Ամէն տարի այս օրերուն, հայ ընտանիքները, որոնց զաւակները պետական համալսարաններու մուտքի յաջողութեանց արդիւնքները կը ստանան, մեծ եռուզեռ մը կ՚ապրին։ «Ազատ Օր» տարիներու սովորութեամբ, կը հրատարակէ երիտասարդներու եւ անոնց յաջողած համալսարանին ու ճիւղին անունները, իր ընթերցողները բաժնեկից ընելով ընտանիքներու ուրախութեան։
Փաստուած իրողութիւն է, թէ ամէն տարի յաջողած երիտասարդներու զգալի մաս մը աւարտած են մեր համայնքի հայկական վարժարանները, ապա փայլուն ընթացք մը ունեցած՝ իրենց երկրորդական ուսմանց մէջ։ Աւելի քան ուրախալի է այն հաստատումը, թէ ինչպէս նոյնինքն աշակերտները եւ իրենց ծնողները կը վկայեն, մեր երիտասարդներու դպրոցական վարմունքը, ըլլա՛յ անիկա բարոյական կամ ուսումնական, կ՚արժանանայ յոյն ուսուցիչներու եւ տնօրէններու ուշադրութեան եւ բարձր գնահատանքին։ Աւելորդ է շեշտել, թէ մեր համայնքի դպրոցները լիովին կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը եւ ապագայ քաղաքացին պատրաստելու ամուր հիմերը կը հաստատեն իւրաքանչիւր հայորդիի հոգեմտաւոր կազմուածքին մէջ։
Կասկածէ դուրս է, թէ այսօր մենք ունինք համալսարանական եւ համալսարանաւարտ հսկայ փաղանգ մը, որ թէ՛ ուսումով, թէ՛ հետզհետէ նուաճող կեանքի փորձառութեամբ, սքանչելի սերունդներ կը կազմեն` հպարտութիւն պատճառելով բոլորիս։ Այս կը նշանակէ թէ անոնք, նախ գիտական պաշարներու տէր կը դառնան, ապա կեանքի մէջ յաջողութիւններու կը հասնին, ցոյց տալով հայու ստեղծագործ եւ շինարար ոգին, որ դարերու ընդմէջէն մեր ցեղը կը յատկանշէ։
Այս բոլոր յաջողութիւններուն դիմաց, եկէ՛ք պահ մը մտածենք, թէ որքանով մենք բոլորս, անոնք որոնք համայնքային կեանքին մէջ դեր եւ պարտականութիւններ ստանձնած ենք, կրնանք այս տղոց ներգրաւել մեր կազմակերպ կեանքէն ներս։ Անկասկած, անոնց մէջ պիտի գտնենք Երիտասարդական միութեան գործուն անդամներ, սկաուտական եւ մշակութային մեր կառոյցներէն ներս ժրաջան ծառայողներ։ Սակայն, գոյութիւն ունի զանազան պատճառներով հեռու մնացածներու մաս մը, որոնց ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը համայնքային կեանքին մէջ պէտք է ուշադրութեան արժանի դառնայ ու քաջալերուի։ Անոնք եւս, բացառիկ արժէքներու եւ կարողութիւններու տէր անձեր են, որոնց համալսարանական ուսումը, գիտական մօտեցումը, աշխատելու ունակութիւնը մեծապէս կրնան նպաստել մեր համայնքի բազմաշերտ գործունէութեան ընդլայնման եւ յարատեւման։
Այլեւս, պերճանքը չունինք մտածելու թէ ուժերը բաւարար են։ Այսօր իսկ, մենք պարտաւոր ենք գլուխ ծռելու մեր երիտասարդութեան վրայ, յատկապէս անոնց վրայ, որոնք շատ քիչ կամ բնաւ չեն վայելած կազմակերպ մեր կեանքին մէջ ըլլալու եւ գործելու բարիքները։ Պէտք է ստեղծենք այն բոլոր պայմանները՝ անհատական կապերով, ընկերային մօտեցումով, համացանցին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ անոնց հետ կապի մէջ մտնելով, որպէսզի մեր ուսանողները դառնան անբաժանելի մասնիկը մեր ընդհանրացած ընտանիքին ու հայկական օճախին։
Բարի յաջողութիւն՝ մեր սիրելի երիտասարդներու ապագայ ուսումնական կեանքին։ Յունահայ համայնքի դռները միշտ բաց են անոնց առջեւ։
«Ազատ Օր»