Ե­րեք­շաբ­թի՝ 14 ­­Դեկ­տեմ­բեր 2021-ի ե­րե­կո­յեան, Հ.Կ.Խաչի Շր­ջա­նա­յին ­­վար­չու­թիւ­նը իր նստա­վայ­րը հրա­ւի­րած էր, 2020/2021 դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նի հա­մալ­սա­րա­նի մուտ­քի քննու­թիւն­նե­րուն մէջ յա­ջո­ղած եւ այս տա­րի հա­մալ­սա­րան նոր մուտք գոր­ծած գա­ղու­թիս հայ ու­սա­նող­նե­րը:
Այս տա­րի հա­մա­ճա­րա­կի պատ­ճա­ռով կա­րե­լի չե­ղաւ սոյն հան­դի­պու­մը ի­րա­գոր­ծել միու­թեանս միջ­վար­չա­կան ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, ինչ­պէս ծրագրո­ւած էր: ­­Նաեւ, զա­նա­զան յար­գե­լի պատ­ճառ­նե­րով, նոր ու­սա­նող­նե­րու միայն փոքր թիւ մը կա­րո­ղա­ցաւ ներ­կա­յա­նալ:
Շր­ջա­նա­յին ­­վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հին՝ ընկ.հի ­­Լի­զա Ա­ւա­գեան շնոր­հա­ւո­րեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ա­նոնց մաղ­թե­լով նո­րա­նոր նուա­ճում­ներ ի­րենց ու­սա­նո­ղա­կան կեան­քի ըն­թաց­քին:
Ան շեշ­տեց, թէ բո­լո­րիս հա­մար հպար­տու­թիւն է, երբ հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ կը յա­ջո­ղին ի­րենց մաս­նա­գի­տու­թեանց մէջ եւ նշեց, թէ վստա­հա­բար նաեւ բո­լո­րիս փա­փաքն ու ակն­կա­լու­թիւնն է, որ նոր սե­րուն­դը աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նայ գա­ղու­թա­յին կեան­քին եւ իր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով օգ­տա­կար հան­դի­սա­նայ հա­յու­թեան ու հայ­րե­նի­քին։
Ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ յանձ­նո­ւե­ցան Հ.Կ.­­Խա­չի կող­մէ խորհր­դան­շա­կան յու­շա­նո­ւէր­ներ:
Այս առ­թիւ Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թիւնս ջերմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ ընկ.հի ­­Կա­րի­նէ ­­Յա­րու­թիւ­նեան-­­Թո­քաթ­լեա­նին, որ սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րեց ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չին յու­շա­նո­ւէր­նե­րը: