Շաբաթ՝ 18 Յունուարի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ «Համազգային»ի տարեկան գաթայի կտրումը: «Մեր փափաքը, «Համազգային»ի ընտանիքին գաթայի կտրումի միասնական հաւաքոյթը՝ Շրջանային Վարչութեան, Ատտիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի, պարի միաւորի, երգչախումբի եւ թատերախումբի մասնակցութեամբ, արդէն կը դառնայ գեղեցիկ աւանդոյթ մը», նշեց Ատտիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ ընկ. Ժագ Տամատեան իր բացման խօսքին մէջ:
Հակիրճ ձեւով, անդրադարձաւ «Սօս-Վանի»ի վարչութեան տարեկան գործունէութեան: Շարունակեց, ներկայացնելով ապագայի ծրագիրները եւ փակեց իր խօսքը ամանորեայ բարեմաղթանքներով:
Ապա՝ օրուայ հանդիսավար ընկ. Լուիզա Պօղոսեան հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեանը, որ հայերէն եւ յունարէն լեզուով խօսեցաւ վարչութեան տարեկան ծրագիրներուն մասին: Յաջորդաբար՝ պարի միաւորի կողմէ ընկ. Անդրանիկ Շահպազեան եւ խմբավար ընկ. Մկրտիչ Գրիգորեան անդրադարձան պարախումբի եւ «Յ. Փափազեան» երգչախումբի տարեկան համերգներուն: Բէմ հրաւիրուեցաւ հանրածանօթ յունահայ դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեան: Ան՝ յուզմունքով նշեց որ յատուկ պատիւ կը զգայ երբ կը գտնուի հայկական շրջանակներու մէջ, խօսելով նաեւ «Անժել Գուրթեանի տետրակները» թատերական կտորի յաջող ելոյթին մասին Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Ելոյթին ներկայ էին նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կը հետեւին «Համազգային»ի հայերէնի դասընդացքներուն:
Գաթան օրհնեց Աթէնքի հոգեւոր հովիւ եւ երգչախումբի նախկին խմբավար, Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեան: Նախատեսուած էին երկու ոսկինակներ: Օրուայ բախտաւորները՝ ընկ. Մարիամ Ճամարտեան եւ ընկ. Լիանա Տէհէրեան ստացան մէկական փայտագործ զարդ, բերուած Հայաստանէն: Գործադրուեցաւ ինքնաբուխ գեղարուեստական յայտագիր, որ սկսաւ մէնապարով՝ ընկ. Հռիփսիմէ Կարապետեանի կողմէ, Կոմիտասի «Կռունկ»ի երաժշտութեամբ: Ապա ան արտասանեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը»։ Նաեւ, ասմունքեցին Արմիկ Պարազեան՝ Պարույր Սեւակի «Քիչ ենք բայց Հայ ենք» եւ Յասմիկ Թաթուլեան՝ Մուշեղ Իշխանի «Գնչուի վրանը»։ Տէր Հրայր Ա. քհնյ. երգեց «Հայրենի լեռներ» ոգեշնչող երգը։ Երեկոն աւարտեցաւ Ստեփան Թէքիրեանի երգով ու դաշնակի երաժշտութեամբ, «Ղարաբաղ», «Եար քո բարակ» և «Պինկէօլ»։ Վարձքը կատար բոլորին, բարի եւ ստեղծագործական Նոր Տարի։
ԹՂԹԱԿԻՑ