Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 23րդ Ներկայացուցչական Ժողովէն ետք, որ գումարուեցաւ Կիրակի՝ 18 Նոյեմբերին, Աթէնքի մէջ, նորընտիր Շրջանային Վարչութեան թիւ 1 շրջաբերականով միութեան մասնաճիւղներուն թելադրուեցաւ իրենց ընդհանուր ժողովները գումարել՝ յաջորդ երկամեայ նստաշրջանին իրենց նոր վարչութիւնները ընտրելու օրակարգով։
Այսպէս, Ատտիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղը, ի ներկայութեան Շրջանային Վարչութեան, «Սօս-Վանի»ի շրջանաւարտ վարչութեան եւ միութեան անդամներուն, գումարեց իր ժողովը Չորեքշաբթի՝ 5 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թ. եւ Ռ. Աւետիքեան» սրահէն ներս։
Ժողովին բացումը կատարեց շրջանաւարտ վարչութեան ատենապետ ընկ. Ժագ Տամատեան, որ անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ ժողովի օրակարգերուն մասին։
Ապա, ընդհանուր ժողովին դիւան ընտրուեցան ատենապետ ընկ. Ժագ Տամատեան եւ քարտուղար ընկ. Լիլիթ Արզումանեան։ Անցնելով ժողովի օրակարգին գործադրութեան, դիւանը նախ կարդաց նորընտիր Շրջանային Վարչութեան կողմէ մասնաճիւղներուն ու Պարի միաւորին ուղարկուած թիւ 1 եւ 2 Շրջաբերականները։
Թիւ 1 Շրջաբերականը կը վերաբերէր 23րդ Ներկայացուցչական Ժողովէն ընտրուած նորընտիր Շրջանային Վարչութեան կազմին ու դիւանին, իսկ թիւ 2ը Ներկայացուցչական Ժողովի քուէարկուած 16 բանաձեւերուն, որոնք լրիւ կերպով կարդացուեցան՝ ընկերները իրազեկ դարձնելու համար իրենց շրջանային գերագոյն ժողովին կողմէ յառաջիկայ երկու տարուան համար միութեան գործադրելի բանաձեւերուն ու որոշումներու գործադրութեան շուրջ։
Ապա՝ պատգամաւորները յաւելեալ բացատրութիւններ տուին միօրեայ Ներկայացուցչական Ժողովի օրակարգերուն ու աշխատանքներուն կապակցութեամբ։ Հարցումներուն տրուեցան լուսաբանական լայն բացատրութիւններ։
Ընկ. Ժագ Տամատեան նաեւ ժողովականները տեղեակ պահեց Կիրակի՝ 9 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7ին, նոյն ակումբին մէջ, միութեան կողմէ կազմակերպուած Երեւանի հիմնադրութեան 2800ամեակին նուիրուած գեղարուեստական յայտագրով հրապարակային ելոյթին մասին, որ պիտի ընդգրկէ երգ, նուագ, ասմունք, ինչպէս նաեւ՝ «Համազգային»ի «Նանոր» պարախումբի ելոյթ։
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ նոր վարչութեան ընտրութիւն։ Ընտրուեցաւ եօթնանդամ կազմ, որ կը բաղկանայ հետեւեալ ընկեր-ընկերուհիներէն.- Ժագ Տամատեան, Արմիկ Պարազեան, Լիանա Թէհէրեան, Սեւան Մանոյեան, Գարոլին Թութուշեան, Արամ Մուրատեան, Գէորգ Կիւլիւմեան, Լիլիթ Արզումանեան, Հռիփսիմէ Կարապետեան։
Ժողովը վերջ գտաւ վարչութեան կողմէ կազմակերպուած հիւրասիրութեամբ։
ԹՂԹԱԿԻՑ