ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Եւ վեր­ջա­պէս կը խօ­սի օ­րո­ւան հա­մա­կար­գը՝ բա­ցա­յայ­տե­լով իր իս­կա­կան մտայ­նու­թիւ­նը Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի գոր­ծին եւ ա­նով մարմ­նա­ւո­րո­ւող մեր ազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան վե­րա­բեր­մամբ։
­Հա­մա­կար­գը կը մեր­ժէ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի յու­շար­ձա­նի տե­ղադր­ման գա­ղա­փա­րը։ ­Յու­նի­սի 28ի իր է­ջե­րէն, «Ա­ռա­ւօտ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր պր. Ա­րամ Աբ­րա­հա­մեան «­Խորհր­դա­նիշ դնե­լու ժա­մա­նա­կը չէ» խո­րագ­րեալ իր յօ­դո­ւա­ծով կու գայ հնչեց­նե­լու գոր­ծող հա­մա­կար­գին մեծ ա­ռար­կու­թիւ­նը՝ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ ծրագ­րո­ւող այս պատ­մա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան դէմ։
­Փոր­ձենք ամ­փո­փել պր. Աբ­րա­հա­մեա­նի գրու­թեան միտք բա­նին։
­Պէտք չէ՝ ժա­մա­նա՛­կը չէ,- կ­՚ը­սէ ան,- ­Լե­նի­նի եր­բեմ­նի ար­ձա­նը փո­խա­րի­նե­լու ո­րե­ւէ այլ «մահ­կա­նա­ցու»ի ար­ձա­նով։ ­Նե­րա­ռեա՛լ՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի կամ ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հի… եւ ա­նոնց կար­գին թո­ւար­կե­լով ա­նուն­նե­րը ­Գըրգ Գր­գո­րեա­նի եւ ­Շարլ Ազ­նա­ւու­րի եւ ինք­նա­բե­րա­բար հա­ւա­սա­րեց­նե­լով Ա­րամն ու Նժ­դե­հը մե­րօ­րեայ այս ազ­գա­յին­նե­րու բա­ցար­ձա­կա­պէս ան­հա­մե­մա­տե­լի — թէ­կուզ մե­ծա­պէս յար­գե­լի՛ — հան­գա­ման­քին։
­Բայց ին­չո՞ւ, հարց պի­տի տայ ըն­թեր­ցո­ղը։ Ին­չո՞ւ կա­րե­լի էր ըն­դու­նիլ ­Լե­նի­նը եւ կա­րե­լի չէ ըն­դու­նիլ հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նա­դիր հայ­րը՝ Ա­րա՛­մը։
­Քա­նի որ, ըստ պր. Աբ­րա­հա­մեա­նի, Ա­րամն ու Նժ­դե­հը (եւ բնա­կա­նա­բար միւս­նե­րը) չեն վա­յե­լեր հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան հա­մա­խո­հու­թիւն։ ­Լե­նի­նի ար­ձա­նը կը վա­յե­լէր ամ­բող­ջա­կան հա­մա­խո­հու­թիւն այդ ժա­մա­նա­կի պե­տա­կան հա­մա­կար­գին կող­մէ։ «Երկ­րորդ հան­րա­պե­տու­թիւնն ամ­բող­ջու­թեամբ եւ ան­վե­րա­պահ ըն­դու­նում (էր) այն գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը, ո­րի կրողն էր «պրո­լե­տա­րիա­տի ա­ռաջ­նոր­դը»։ Իսկ այ­սօ՞ր… Այ­սօր, խմբագ­րի կար­ծի­քով, այդ­քա՜ն ալ «ի­դէա­լա­կան» չէ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի վի­ճա­կա­ցոյ­ցը, ինչ­պէս կը փոր­ձեն հա­ւա­տաց­նել «­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը»։
«Ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան ժա­մա­նակ չե՞ն ե­ղել «ա­ւա­զա­կա­պե­տա­կան դրսե­ւո­րում­ներ», Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նը չի՞ ու­նե­ցել սխալ­ներ եւ մո­լո­րու­թիւն­ներ»։ ­Պէտք է զգոյշ ըլ­լալ։ ­Պէտք չէ ըլ­լալ փութ­կոտ եւ ստեղ­ծել «նոր կուռք, նոր փայ­տագ­լուխ, ո­րին մենք պէտք է երկր­պա­գենք»,- կը յոր­դո­րէ ե­րե­ւա­նեան մա­մու­լի այս հրա­պա­րա­կա­խօ­սը։
Բ­նա­կան է, որ հարց պի­տի տաք այս կէ­տին վրայ, թէ ա­սի­կա այն նոյն Ա­րա՞մն է, զոր մեր ժո­ղո­վուր­դը կը ճանչ­նայ ուղ­նու­ծու­ծով, թէ ու­րի՛շ Ա­րամ մը, ո­րուն մա­սին դեռ սոր­վե­լիք ու­նինք՝ ա­պա­ւի­նե­լով Ա­րամ Աբ­րա­հա­մեա­նի բա­ցա­յայ­տում­նե­րուն։
­Բայց համ­բե­րե­ցէ՛ք. այս չէ բո­լո­րը։
­Գո­հար­նե­րու շար­քը կ­՚եր­կա­րի։ Խմբա­գի­րը կը թո­ւի բռնո­ւած ըլ­լալ իր իսկ լա­րած թա­կար­դին մէջ եւ իր կա­ցու­թիւ­նը «փրկե­լու» փորձ կ­՚ը­նէ պնդե­լով՝ «Ի հար­կէ պէտք չէ ա­պա­մոն­տա­ժել որ­ևէ ե­ղած ար­ձան»…­ ե­րե­ւի սար­սա­փե­լով այն միտ­քէն, որ յան­կարծ ­Մե­ծար­գոյ ­Քա­ղա­քա­պե­տը կրնայ լուր­ջի առ­նել իր ա­ռար­կու­թիւ­նը եւ գոր­ծի անց­նիլ՝ «ա­պա­մոն­տա­ժե­լու» իր տե­սո­ղու­թեան մէջ գտնո­ւող եր­կու ա­կա­նա­ւոր բոլ­շե­ւիկ­նե­րու՝ Ա­լեք­սանդր ­Միաս­նի­կեա­նի եւ Ս­տե­փան ­Շա­հու­մեա­նի վիթ­խա­րի յու­շար­ձան­նե­րը։ ­Կը պար­զո­ւի, որ կա­րե­լի է «երկր­պա­գել» գո­յու­թիւն ու­նե­ցող այս «կուռք»ե­րուն եւ «փայ­տագ­լուխ»նե­րուն (հե­ղի­նա­կին բա­ռա­պա­շարն է)՝ ան­տե­սե­լով ա­նոնց թե­րու­թիւն­նե­րը, բայց կա­րե­լի չէ ար­ժա­նին մա­տու­ցել Ա­րա­մին եւ Նժ­դե­հին։
­Պէ՞տք է այս­տեղ ուղ­ղենք սխա­լը եւ յի­շեց­նենք, որ Ա­րամն ու Նժ­դե­հը բնաւ պէտք չու­նին «երկր­պա­գու»նե­րու, քա­նի որ ա­նոնք «կուռք»եր կամ «փայ­տագ­լուխ»ներ չեն եւ պի­տի չըլ­լան։ ­Բայց պր. Աբ­րա­հա­մեան կ­՚իյ­նայ յա­ջորդ ան­խու­սա­փե­լի թա­կար­դին մէջ։ ­Պի­տի հարց­նէք,- կ­՚ը­սէ ան,- թէ ին­չո՞ւ մար­դիկ կանգ­նած են ­Ճորճ Ո­ւա­շինկ­թը­նի, Ո­ւինս­թըն Չր­չի­լի կամ զօր. ­Տը ­Կօ­լի ար­ձան­նե­րը։ «­Մի­թէ՞ նրանք կա­տա­րեալ էին, եւ նրանց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը՝ ան­վի­ճե­լի»։ Եւ կ­՚ա­ճա­պա­րէ բա­ցատ­րե­լու, թէ ա­նոնց պա­րա­գա­յին մենք կը խօ­սինք «կա­յա­ցած պե­տու­թիւն­ներ»ու մա­սին, «որ­տեղ հա­սա­րա­կա­կան մա­կար­դա­կով ձե­ւա­կեր­պո­ւած է ազ­գա­յին շա­հը»… ­Պարզ խօս­քով՝ Ա.Մ.Ն.ի, Անգ­լիոյ եւ Ֆ­րան­սա­յի մէջ գո­յու­թիւն ու­նի ընդ­հան­րա­կան ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւն եւ մեր պե­տու­թեան մէջ՝ ո՛չ։ ­Հոն կա­րե­լի է ճանչ­նալ ազ­գին ընդ­հան­րա­կան ինք­նու­թիւ­նը խորհր­դան­շող մե­ծու­թիւն­նե­րը, իսկ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ ո՛չ։ ­Հոն մար­դիկ գի­տեն ինչ­պէ՛ս մարմ­նա­ւո­րել ի­րենց ազ­գա­յին ձգտում­նե­րը, իսկ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ ո՛չ։
Ե­կէք ը­սենք, որ առ­նո­ւազն շշմե­ցու­ցիչ է այս դառն եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը. շշմե­ցու­ցիչ եւ ճգնա­ժա­մա­յի՛ն։ Եւ ան­շուշտ այս­տեղ իսկ թա­ղո­ւած է «շան գլու­խը»։ Ս­խալ չհասկ­նա՛լ։ Պր. Աբ­րա­հա­մեան նաեւ կ­՚ը­սէ այս­պի­սի բա­ներ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին.- «Այդ գոր­ծիչն, իմ կար­ծի­քով, իս­կա­պէս ար­ժա­նի է մե­ծա­գոյն յար­գան­քի եւ նոյ­նիսկ խո­նարհ­ման՝ հէնց նրա, ժա­մա­նա­կա­կից լե­զո­ւով ա­սած, ոչ կոն­վեն­ցիո­նալ, «կողմ­նո­րո­շու­մա­յին կարծ­րա­տի­պե­րը» յաղ­թա­հա­րած վար­քի շնոր­հիւ մենք ու­նենք պե­տու­թիւն պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի փոքր մա­սում»։
Դ­ժո­ւա­րաւ կուլ գա­ցող այս բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւն­նե­րը այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ կար­ծէք կը փոր­ձեն դրո­ւա­տել Ա­րա­մի մեծ ներդ­րու­մը, բայց «նոր ար­ձան դնե­լու գա­ղա­փա­րը» յա­ջորդ նա­խա­դա­սու­թեան մէջ իսկ կ­՚են­թար­կո­ւի վե­թո­յի եւ կը յայ­տա­րա­րո­ւի «ժա­մա­նա­կավ­րէպ»՝ յատ­կա­պէս, որ «այդ ար­ձա­նը պատ­րաստ­ւում են դնել պե­տա­կա­նու­թիւ­նը խորհր­դան­շող կենտ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կում»,- կ­՚ա­ւելց­նէ ան։
Կ­՚ու­զեմ ան­մի­ջա­պէս շեշ­տել, որ Ա­րամ Աբ­րա­հա­մեա­նի այս յօ­դո­ւա­ծը դոյզն առն­չու­թիւնն իսկ չու­նի հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գին հետ։ Ան կը ներ­կա­յաց­նէ քա­ղա­քա­կան կարծ­րա­տի­պե­րու փէ­շե­րուն կառ­չած իշ­խա­նա­կան հա­մա­կար­գը միայն, որ կը շա­րու­նա­կէ մեր­ժել ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան դժո­ւա­րա­հաճ նոր­մե­րը։
Ա­ւե­լի՛ն։ Այդ հա­մա­կար­գը կ­՚ու­զէ ան­կա­խու­թեան քո­ղին տակ մշտնջե­նա­ւո­րել ար­տա­քին ու­ժե­րէն կա­խեալ եւ այդ ու­ժե­րէն «ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած» իր եր­ջա­նիկ գո­յու­թիւ­նը։ Եւ ապ­րիլ այդ շին­ծու ու յա­ւի­տե­նա­պէս կեր­պըն­կալ կեան­քով։ Այդ­պէս կա­րե­լի չէ, պր. Աբ­րա­հա­մեա՛ն։ Ինք­զինք յար­գող պե­տու­թիւ­նը պի­տի գիտ­նայ ձե­ւա­ւո­րել իր լի­նե­լիու­թեան բա­նա­լի­նե­րը։ ­Պի­տի գիտ­նայ իր գո­յու­թեան ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն յստա­կօ­րէն ճանչ­նալ իր ազ­գա­յին շա­հը եւ զայն ը­նել սե­ւե­ռա­կէտ իր հա­ւա­քա­կան գո­յու­թեան։ ­Պի­տի գիտ­նայ կողմ­նո­րո­շո­ւիլ ծանր փո­խընտ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ։ ­Պի­տի գիտ­նայ ըն­դա­ռաջ եր­թալ իր կեան­քի մեծ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։ ­Ճիշտ այն­պէս, ինչ­պէս Ա­րա՛­մը։ ­Ճիշտ այն­պէս, ինչ­պէս ­Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի մեր մար­տիկ­նե­րը ճա­կա­տի թէժ կրակ­նե­րուն մէջ։ Ս­խալ­նե՞ր կան գոր­ծո­ւած։ Ա­յո՛, կա՛ն։ ­Բայց թող այդ սխալ­նե­րու քննար­կու­մը ը­նէ իր ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը ազ­գին նո­ւի­րա­բե­րած մար­դը միայն եւ ոչ՝ այն քաղ­քե­նին (բուր­ժո­ւա), որ մտա­ւո­րա­կան փափ­կա­ճա­շա­կու­թեամբ ազ­գին թան­կա­գին ժա­մա­նա­կը կը վատ­նէ։
Ը­սած եմ նա­խա­պէս եւ կը կրկնե՛մ։ ­Հան­րա­պե­տու­թեան Հ­րա­պա­րա­կի սրտին վրայ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի յու­շա­կո­թո­ղը կանգ­նե­լու ա­րար­քը մեր ժո­ղո­վուր­դի յստակ պատ­գամն է՝ յղուած բո­լոր ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն։
Այդ ա­րար­քին մէջ կը բիւ­րե­ղա­նայ մեր ազ­գա­յին ուխ­տը հայ­րե­նի հո­ղին տէր կանգ­նե­լու, ա­նոր դա­տին նո­ւի­րուե­լու, ան­կէ չհե­ռա­նա­լու, զայն ա­մէն օր ի­մաս­տա­ւո­րե­լու, զայն ա­մէն օր ազ­գո­վին իւ­րաց­նե­լու, զայն օ­տա­րի գե­րու­թե­նէն ա­զա­տե­լու, զայն մաք­րե­լու եւ զայն ա­մէն օր եւ ա­մէն ժամ ա­մուր եւ ան­սա­սան հի­մե­րու վրայ գե­ղեց­կօ­րէն ճար­տա­րա­պե­տե­լու։
Ա­րա­մը եւ իր նման­նե­րը ազ­գին բազ­մա­չար­չար պատ­մու­թեան մէջ «մահ­կա­նա­ցու»ներ չեն։ Ա­նոնք մե­զի հա­մար մեր ան­մա­հու­թիւ­նը նո­ւա­ճած եւ մեր հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թեան մէջ ար­դա­րօ­րէն ան­մա­հա­ցած նո­ւի­րեալ­ներն են։
Այդ կո­թո­ղը պի­տի բարձ­րա­նայ, պր. Աբ­րա­հա­մեան, եւ հա­մայն ազ­գը պի­տի խո­նար­հի Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի մեծ վաս­տա­կին առ­ջեւ։
­Յու­սամ դուք ալ՝ մե­զի հետ։
Ե­կէք կեց­նենք այս ան­հե­թեթ վէ­ճը եւ մոռ­նանք, որ ան եր­բե­ւէ տե­ղի ու­նե­ցաւ։