­­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բե­րու կազ­մա­կեր­պած ե­լոյ­թէն յե­տոյ, ժա­մա­նա­կի ո­րոշ հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը փոր­ձեմ ամ­փո­փել միտ­քերս, գու­նա­գեղ պատ­կեր­ներ բե­րե­լով աչ­քիս առ­ջեւ, ո­րոնք կը շա­րու­նա­կեն զիս հմա­յել ու խան­դա­վա­ռել:
­­Վեց ա­միս ա­ռաջ, ա­ռի­թը ու­նե­ցած էի վա­յե­լել ­­Հա­մազ­գա­յի­նի «­­Նա­յի­րի», «­­Նա­նօր» եւ «­­Մա­րա­լօ» պա­րա­խում­բե­րու տպա­ւո­րիչ հա­մոյ­թը ա­մե­րի­կեան գո­լէ­ճի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, սրա­հէն մեկ­նած էի լա­ւա­գոյն տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով, եւ ա­հա՝ մօտ վեց ա­միս ետք, ­­Հա­մազ­գա­յի­նը դար­ձեալ հրա­ւէր կը ղրկէր հան­րու­թեան ըն­բոշխ­նե­լու նմա­նօ­րի­նակ ե­լոյթ մը, ո­րուն վեր­նա­գի­րը եւս նոյ­նը կը մնար, նա­խորդ ե­լոյ­թին նման: ­­Սա­կայն տպա­ւո­րու­թիւն­ներս շրջա­դար­ձ ըրին երբ ար­դէն ձեռքս ե­կաւ գե­ղա­տիպ յայ­տա­գի­րը, ո­րուն մէջ պա­րե­րու փուն­ջը տար­բեր ձե­ւա­ւո­րում ստա­ցած էր, մինչ երկ­րորդ բա­ժի­նը՝ բե­մա­կա­նա­ցո­ւած «Ա­նի­ծո­ւած նու­ռը», կու գար յի­շեց­նե­լու ա­ռա­ջին ներ­կա­յաց­ման տպա­ւո­րիչ պատ­կե­րը:
­­Վեց ամ­սո­ւան մէջ, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րու­սոյց ընկ. Էտ­կար Է­կեան եւ իր օգ­նա­կա­նը ընկ. Ան­նա ­­Պօ­ղո­սեան բո­լո­րո­վին տար­բեր, ա­ւե­լի ճոխ, ա­ւե­լի լաւ պատ­րաս­տո­ւած յայ­տա­գիր մը կա­րո­ղա­ցան պատ­րաս­տել, որ ժո­ղո­վուր­դը ամ­բողջու­թեամբ հմա­յեց ու տպա­ւո­րեց: Ան­շուշտ՝ պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ նաեւ ­­Փի­րէա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­կան թատ­րո­նի բա­ցա­ռիկ գրաւ­չու­թիւ­նը, լայն բե­մի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ մաս­նակ­ցող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ա­ւե­լի ինք­նավս­տահ հաս­տա­տու­մը բե­մին վրայ:
­­Կի­րա­կի, 15 ­­Հոկ­տեմ­բեր 2023-ի ե­րե­կո­յեան, ­­Փի­րէա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­կան թատ­րո­նը լիո­վին լե­ցուն նկար մը կը ներ­կա­յաց­նէր: ­­Մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ, ծնող­ներ, մշա­կու­թա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւն մը ներ­կայ ե­ղան եւ ջեր­մօ­րէն գնա­հա­տե­ցին կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը: ­­Պա­րա­յին հա­մոյ­թը սոսկ ե­լոյթ մը չէր, այլ ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւած էր Ար­ցա­խի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման, զօ­րակ­ցու­թեան ու­ժեղ ար­տա­յայ­տու­թիւն մըն էր Ար­ցա­խէն ար­մա­տա­խիլ դար­ձած հա­յու­թեան հա­մար, որ Ատրպէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով, ստի­պո­ւած ե­ղաւ լքել իր բազ­մա­դա­րեայ օ­ճախ­նե­րը, թշնա­միի վայ­րագ ծրա­գիր­նե­րուն զոհ դարձ­նել իր հնա­մեայ պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը, ե­տին թող­նե­լով հող, տուն եւ ար­մատ:
Ե­լոյ­թը ի­րենց ներ­կա­յու­թամբ պա­տո­ւե­ցին ­­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ արք. ­­Խա­չե­րեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան փոխ ա­տե­նա­պետ պ. ­­Նա­զար Ա­ւա­գեան, Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Կ.Կ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Յա­րու­թիւ­նեան, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ թատ­րո­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տնօ­րէ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ այլ յոյն հիւ­րեր:
Ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին ընկ. ­­Վեր­ժին ­­Կա­րա­պե­տեան եւ ընկ. Ան­թօ ­­Շահ­պա­զեան, ո­րոնք հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով փոխն ի փոխ ներ­կա­յա­ցու­ցին ե­լոյ­թին նպա­տա­կը, անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին Ար­ցա­խի ող­բեր­գու­թեան, միա­ժա­մա­նակ ու­ղերձ ղրկե­ցին մարտն­չող հա­յու­թեան, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը միա­կամ ո­գիով պի­տի շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րիլ իր ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման հա­մար:
­­Թատ­րո­նի տա­րա­ծուն բե­մին վրայ ա­ւե­լի քան 70 ե­րի­տա­սարդ­ներ ծա­ւա­լե­ցին ի­րենց պա­րա­յին հմտու­թիւ­նը, առ­նա­կան շար­ժու­ձե­ւե­րով եւ նուրբ շար­ժում­նե­րով, տա­լով հայ­կա­կան պա­րե­րու հա­րա­զատ ո­գին, հայ­րե­նի­քի լեռ­նե­րու հմայ­քը, կա­պու­տան եր­կին­քի պայ­ծա­ռու­թիւ­նը, հո­ղի ու­ժը, հայ գիւ­ղա­ցիի ա­նա­րատ ո­գին, վեր­ջա­պէս՝ հայ ժո­ղովր­դա­յին ա­րո­ւես­տի ամ­բողջ ծաղ­կա­քաղ մը, որ ե­րան­գա­ւո­րո­ւած էր հայ­րե­նի աշ­խար­հի պատ­կեր­նե­րով: Եր­կու պա­րու­սոյց­նե­րը խնա­մո­ւած ու լա­ւա­պէս ծրագ­րո­ւած յայ­տա­գիր մը պատ­րաս­տած էին: ­­Հայ­րե­նի աշ­խար­հի տար­բեր մա­սե­րը՝ Ար­ցախն ու պատ­մա­կան ­­Հա­յաս­տա­նը տեղ գտած էին բե­մին վրայ՝ յատ­կանշա­կան պա­րե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով: ­­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ող­բեր­գու­թիւ­նը եւ ա­նոր փա­ռա­պանծ վե­րա­զարթ­նու­մը եւս կազ­մե­ցին պա­րե­րու շա­րա­նի մա­սը, բո­լո­րը տպա­ւո­րիչ եւ խան­դա­վառ զգա­ցում­ներ պատ­ճա­ռե­լով ներ­կա­նե­րուն:
­­Միայն հայ պա­րը չէր դե­րա­կա­տա­րը: ­­Բե­մին վրայ տաս­նեակ պա­տա­նի­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մա­խումբ եւ կշռո­ւած շար­ժում­նե­րը միայն ո­գե­ւո­րու­թիւն կրնան պատ­ճա­ռել հան­դի­սա­տե­սին: ­­Պա­րու­սոյց ­­Յո­վիկ ­­Խա­չի­կեա­նով սկսած եւ մեր նո­րօ­րեայ պա­րու­սոյց­նե­րով շա­րու­նա­կո­ւող ա­ւան­դը կը մնայ մեր գա­ղու­թի մշա­կու­թա­սէր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ներշն­չող ու ոտ­քի հա­նող շար­ժա­ռի­թը: Այս ա­ւան­դը ի գին ա­մէն զո­հո­ղու­թեան պէտք է պահ­պա­նո­ւի, ո՛չ միայն վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով ու նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեամբ, այ­լեւ ժո­ղո­վուր­դի, ծնող­նե­րու եւ ըն­տա­նիք­նե­րու ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թեամբ ու կապ­տու­մով:
Ալ ինչ ը­սել յայ­տա­գի­րի երկ­րորդ բա­ժի­նին մա­սին: ­­Տե­սած էինք «Ա­նի­ծո­ւած նուռ»-ը քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ: ­­Սա­կայն, այս ան­գամ եւս նոյն յու­զումն ու ջի­ղե­րու պռկու­մը հա­մա­կեց բո­լո­րին: ­­Մին­չեւ վեր­ջին ման­րա­մաս­նու­թիւն լա­ւա­պէս պատ­րաս­տո­ւած բե­մադ­րու­թիւ­նը, պա­րա­յին շար­ժու­ձե­ւե­րը, դրո­ւա­գը պատ­մո­ղին ձայ­նը, եր­կու դե­րա­կա­տար­նե­րը, փոք­րե­րու ու մե­ծե­րու յա­ջոր­դա­կան ե­րե­ւում­նե­րը, կա­տա­րե­լա­պէս հա­մադ­րո­ւած, գրե­թէ կա­տա­րեա­լին հաս­նող ներ­կա­յաց­ման յա­ջո­ղու­թեան սա­տա­րե­ցին: ­­Պատ­մու­թիւնն ու ա­ռաս­պե­լը ի­րար միա­խառ­նո­ւած, մեզ տա­րին դէ­պի հայ­րե­նի լեռ­նե­րու ու գիւ­ղե­րու մի­ջա­վայ­րը, պատ­մա­կան ա­ւան­դու­թիւ­նը վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լով մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ:
Ե­լոյ­թի սկիզ­բը, ներ­կա­նե­րուն բաժ­նո­ւե­ցաւ գե­ղա­տիպ յայ­տա­գիր մը, ո­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած էին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բե­րու մա­սին, նաեւ՝ պա­րու­սոյց­նե­րու կեն­սագ­րու­թիւ­նը, դե­րա­կա­տար­նե­րու ա­նուն­նե­րը, վար­չա­կան միա­ւոր­նե­րը եւ բազ­մա­թիւ նկար­ներ:
Ե­լոյ­թի մը թո­ղած սոսկ տպա­ւո­րու­թեան վրայ գրո­ւած չեն այն մտա­ծում­նե­րը: Ա­նոնք քա­ջա­լե­րան­քի եւ գնա­հա­տան­քի նո­ւա­զա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կը կազ­մեն միու­թեան մը հան­դէպ, որ սփիւռ­քեան այ­լա­սե­րիչ ի­րա­կա­նու­թեան տակ, կը շա­րու­նա­կէ յա­մա­ռօ­րէն տքնիլ հայ մշա­կու­թա­յին գան­ձե­րու պահ­պահ­ման ու տա­րած­ման հա­մար: ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­մազ­գա­յի­նը, հա­ւա­տա­րիմ միու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րու կտա­կին, կը շա­րու­նա­կէ իր եր­թը՝ 95-ա­մեայ պատ­մու­թեան տէր կանգ­նե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ:
­­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ