Շաբաթ, 25 Մայիսին տեղի ունեցաւ Համազգայինի պարախումբի տարեկան ճաշկերոյթը, «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս։ Մարզադաշտը լեցուած էր մշակութասէր հասարակութեամբ եւ պարողներու հարազատներով, վայելելու համար ազգային պար ու երգ եւ համտեսելու աւանդական ճաշատեսակներ։
Երեկոյթը սկսաւ «պատուոյ հիւրերով», Նիքէա-Քորիտալոս շրջանի Պոնտոսցիներու միութեան ելոյթով։
Մեր պոնտացի եղբայրները ճոխացուցին յայտագիրը իրենց աւանդական երգով ու պարով, արժանանալով ներկաներու ջերմ ընդունելութեան։ Պարի միաւորի ատենապետ ընկ. Անդրանիկ Շահպազեան անդրադարձաւ Պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան 105-անեակին, որ գործադրուեցաւ քեմալականներէն եւ կը նշուի 19 Մայիսին եւ Թէոտորոս Մագրիտիս նախագահին յանձնեց Համազգայինի յուշատախտակը։
Ապա` դահլիճը հեղեղուեցաւ մեր գեղեցիկ երիտասարդութեան շունչով ու ոգիով։ «Մարալօ»-ն ելոյթ ունեցաւ «Հովիւներ» եւ «Զարթօնք» պարերով, իսկ «Նանօր»-ը` «Հզօր Հայաստան», «Ծաղկաձորի» եւ ազգային պարերու շարանով։ «Նայիրի»-ն հանդէս եկաւ «Թամզարա» եւ «Եարխուշտա» պարերով, ներկայացնելով հանդերձ դրուագներ «Անիծուած նուռ 2» համոյթէն, որ տեղի պիտի ունենայ յաջորդիւ։
Անշուշտ հարկ է նշել, որ այս տպաւորիչ ներկայութեան համար լայնածաւալ աշխատանք տարուեցաւ նաեւ պարուսոյցներու կազմէն, որուն կը գլխաւորէ բոլորի կողմէն ճանաչուած ընկ. Էտկար Էկեան։
Յաջորդեցին ազգային ու ժողովրդական երգեր Արմինէ Պարիգեանի կողմէն։ Երեկոյթի անակնկալը` «Պարտէզում վարդ է բացուել» երգի գեղեցիկ կատարումով, ընկ. Աննա Պօղոսեանի հրապուրիչ պարը։ Այս երեկոյին` «Նանօր» խումբի ղեկավարը հանդիսատեսին գրաւեց ոչ միայն պարուսուցութեամբ, այլ նաեւ իր ինքնաբուխ մենապարով։
Ծանօթ մեկնաբանի երգին երբեմն ընկերացաւ մեր սիրելի ընկ. Յովսէփ Թօփալեանը, յատուկ ու բազմատեսակ իր դերով, մեներգով ու հնչիւնային գործիքներու դասաւորումով։ Երգեց նաեւ հայազգի երգչուհի` Մարղարիթա Խիօնիտի։
Այսպիսի միջոցառումներու ընթացքին, յատուկ տեղ ունի վիճակահանութիւնը։ Օրուան բախտաւորները ստացան ճոխ նուէրներ, տրամադրուած հայ եւ յոյն գործարարներու կողմէն։
Խրախճանքը աւարտեցաւ ուշ ժամերուն` երգ ու պարով, ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Յուսադրիչ երիտասարդական ու մշակութային երեկոյթը ներշնչեց ուրախութեան զգացումներ։
Պարը միշտ բարձր կը մնայ հայ արուեստի մէջ, յուզեր յառաջացնելով մասնակիցներուն ու հանդիսատեսներուն հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, արժանանալով հիացմունքի նաեւ օտարազգի անձերէ։
Վարձքը կատար բոլորին։
Համազգայինի թղթակից ընկ. Ժագ Տամատեան