Բոլոր անոնք, որոնք ներկայ գտնուեցան Կիրակի, 7 Ապրիլ 2024-ին, Աթէնքի քաղաքապետական թատրոնին մէջ, վայելեցին հայ մշակոյթի գեղեցիկ պահեր, որոնք հրամցուեցան Յունաստանի Համազգայինի ընտանիքին կողմէ։ Կուռ խօսքը, ապա երգն ու պարը իրարու միախառնուած, հոգեկան վերելքի պահեր նուիրեցին հանդիսատեսներուն, որոնք ընդառաջեցին Համազգայինի հրաւէրին եւ ներկայ եղան միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած տօնական հանդիսութեան։
Ելոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Յունաստանի հայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Ազգային վարչութիւնը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէն, Հ.Կ.Խաչի ներկայացուցիչները եւ ստուար թիւով հայրենակիցներ։ Ելոյթի սկիզբին, ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսաերիզ մը, որուն մէջ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Զաքար Քէշիշեան խօսեցաւ միութեան 95-ամեայ երթին մասին, միաժամանակ ցուցադրուեցան պատկերներ Համազգայինի աշխարհատարած կառոյցներու գործունէութենէն։
Յաջորդաբար, ելոյթի երկու հանդիսավարները՝ ընկերուհի Մարի Տանկուրեան եւ ընկ. Վիգէն Մինասեան, համարձակ եւ սահուն կերպով ներկայացուցին օրուան խորհուրդը եւ Համազգայինի 95-ամեակի պատմական ուղին։ Անոնք անդրադարձան անցնող տասնամեակներուն ընթացքին սփիւռքահայ մշակութային կեանքին, որուն գլխաւոր արտայայտիչը եղաւ Համազգայինը, ապա ուրուագծեցին Յունաստանի կառոյցի գործունէութիւնը եւ միութեան դերակատարութիւնը հայ նոր սերունդի հոգեմտային զարգացման գործին մէջ։
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեան, որ իր կուռ խօսքով լուսարձակի տակ առաւ Համազգայինի հիմնադրութեան գաղափարը, որպէս հայ գիրի երկու հսկաններուն՝ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի մտայղացում։ Ան արժեւորումը կատարեց տասնամեակներուն ընթացքին Համազգայինի ունեցած՝ իրապէս համազգային դերակատարութեան մասին, իսկ յատուկ նշում ըրաւ Յունաստանի Համազգայինի նուաճումներուն եւ հայ գիրի ու մշակոյթի զարգացման մասին գաղութէն ներս։ Ընկերոջ խօսքը, իր շահեկանութեան համար, կը հրատարակենք առանձին։
Ելոյթի յուզիչ պահը եղաւ պատուոյ յուշատախտակներու յանձնումը միութեան մէջ իրենց աւանդը թողած նուիրեալ համազգայնականներուն, որոնցմէ մաս մը անդարձ մեկնած է։ Յաջորդաբար, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ Համազգայինի վաստակաւոր գործիչներու, յուշանուէր տրուեցաւ հետեւեալ երախտաւորներուն՝ Յովսէփ Պարազեան, Սթաւրոս Ապարեան, Արթօ Աբարթեան, Ռոզա Պարսամեան, Աւետիս Պարսամեան, Նազիկ Պարսամեան, Արաքսի Պապօղլեան, Ռեբեկա Պարազեան, Սրբուհի Տէր Յովակիմեան, Վարդուհի Մանուկեան, Էլիզ Մարտիկեան, Էօժէնի Մաղաքեան, Մէրի Յարութիւնեան, Մարի Տէտէյեան, Մարի Հաճեան, Երջանիկ Սոլաքեան, Թագւոր Գազանճեան, Գրիգոր Գզրեան, Սիրարփի Մինասեան, Հռիփսիմէ Գարամանեան, Անժէլ Օհանեան, Պերճուհի Ունճեան եւ Յովսէփ Այվազեան։
Բոլոր պարգեւատրեալները իրենց անփոխարինելի ներդրումը ունեցած են Համազգայինի մեծ ընտանիքին մէջ՝ վարչական, երգչախմբային եւ թատերական ոլորտներէն ներս։
Ելոյթի գեղարուեստական յայտագիրը հայ երգի ու պարի հոգեզուարճութիւն մը հանդիսացաւ, որ մեծապէս խանդավառեց բոլոր ներկաները եւ միաժամանակ ցոյց տուաւ, թէ Համազգայինը կը շարունակէ մանաւանդ հայ նոր սերունդին փոխանցել հայ մշակոյթի ու արուեստի թանկագին գանձերը։
Բեմ ներկայացաւ սիրուած երաժիշտ Ստեփան Թեքիրեան, իր կողքին ունենալով հայազգի Լեֆթերիս Խավուծասը՝ ուտով, Օտիսէաս Զաֆիրոփուլոսը՝ ջութակով եւ երգչուհի Վասիա Զիլուն։ Լաւապէս խնամուած յայտագիրով մը, նուագախումբը ներկայացուց Քէլէ-քէլէ, Արի իմ սոխակ, Բարի արագիլ, Ղարաբաղ, Պալենի եւ Եար քո բարակ երգերը, որոնք գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ ջերմ ծափահարութիւններով։ Իսկապէս յայտնութիւն մըն էր Վասիա Զիլուի ելոյթը, որ կարողացաւ հայկական շունչով ու մեծ ոգեւորութեամբ արտայայտել երգերու հնչիւններն ու մեղեդիական նրբութիւնները։
Անգամ մը եւս, բեմին վրայ յայտնութիւն եղան Համազգայինի «Նայիրի», «Նանօր» եւ «Մարալօ» պարախումբերու երկսեռ պարողները։ Պարուսոյցներ ընկ. Էտկար Էկեանի եւ ընկերուհի Աննա Պօղոսեանի ուսուցումով, մեր տասնեակ պատանիներն ու երիտասարդները հրամցուցին հայկական ժողովրդային պարերու փունջ մը, որ ոտքի հանեցին հանդիսատեսը եւ ուրախութեան պահեր ստեղծեցին։ Բեմին վրայ երեւցաւ ամիսներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնքը, որ կ՚արտացոլայ պարախումբերու բոլոր ելոյթներուն մէջ, պարգեւելով հայ պարի բացառիկ պահեր։ Ելոյթը իր աւարտին հասաւ Յունաստանի եւ Հայաստանի ոգերգներու հնչումով։
Վարձքը կատար Համազգայինի վարչական եւ գեղարուեստական միաւորներուն, որոնք արժանավայել կերպով պատուեցին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պանծալի 95-ամեակը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Համազգայինի 95-ամեակի փառաշուք հանդիսութիւնը Աթէնքի մէջ (Նկարներ)