու­ժե­րուն անխ­տիր:
­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ ­Լի­բա­նա­նի ներ­քին կա­ցու­թեան՝ շեշ­տե­լով ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի շու­տա­փոյթ ընտ­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ա­պա նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մու­թեամբ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան տագ­նա­պը դի­մագ­րա­ւե­լու հրա­մա­յա­կա­նը: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը նաեւ ցա­ւով անդ­րա­դար­ձաւ ­Կա­զա­յի դէմ Իս­րա­յէ­լի շղթա­յա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մին, որ խո­տոր կը հա­մե­մա­տի մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քին: Ան խստօ­րէն դա­տա­պար­տեց Իս­րա­յէ­լի կող­մէ շա­րու­նա­կո­ւող ռմբա­կո­ծում­նե­րը, ո­րոնք պատ­ճառ կը դառ­նան ան­հա­մար զո­հե­րու եւ ա­հա­ւոր քան­դում­նե­րու: Ան շեշ­տեց, որ մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քը պէտք է զօ­րակ­ցի պա­ղես­տին­ցի ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն՝ պա­ղես­տի­նեան ան­կախ պե­տու­թեան հաս­տա­տու­մով, եզ­րա­փա­կեց իր պատ­գա­մը ­Նո­րին Ս. Օ­ծու­թիւ­նը։

Ս. Ծնն­դեան տօ­նը յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս

­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թը եւս, ա­մէն տա­րո­ւան հա­մար նշեց Ս. Ծննդեան տօ­նը պա­տա­րագ­նե­րով եւ Ա­ւե­տի­սի շրջա­գա­յու­թեամբ։ Ճ­րա­գա­լոյ­ցի գի­շե­րը՝ Ա­թէն­քի եւ հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հա­յա­հոծ շրջան­նե­րուն մէջ միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րէն բաղ­կա­ցած եր­գե­ցիկ խում­բե­րը այ­ցե­լե­ցին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու բնա­կա­րան­նե­րը, ա­ւե­տե­լու հա­մար Աս­տուա­ծոր­դիին ծնուն­դը։ ­Հի­նէն ե­կող այս գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թիւ­նը տա­կա­ւին կեն­դա­նի կը պա­հո­ւի կարգ մը գա­ղութ­նե­րու մէջ, ո­րոնց շար­քին՝ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ եւս։ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի հա­մայնք­նե­րու խում­բե­րը այ­ցե­լե­ցին նաեւ տե­ղա­կան քա­ղա­քա­կան, քա­ղա­քա­պե­տա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան կար­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնք դրո­ւա­տե­ցին հա­յու­թեան գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թիւ­նը եւ մաղ­թանք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին։
­Շա­բաթ, 6 ­Յու­նո­ւա­րի ա­ռա­ւօ­տուն, բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս կա­տա­րուե­ցաւ Ս. պա­տա­րագ եւ ջրօրհ­նէք հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ ներ­կա­յու­թեամբ։ Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պա­տա­րա­գեց եւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, որ իր քա­րո­զին մէջ անդրա­դար­ձաւ Ս. Ծննդեան խոր­հուր­դին եւ շեշ­տեց զայն ­Յու­նո­ւա­րին տօ­նե­լու իւ­րա­յա­տուկ հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը։ Սր­բա­զա­նը նշեց, թէ յատ­կա­պէս սփիւռ­քեան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Ս. Ծնն­դեան հայ­կա­կան նշու­մը կը յար­գո­ւի այլ պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ եւս։ Ան նաեւ կոչ ուղ­ղեց բո­լո­րին կառ­չած մնալ մեր ցե­ղի իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն եւ ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն։
Ն­շենք նաեւ, որ 1 ­Յու­նո­ւա­րի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ներ­կայ ե­ղաւ ­Յու­նաց մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւած գո­հա­բա­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան, ա­պա յու­նա­հա­յու­թեան ա­նու­նով բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յայտ­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ տիկ. Է­քա­թերինի ­Սա­քե­լա­րո­փու­լուին՝ նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քէն ներս։