ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
­Հա­մազ­գա­յի­նի թղթա­կից

20 ­Մար­տին` ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը պա­տո­ւեց մե­ծա­համ­բաւ երգ­չու­հի ­Մա­րի­քա ­Նի­նո­ւի յի­շա­տա­կը, ծնուն­դով Է­վա­կե­լիա Ա­դա­մեան, Զ­միւռ­նիոյ 100-ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս։ ­Գե­ղե­ցիկ ե­րե­կոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ։
«­Զա­քա­րեան — ­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րը ծայ­րէ ծայ­րէ լե­ցուն էին, ա­մէն տա­րի­քի հայ եւ յոյն ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րով։ ­Ներ­կայ ե­ղան Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի կող­մէն ընկ. ­Ռաֆ­ֆի ­Գա­զա­րեան, ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Տէր ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ինչ­պէս նաեւ ­Մա­րի­քա ­Նի­նուի յա­տուկ հրա­ւի­րո­ւած ազ­գա­կան­նե­րը, եղ­բօր ­Պար­գե­ւին դուստ­րե­րը` ­Կիւ­լա եւ Ար­շա­լոյս Ա­դա­մեան­ներ ու քրոջ ­Գո­հա­րին թոռ­նե­րը` ­Պետ­րոս եւ ­Սո­նա Ար­թի­նեան­ներ։
­Լոյ­սե­րը մեղ­մօ­րէն շի­ջե­ցան եւ սկսաւ գե­ղա­րուես­տա­կան յայ­տա­գի­րը։ ­Մո­մը ձեռ­քին` սրահ մուտք գոր­ծեց ­Մա­րիան­նա ­Խա­չատ­րեան եր­գե­լով «Ու՞ր ես ­Մայր իմ» շա­րա­կա­նը՝ ե­զա­կի կա­տա­րու­մով մը։ ­Բարձր մա­կար­դա­կի ե­րաժշ­տա­կան հա­մա­կար­գու­մը ստանձ­նած էր  հա­մազ­գայ­նա­կան ան­դամ, յօ­րի­նող եւ ե­րա­ժիշտ Ս­տե­փան ­Թե­քի­րեան։
Ա­ւագ ­Հինգ­շաբ­թիի խորհր­դա­ւոր շա­րա­կա­նը կ­՚եր­գէր «նոր կա­ռու­ցո­ւած ­Գո­քի­նիոյ ­Սուրբ ­Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցիին մէջ, հրա­պու­րիչ ձայ­նով աղջ­նակ մը», ինչ­պէս որ նշեց ընկ. ­Ժագ ­Տա­մա­տեան։ «Ան Ա­դա­մեան ըն­տա­նի­քի կրտսեր ե­րե­խան էր, որ լոյս աշ­խարհ ե­կաւ գաղ­թի ճա­նա­պար­հին, ­Կի­լի­կիա­յէն դէ­պի Իզ­միր։ Ծնն­դա­վայ­րը` «Ευαγγελίστρια» նա­ւը. այս­պէս ալ կ­՚ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւի Է­վա­կե­լիա»։
Ըն­կե­րը ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րուն, անդ­րա­դար­ձաւ երգ­չու­հիին մա­սին, ներ­կա­յաց­նե­լով հա­կիրճ կեն­սագ­րա­կան մը, ծնուն­դէն մին­չեւ յա­ւեր­ժու­թիւն։
Զ­միւռ­նիա` ըն­տա­նի­քը ա­կա­նա­տես կ­՚ըլ­լայ հօր դա­ժան սպան­դին։ ­Մայ­րը իր չորս զա­ւակ­նե­րով կը յա­ջո­ղի անց­նիլ ­Յու­նաս­տան ու կը հաս­տա­տո­ւին ­Գո­քի­նիա։ Է­վա­կե­լիա կը յա­ճա­խէ «Ազ­գա­յին» վար­ժա­րան, ուր եր­գի ու­սու­ցի­չը կը նկա­տէ իր ե­րաժշ­տա­կան տա­ղան­դը։ Կ­՚ան­դա­մակ­ցի նա­խակր­թա­րա­նի երգ­չա­խում­բին, ­Գո­քի­նիոյ ­Կա­թո­ղի­կէ «Ա­րա­րա­տեան» դպրո­ցի «ման­տո­լի­նա­թա»ին եւ «­Զա­ւա­րեան» ա­կում­բի նո­ւա­գա­խում­բին։
Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին կը պսա­կո­ւի ­Հայկ ­Մես­րո­պեա­նին հետ ու կ­՚ու­նե­նայ իր միակ զա­ւա­կը` ­Յով­հան­նէս։ ­Սա­կայն` ներ­գաղ­թի տա­րի­նե­րուն կո­ղա­կի­ցը կը մեկ­նի ­Հա­յաս­տան։
Կ­՚ա­մուս­նա­նայ ­Նի­նօ լա­րա­խա­ղա­ցին հետ եւ յա­ջոր­դա­բար` որ­դեգ­րե­լով ­Մա­րի­քա ­Նի­նու ծած­կա­նու­նը կը դառ­նայ յու­նա­կան եր­գի գե­րա­զանց մեկ­նա­բան­նե­րէն մէ­կը։
Ե­ղած է ա­ռա­ջին­նե­րէն, որ եր­գեց «ռե­պե­թի­քօ»` ոտ­քի կայ­նած։ Իր իւ­րա­յա­տուկ ո­ճով կը գրա­ւէ ­Յու­նաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կո­չո­ւե­լով` «ժո­ղովր­դա­կան եր­գի թա­գու­հի»։
Վ­կա­յու­թիւն­նե­րու հա­մա­ձայն, իր կար­ճա­տեւ ու դժո­ւար կեան­քին ըն­թաց­քին միշտ ե­ղած է մար­դա­մօտ եւ եր­բեք չէ մոր­ցած իր հա­յու­թիւ­նը։
Ե­լոյ­թի մը ըն­թաց­քին ­Պո­լիս, թէեւ ­Ցի­ցա­նիս ի­րեն ար­գի­լած էր բա­ցա­յայ­տել իր հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը, «­Քա­զապ­լան­քա» ճա­շա­րա­նին մէջ լսե­լով հայ­կա­կան խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ, ­Նի­նու կը դառ­նայ դէ­պի սե­ղա­նին կող­մը ը­սե­լով` «ես ալ հայ եմ»։
­Յա­ջոր­դե­լով խօս­նա­կին` բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ լրագ­րող Ա­տո­նիս ­Վե­տու­րիս։ Ը­սաւ, որ ­Մա­րի­քա ­Նի­նո­ւին կեր­պա­րը կը նե­րառ­նէ հայ եւ յոյն եղ­բայ­րա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու տա­ռա­պանք­նե­րը, ո­րա­կե­լով իր գոր­ծը «բարձ­րա­գոյն ար­ժէ­քա­ւոր», յու­նա­կան եր­գին հա­մար։ Ն­շեց, որ մե­ծա­տա­ղանդ երգ­չու­հին մեկ­նա­բա­նեց ա­ւան­դա­կան, «ռե­պե­թի­քօ»  եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր, գոր­ծակ­ցե­լով հռչա­կա­ւոր ստեղ­ծա­գործ­նե­րու հետ. ե­րա­ժիշտ­ներ Ս­թել­լա­քիս ­Փեր­փի­նիա­տիս, ­Վա­սի­լիս ­Ցի­ցա­նիս, ­Մա­նո­լիս ­Խիո­թիս եւ այլն, խօս­քի հե­ղի­նակ­ներ Էֆ­թի­խիա ­Փա­փաեան­նո­փու­լու եւ ու­րիշ­ներ։
­Յա­ջոր­դա­բար` հան­դի­սա­տես­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան դի­տե­լու յու­նա­կան պե­տա­կան ա­լի­քէն ժա­մա­նա­կին պատ­րաս­տո­ւած հա­ղոր­դում մը, նո­ւի­րո­ւած ­Մա­րի­քա ­Նի­նո­ւին։ ­Կը սկսէր տե­սա­նիւ­թով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ու գաղ­թա­կա­նու­թե­նէն, իսկ ­Կիւ­լա Ա­դա­մեան, ­Նու­նեա Ե­րա­մեան, լրագ­րող Եոր­ղոս ­Քո­տոեան­նիս եւ ե­րա­ժիշտ Է­վա­կե­լիա ­Մար­ղա­րո­նի կը ներ­կա­յաց­նէին դրո­ւագ­ներ երգ­չու­հիին կեան­քէն։ ­Նաեւ հնչե­ցին եր­գեր ­Մա­րի­քա ­Նի­նո­ւի ձայ­նով։
­Զու­գա­հեռ` ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նի ղե­կա­վա­րած նո­ւա­գա­խում­բը, մաէսթ­րօն` «պու­զու­քի», Ա­դամ ­Չա­լը­քեան` «պաղ­լա­մա», Ա­տի­ղո­նի ­Փե­նե­զի` կի­թառ եւ Խ­րի­սի ­Ծաւ­լա` ջու­թակ, ճո­խա­ցու­ցին մթնո­լոր­տը յա­ռա­ջաց­նե­լով յու­զեր ներ­կա­նե­րու սրտե­րուն։ ­Ծա­ւա­լե­լով ի­րենց բարձր տա­ղան­դը կա­տա­րե­ցին ­Մա­րի­քա ­Նի­նո­ւի եր­գե­րէն շա­րան մը` «Παράξενη κοπέλα», «Σεράχ», «Τι σήμερα, τι αύριο, τι τώρα», «Τα καβουράκια», «Αγάπη που ‘γινες», «Είμαστε αλάνια» եւ այլն։ Եր­կու եր­գեր մեկ­նա­բա­նեց նաեւ ծա­նօթ երգ­չու­հի Է­վե­լի­նա Ա­կե­լու. «Κάθε βράδυ πάντα λυπημένη» եւ «Πες μου αν με βαρέθηκες»։
­Միհ­րան ­Չա­լը­քեան բարձր գնա­հա­տեց նաեւ լսա­տե­սո­ղա­կան գոր­ծիք­նե­րու ղե­կա­վա­րու­մը ընկ. ­Սի­մոն Ա­սի­պեա­նին կող­մէն։ Իսկ` անդ­րա­դառ­նա­լով ­Մա­րի­քա ­Նի­նո­ւի կեն­սագ­րա­կա­նին ներ­կա­յա­ցուց ա­ռա­ջարկ` «­Ժա­գին խօս­քին մէջ լսե­ցինք, որ ­Մա­րի­քա ­Նի­նո­ւին դպրո­ցի եր­գի ու­սու­ցի­չը կը սոր­վեց­նէր ման­տո­լի­նօ։ Ու­րեմն ժա­մա­նակն է` հայ­կա­կան նո­ւագ­նե­րու դա­սա­ւան­դու­մը, ինչ­պէս տու­տու­կը, մաս կազ­մէ մեր դպրոց­նե­րու կրթա­կան ծրա­գի­րին»։
­Յա­ջոր­դա­բար` հան­րա­ծա­նօթ ե­րա­ժիշ­տը յոր­դո­րեց հան­դի­սա­տես­նե­րուն, որ ըն­կե­րակ­ցին վեր­ջին եր­գին` «Συννεφιασμένη Κυριακή»։ Այս­պէս ալ, միաս­նա­կան եր­գով ու խան­դա­վառ մթնո­լոր­տով ա­ւար­տե­ցաւ ­Մա­րի­քա ­Նի­նո­ւի ձօ­նո­ւած գե­ղե­ցիկ ե­րե­կոն, ինչ­պէս որ կ­՚ար­ժէր իր ան­մար յի­շա­տա­կին։
­Մի­ջո­ցա­ռու­մը ան­մա­հա­ցաւ Ար­մէն Կտ­կեա­նի տե­սախ­ցի­կի (քա­մե­րա) նկա­րա­հա­նու­մով։
Ծ­րա­գի­րին հիմ­քը դրո­ւած էր, եր­բոր լու­սա­հո­գի ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան եւ ընկ. ­Ժագ ­Տա­մա­տեան, տիկ. ­Սա­թե­նիկ ­Քէօ­սէ­յեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ այ­ցե­լե­ցին ­Կիւ­լա եւ Ար­շա­լոյս Ա­դա­մեան­նե­րուն բնա­կա­րա­նը, ար­ժա­նա­նա­լով ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։