Ըն­դա­ռա­ջե­լով հրա­ւէր­նե­րու՝ ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Նա­յի­րի» եւ «­Նա­նոր» պա­րա­խումբ­նե­րը հայ մշա­կոյ­թը ներ­կա­յա­ցու­ցին հա­մայն­քա­յին կեան­քէն, ինչ­պէս նաեւ Ա­թէն­քի եւ յա­րա­կից շրջան­նե­րէ ներս: ­Հայ­կա­կան ու ժո­ղովր­դա­կան, ա­ւան­դա­կան, նաեւ ժա­մա­նա­կա­կից երգ ու պա­րի, ազ­գա­յին տա­րա­զի հայ­կա­կան շուն­չով՝ մթնո­լորտ եւ ո­րակ հա­ղոր­դե­ցին յոյն եւ օ­տա­րազ­գի հան­դի­սա­տե­սին՝ ար­ժա­նա­նա­լով ներ­կա­նե­րու, ա­պա եւ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու գնա­հա­տան­քին:

 

Սի­նեւ­րօ — «Ա­ւան­դա­կան պա­րե­րու 2րդ մ­շա­կու­թա­յին փա­ռա­տօն»

­Շա­բաթ՝ 7 ­Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տեան, «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բը պա­րու­սոյ­ցի, ա­տե­նա­պե­տի եւ միա­ւո­րի ան­դամ­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ դէ­պի ­Փե­լո­բո­նէ­սի Ա­խա­յիա ­Նա­հան­գի «­Սի­նեւ­րօ» գիւ­ղը, ուր կը գտնո­ւի նաեւ հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան ո­ճով կա­ռու­ցո­ւած Ս. ­Խաչ մա­տու­ռը: Այս դրախ­տա­վայ­րի, ինչ­պէս որ կը նկա­րագ­րեն այ­ցե­լու­նե­րը, սե­փա­կա­նա­տի­րոջ՝ ծա­նօթ հայ ա­րո­ւես­տա­գէտ ­Մար­տիկ ­Մա­նի­կեա­նի հրա­ւէ­րով էր, որ երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով «­Հա­մազ­գա­յին»ի պա­րա­խում­բը կը մաս­նակ­ցէր «Ա­ւան­դա­կան պա­րե­րու 2րդ մ­շա­կու­թա­յին փա­ռա­տօն»ին:
Ե­լոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան, հա­մա­լի­րին բա­ցօ­թեայ ամ­ֆի­թատ­րո­նին մէջ: «­Նա­յի­րի» երկ­սեռ պա­րա­խում­բը հան­դես ե­կաւ «­Քեր­ծի», «­Շա­տա­խի», «­Դա­ւիթ ­Բէկ», «­Մենք ենք, մեր սա­րե­րը» գե­ղե­ցիկ բե­մադ­րո­ւած պա­րե­րով (­Պա­րու­սոյց՝ Էտ­կար Է­կեան): ­Փա­ռա­տօ­նին կը մաս­նակ­ցէին նաեւ Է­ղիո­յէն, ­Փաթ­րա­յէն, Կ­րե­տէ կղզիէն եւ այլ շուրջ 10 գիւ­ղե­րէ ու շրջան­նե­րէ ժա­մա­նած պա­րա­խումբ­ներ: ­Յա­ջորդ օ­րը, պա­րա­խում­բի եւ վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը կա­տա­րե­ցին նաեւ շրջապտոյտ մը՝ այ­ցե­լե­լով հա­մա­լի­րի զոյգ ազ­գագ­րա­կան թան­գա­րան­նե­րը, Ս. ­Խաչ հայ­կա­կան մա­տու­ռը եւ բնու­թեան գե­ղա­տե­սիլ այլ վայ­րեր, ա­պա՝ ծո­վա­փը լո­ղա­լէն եւ ճա­շէն ետք՝ վե­րա­դար­ձան:

Ե­լոյթ՝ ­Գա­րէա

­Նոյն օ­րը, ­Շա­բաթ՝ 7 ­Յու­լի­սի ե­րե­կո­յեան, ­Գա­րէա­յի «Ս. ­Սա­հակ եւ Ս. ­Մես­րոպ» խո­րա­նի օծ­ման եւ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան Բ. տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ­Սուրբ ­Պա­տա­րագ եւ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւն ­Գա­րէա­յի «Ա­զա­տա­մարտ» ա­կում­բէն ներս:
«­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Նա­նոր» պա­րա­խում­բը՝ ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Գա­րէա-­Կե­սա­րիա­նիի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րին, «­Շա­տա­խի», «­Փա­փու­րի» եւ «­Ծաղ­կա­ձոր» պա­րե­րով, ա­կում­բի բա­ցօ­թեայ դաշ­տին մէջ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ եւ կեն­սու­րա­խու­թիւն, ժպիտ պար­գե­ւեց ներ­կա­նե­րուն՝ պա­տա­նի պա­րու­հի­նե­րու գե­ղե­ցիկ պա­րը լու­սա­ւո­րեց եւ ջեր­մա­ցուց հո­գի­նե­րը (­Պա­րու­սոյց՝ Ան­նա ­Պօ­ղո­սեան):
­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, որ նա­խա­գա­հեց Ս. ­Պա­տա­րա­գին եւ ներ­կայ ե­ղաւ մա­տա­ղօրհ­նու­թեան տօ­նախմ­բու­թեան, իր խօս­քին մէջ յա­տուկ շնոր­հա­ւո­րեց «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Նա­նոր» պա­րա­խում­բի պա­րու­հի­նե­րու ե­լոյ­թը՝ մաղ­թե­լով ա­նոնց յա­րա­տեւ յա­ջո­ղու­թիւն: Շ­նոր­հա­ւո­րան­քի եւ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ուղ­ղե­ցին նաեւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան եւ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­սա­տուր Ե­զե­կիէ­լեան։ ­Ներ­կայ գտնո­ւե­ցան նաեւ ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, ինչ­պէս եւ տեղ­ւոյն ու շրջան­նե­րէն ժա­մա­նած հայ­րե­նա­կից­ներ։
Ե­րե­կոն ըն­թա­ցաւ գե­ղե­ցիկ ժա­ման­ցով, ա­պա՝ ընթ­րի­քի հիւ­րա­սի­րու­թեան հրա­ւի­րո­ւե­ցան մեր պա­րու­հի­նե­րը։

­Նի­քո­լէյ­քա — «Ա­ռա­ջին ման­կա­կան հա­մաշ­խար­հա­յին փա­ռա­տօն»

­Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան՝ 21 ­Յու­լիս 2018ին, Ա­խա­յիա շրջա­նի ­Նի­քո­լէյ­քա ծո­վափ­նեայ գիւ­ղին մէջ, «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Նա­նոր» պա­րա­խում­բը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մաս­նակ­ցե­ցաւ ա­ռա­ջին «ման­կա­կան հա­մաշ­խար­հա­յին փա­ռա­տօն»ին։
«­Շատ ան­գամ­ներ հրա­ւէր ստա­ցած ենք եւ «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բը ե­լոյթ ու­նե­ցած է այս փա­ռա­տօ­նին՝ «Ա­ւան­դա­կան պա­րե­րու փա­ռա­տօն» խո­րա­գի­րով: Այս տա­րի, սա­կայն, փո­խա­կեր­պո­ւած ման­կա­կան փա­ռա­տօ­նի ա­նո­ւան ներ­քոյ՝ ա­ռա­ջին ան­գամն էր, որ մաս­նակ­ցե­ցաւ «­Նա­նոր»: Ն­ման փա­ռա­տօն­նե­րուն «­Հա­մազ­գա­յին»ի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը շատ կա­րե­ւոր է, յատ­կա­պէս նոր յա­րա­բե­րու­թիւ­ներ, ծա­նօ­թու­թիւն­ներ, շփում ձեռք բե­րե­լու նպա­տա­կով զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ, ինչ որ ա­պա­գա­յին կրնայ նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծել մեր հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի տա­րած­ման եւ ներ­կա­յաց­ման հա­մար».- դի­տել կու­տայ պա­րա­խում­բի միա­ւո­րի ա­տե­նա­պետ Անդ­րա­նիկ ­Շահ­պա­զեան։
Հ­րա­պա­րա­կի բա­ցօ­թեայ բե­մին վրայ, «­Նա­նոր» պա­րա­խում­բը հան­դէս ե­կաւ չորս պա­րե­րով՝ «­Մենք ենք, մեր սա­րե­րը», «­Դա­ւիթ ­Բէկ», «­Ծաղ­կա­ձոր» եւ «­Փա­փու­րի», պա­րու­սոյց Ան­նա ­Պօ­ղո­սեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ: ­Փա­ռա­տօ­նին ի­րենց ազ­գա­յին, ա­ւան­դա­կան եւ ժո­ղովր­դա­կան պա­րե­րով կը մաս­նակ­ցէին նաեւ ­Սեր­պիոյ, ­Պուլ­կա­րիոյ, Պ­րա­զի­լի, ­Չի­նաս­տա­նի եւ այլ եր­կիր­նե­րու պա­րա­խումբ­ներ:
Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին «­Հա­մազ­գա­յին»ի պա­րա­խում­բի միա­ւո­րի վար­չու­թեան ան­դամ­ներ ը­րին կա­րե­լին՝ մաս­նա­կից­նե­րուն ժա­մա­նա­կը հե­տաքրքիր, օգ­տա­ւէտ եւ յի­շար­ժան դարձ­նե­լու հա­մար, որ­պէս­զի հայ պա­տա­նիին փա­փա­քը եւ սէ­րը, օ­տար եր­կիր­նե­րու մէջ, ա­մուր եւ կա­պո­ւած մնան հայ­կա­կան ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րին, մշա­կոյ­թին եւ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գա­ղա­փա­րին:
­Բա­ցատ­րե­լով, թէ ի՛նչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի նման փա­ռա­տօն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ ո՛րն է նպա­տա­կը՝ պա­րու­սոյց Էտ­կար Է­կեան կ’ը­սէ.- «­Շատ տար­բեր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի «­Հա­մազ­գա­յին»ի պա­րա­խումբ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րէ հրա­ւէր ու­ղար­կած փա­ռա­տօն­նե­րուն, մշա­կու­թա­յին ե­րե­կո­նե­րուն եւ գա­ղու­թա­յին կեան­քէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող ձեռ­նարկ­նե­րուն։ ­Պա­րա­խում­բի մը հա­մար յոյն եւ օ­տար հան­դի­սա­տե­սին առ­ջեւ ե­լոյ­թը ա­ւե­լի նշա­նա­կա­լի կը նկա­տո­ւի՝ այն ա­ռու­մով, որ կը զգայ մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն հայ մշա­կոյթն ու ա­րո­ւես­տը, ­Հա­յաս­տան ա­նու­նը ճա­նա­չե­լի եւ լսե­լի դարձ­նե­լու ան­գամ մը եւս օ­տա­րին առ­ջեւ: Իսկ հա­մայն­քէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող մեր ե­լոյթ­նե­րու ժա­մա­նակ, «խան­դա­վա­ռու­թիւն» բա­ռը ա­մէ­նէն յար­մար բնո­րո­շումն է՝ այն ի­մաս­տով, որ տես­նե­լով ի­րենց զա­ւակ­նե­րու, թոռ­նե­րու, քոյր-եղ­բայր­նե­րու պա­րը՝ կ­՚արթնց­նէ յի­շո­ղու­թիւն­ներ հայ­րե­նի­քէն, ա­ւան­դոյթ­նե­րէն: Այս­պի­սով, ի­րենց խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու հետ միա­սին մե­զի կը փո­խան­ցո­ւի եւ փո­խա­դար­ձա­բար կը յու­զէ, կ­’ո­գե­ւո­րէ՝ մենք ալ կ­՚ապ­րինք ժո­ղո­վուր­դին զգա­ցում­նե­րը:
«Ամ­փո­փե­լով՝ կ­՚ու­զէի ը­սել, որ պա­րա­խում­բը ու­նի ե՛ւ յու­զու­մի, ե՛ւ խան­դա­վա­ռու­թեան կա­րի­քը, սա­կայն զու­գա­հե­ռա­բար, նպա­տակն է՝ ­Յու­նաս­տա­նի ա­մե­նա­հե­ռա­ւոր ան­կիւ­նին ան­գամ ներ­կա­յաց­նել հայ­կա­կան մշա­կոյթն ու ա­ւան­դոյթ­նե­րը»:

«­Հա­մազ­գա­յին»ի թղթա­կից