Շաբաթ՝ 25 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնին մէջ, ի ներկայութեան Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան լրիւ կազմին ու Ֆիքսէն եւ Գոքինիայէն համազգայնականներու, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի անդամական ժողովը՝ յատուկ օրակարգերով։ Ժողովին կը մասնակցէր նաեւ նախկին յունահայ՝ Գանատա ապրող ու հիւրաբար Աթէնք գտնուող տաղանդաւոր գծագրիչ ու համազգայնական ընկ. Կարօ Մարկոսեան, որ իր գաղափարներով եւ առաջարկներով՝ հաղորդակից դարձաւ ժողովի օրուան նիւթերուն։
Ատիկէի մասնաճիւղի ժողովին բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ ընկ. Ժագ Տամատեան, որ խօսեցաւ վարչութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն, ժողովական կեանքին, գաղութային կեդրոնական ու շրջանային ձեռնարկներուն վարչութեան մասնակցութեան, հրաւէրներու ընդառաջման մասին։ Յայտնեց, թէ Համազգայինի 20րդ եւ 21րդ արտակարգ Ներկայացուցչական Ժողովներէն ետք, վարչութիւնը զբաղեցաւ բանաձեւերով ու Շրջանային Վարչութեան կողմէ վարչութեանց յղուած կանոնագրային հարցերով։
Վարչութեան գլխաւոր աշխատանքներէն եղան՝ հինէն եկող միութեան անդամացանկներու յստակացումը, անդամատուրքի գանձումը եւ նոր անդամներու ներգրաւումն ու արձանագրութիւնը։
Վարչութիւնը նաեւ, Կիրակի օր, իր անդամներով մասնակցեցաւ Յունաստանի մէջ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած ֆոնեթոնի տարեկան հանգանակութեան, որուն կատարեց նաեւ խորհրդանշական նուիրատուութիւն մը։
Ընկ. ատենապետը եզրափակեց իր խօսքը՝ անդրադառնալով ապագայ ծրագրումներու, ինչպէս յառաջիկային կազմակերպուիլիք հայ գրականութեան ու արուեստի տիտաններու յոբելինական հրապարակային երեկոյի մը։
Հարցումներու պատասխանելէ ետք, խօսքը փոխանցեց վարչութեան գանձապահ ընկ. Գէորգ Կիւլիւմեանին։
Ընկերը ներկայացուց միութեան գանձային պատկերը եւ ներկայի նիւթական պատկերը եւ ապագայի նախատեսումները։
Վարչական քարտուղարուհի եւ անդամներ՝ ընկերուհիներ Լիլիթ Արզումանեան եւ Արմիկ Պարազեան ընթերցեցին Շրջանային վարչութեան կողմէ ուղարկուած երկու գրութիւններ, որոնցմէ առաջինը կ’անդրադառնար 2017ի ամառը Շրջանային Վարչութեան կողմէ կազմակերպուած դէպի Հայաստան եւ դէպի Պելճիքա գործուղումներու։
Առաջինը՝ մեր պարախումբի օգնականներէն ընկ. Արմինէ Մկրտչեան, որ մասնակցեցաւ սփիւռքի նախարարութեան պարային 15օրեայ դասընթացներու եւ վերաորակաւորման բարձր մակարդակի սեմինարի մը, որ իր անմիջական օգտակարութիւնը պիտի ունենայ մեր պարախումբերու ապագայ դաստիարակութեան ու գործունէութեան։
Երկրորդը՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած 2օրեայ Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովին, եւ երրորդը՝ Պրիւքսէլի մէջ կայացած Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած Եւրոպայի հայութեան կառոյցներու 2օրեայ 4րդ համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Պելճիքայի հայութեան մայրաքաղաքի կեդրոնատեղիին ու Եւրոպական Միութեան հանդիսասրահներուն մէջ, մասնակցութեամբ հարիւրի մօտ համայնքային ներկայացուցիչներու, եւ որուն ներկայ գտնուեցան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Արամ Ա., Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, Արցախի ներկայացուցիչը՝ եւրոպական կառոյցներու մօտ, Պելճիքայի մօտ Հ.Հ. դեսպանը, օտար եւրոերեսփոխաններ, կուսակցական ներկայացուցիչներ, հայ թէ օտար կառոյցներու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, դասախօսներ ու միութեանց ներկայացուցիչներ։
Կարդացուեցաւ նաեւ Շրջանային Վարչութեան կողմէ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութեան յառաջիկայ տարուան ¥2018ին¤ միութեան հիմնադրութեան 90ամեակի ծրագիրը եւ լսուեցան ընկերներու առաջարկները՝ ապագայ գործունէութեան հեռանկարով։
Այնուհետեւ, ժողովը նոր փուլի մը մէջ մտնելով՝ ցուցադրուեցաւ մօտ 20 վայրկեան տեւողութեամբ տեսաերիզ մը՝ ուղարկուած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ, որ կ’անդրադառնար Լիբանանի մէջ հայ կրթարաններու եւ ուսումնարաններու կեանքին (դպրոց-դասընթացք-գրադարան-երաժշտանոց-երգչախումբ-պարախումբեր-գծագրական դպրոց-տպարան եւ հրատարակչութիւն), որու ընթացքին խօսեցան խմբավարներ, պարուսոյցներ, ուսանողական Forumի պատասխանատուներ, դաստիարակներ եւ աշակերտներ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հին եւ նոր վարչական անդամներ։ Տեսաերիզը ծանրացաւ Կեդրոնական Վարչութեան անմիջական հովանաւորութեան տակ առնուած Պէյրութի Նշան Փալանճեան, ապա՝ Մելանգթոն Ասլանեան ճեմարանին, հիմնադիրներուն՝ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի, Պէյրութի հայ թատրոնի հիմնադիր Գասպար Իփէկեանի եւ երկարամեայ վաստակաւոր բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի, Ճեմարանի տնօրէններ Սիմոն Վրացեանի, Մուշեղ Իշխանի, Գառնիկ Բանեանի, Հրաչ Տասնապետեանի, Վահէ Սէթեան տպարան-հրատարակչանի վրայ։
Վարչութեան ատենապետը ժողովի աւարտին խօսքը փոխանցեց Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկ. Վերժին Տէր-Յովակիմեանին, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց Յունաստանի մէջ գործող Համազգայինի միութենական կառոյցները (Ատիկէ-Թեսաղոնիկէ-Սերէս-Ալեքսանտրուպոլիս-Ռոտոս)։ Յայտնեց, թէ աշխատանք կը տարուի ապագային նոր մասնաճիւղեր հիմնելու, ինչ որ պիտի հաղորդուի իր ժամանակին։
Ընկ. Տէր-Յովակիմեան յայտնեց, թէ միութեան հովանիին տակ կը գործեն քառաձայն երգչախումբ, 3 մակարդակի պարախումբեր, թատերախումբ ու երաժշտանոց, որ վերակազմակերպման ընթացքի մէջ կը գտնուի։ Ան նշեց, թէ մեր պարախումբերը արձանագրուած են ու կþանդամակցին UNESCOի պարի միջազգային CID կազմակերպութեան։ Այս կազմակերպութեան համար պատրաստած ենք հայերէն լեզուով կանոնագրութիւն, որպէսզի անոնք կ’օգտագործեն իրենց համաշխարհային ցանցին համար։
Միութեան 5 տարբեր կառոյցներ ունին իրենց դիմատետրը։
Ընկերուհին յայտնեց, թէ Շրջանային Վարչութիւնը պատրաստած է Ծրագիր-Կանոնագիր եւ Ժողովավարական Կանոններ, որոնք ի մօտոյ պիտի տպագրուին առանձին գրքոյկներով, ու պիտի յանձնուին բոլոր վարչութիւններուն ու անդամներուն։
Աւարտելէ առաջ իր խօսքը ամփոփ կերպով ներկայացուց՝ 2018ի համար Շրջանային վարչութեան կողմէ նախապատրաստուող երկու տարբեր մակարդակներու հայերէն լեզուի դասընթացքներու մասին։
Զեկոյցներու աւարտին տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն՝ պատրաստուած «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն կողմէ եւ բոլոր ներկաները երկար մնացին սրահ՝ կարծիքներ փոխանակելով օրուան ներկայացուած նիւթերուն շուրջ։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ